«Դուք շնորհքի հոսանք էք ողջ Եկեղեցւոյ Համար» Լեւոն ԺԴ. «Կաթողիկէ Խարիզմադիկ Նորոգում» շարժումին
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 30 Մայիսին, առաւօտեան, Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց «Կաթողիկէ Խարիզմադիկ Նորոգում - Rinnovamento Carismatico Cattolico» եկեղեցական շարժումի անդամներն ու ներկայացուցիչները, որոնց շարքին էին CHARIS միջազգային ծառայութեան պատասխանատուները, աշխարհասփիւռ համայնքներու, աղօթքի խումբերու եւ աւետարանչութեան դպրոցներու ղեկավարները։
Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ, Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց շարժումին հոգեւոր կենսունակութիւնը՝ յատուկօրէն ընդգծելով անոր դերն ու առաքելութիւնը արդի աշխարհիկացած հասարակութեան մէջ։
«Շնորհքի Հոսանքը»
Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամին մէջ յիշեցուց Վատիկանեան Բ. Ժողովէն ետք այս շարժման արձանագրած աճն ու եկեղեցական կեանքին մէջ անոր համարկումը։ Ան մէջբերեց իր նախորդներուն վկայութիւնները, նշելով որ Սուրբ Պօղոս Զ., շեշտած էր այս հոգեւոր նորոգութեան անհրաժեշտութիւնը արդի աշխարհին համար, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ., որ կոչ ուղղած էր երբեք չլռելու եւ աւետարանչական զօրութեամբ գործելու, Պենետիկտոս ԺԶ., արժեւորած էր Սուրբ Հոգիի շնորհքներու (կարիզմաներու) արդիականութեան վերահաստատումը, մինչ
Ֆրանչիսկոս Պապը այս հոգեւոր շարժումը բնորոշած էր որպէս «շնորհքի հոսանք մը ամբողջ Եկեղեցիին համար»՝ հիմնուած պաշտամունքի, աղքատներու խնամքի եւ հոգեւոր տիեզերականութեան (ecumenism) վրայ։
Հոգեւոր փորձառութեան Հինգ Առանցքները
Իր խորհրդածութեան մէջ Սրբազան Քահանայապետը խօսքը կեդրոնացուց կարգ մը կէտերու վրա-
Մկրտութիւն Սուրբ Հոգիով. Անձնական հանդիպում Աստուծոյ սիրոյն հետ, որ կը վերափոխէ կեանքը։ Քահանայապետը մէջբերեց Սուրբ Օգոստինոսի «Խոստովանութիւններ»-ը՝ յիշեցնելով, թէ ինչպէս աստուածային քաղցրութիւնը կը փարատէ աշխարհիկ ունայնութիւնները։
Օրհնաբանութեան Աղօթք. Տպաւորիչ եւ անկեղծ երկխօսութիւն Աստուծոյ հետ, որ վերջին տարիներուն շարժման շնորհիւ վերստին կարեւորուեցաւ քրիստոնէական աղօթքի մէջ։
Աստուծոյ Խօսքը. Սուրբ Գիրքին հետ կենդանի հանդիպում, որ կը դառնայ հոգեւոր սնունդ եւ առօրեայ ընտրութիւններու կողմնացոյց։
Հաղորդութիւն (Comunione). Սուրբ Հոգին որպէս միութեան աղբիւր։
Սէր եւ Բարեգործութիւն. Կաթողիկէ Խարիզմադիկ Նորոգում շարժումէն ծնունդ առած բազմաթիւ բարեսիրական գործերը կը յայտնեն Աստուծոյ իրական դէմքը։ Սրբազան Հայրը յորդորեց վառ պահել սէրը հոգեւոր եւ նիւթական կարիքներու մէջ գտնուող աղքատներուն հանդէպ։
Պատգամի աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Պապը գործնական եւ հայրական թելադրանքներ փոխանցեց ներկաներուն նշելով.
«Մշակեցէք համերաշխութիւնն ու գործակցութիւնը ձեր համայնքներուն մէջ՝ զգուշանալով երբեք չտեղի տալու անձնական գովազդի, իշխանութեան կամ հեղինակութեան փնտռտուքի մոլուցքին»:
Ան կոչ ուղղեց հաւատարմօրէն հետեւելու հովիւներու առաջնորդութեան, ծառայելու թեմերուն ու ծուխերուն եւ ունկնդիր ըլլալու իմաստուն մարդոց ձայնին՝ նոյնիսկ եթէ անոնք շարժումէն դուրս են։
Սրբազան Հայրը հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի՝ Եկեղեցւոյ Մօր պաշտպանութիւնը եւ բոլոր ներկաներուն շնորհեց իր Առաքելական Օրհնութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
