Քահանայապետին մտահոգութիւնը Սահելեան շրջանի մէջ բռնութիւններու աճին ի տես եւ խաղաղութեան ի նպաստ կոչը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 10 Մայիսի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Լեւոն ԺԴ. Պապը խօսքը ուղղելով աղօթքին առիթով ս. Պետրոս հրապարակ համախմբուած հաւատացեալներուն նշեց, թէ ինք մտահոգութեամբ տեղեկացաւ Սահելեան տարածաշրջանին մէջ ու յատկապէս , Չատի և Մալիի մէջ բռնութիւններու աճի մասին, «որ թիրախ դարձան վերջին ահաբեկչական յարձակումներուն» ըսաւ Սրբազան Պապը իր աղօթքները նուիրելով զոհերուն եւ մօտիկութիւն յայտնելով բոլոր տառապողներուն։
Ղպտի-Կաթողիկէ բարեկամութեան օը
«Կը յուսամ, որ բռնութեան ամէն ձեւ կը դադարի, եւ կը քաջալերեմ խաղաղութեան ու զարգացման ուղղուած բոլոր ջանքերը այդ սիրելի հողերուն վրայ» յարեց հուսկ Սրբազան Պապը ակնարկելով Մայիս 10-ին նշուող, «Ղպտի-Կաթողիկէ բարեկամութեան օրուան» որուն առնչութեամբ իր եղբայրական ողջոյնը յղեց Նորին Սրբութիւն Թաուատրոս Բ. Պապին եւ աղօթքները ապահովեց սիրելի Ղպտի եկեղեցիին՝ «յուսալով, ըսաւ Քահանայապետը որ մեր բարեկամութեան ճանապարհը մեզ առաջնորդէ դէպի կատարեալ միութիւն ի Քրիստոս, որ մեզ «բարեկամներ» կոչեց (հմմտ. Յհ 15,15)»։
Ան ապա բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն յիշելով եւ ողջունելով ուխտաւորներու զանազան խումբերը։
Շնորհակալութիւն Քանարեան կղզիներու ժողովուրդին
Սրբազան Պապը առ այդ շնորհակալութիւն յայտնեց Քանարեան կղզիներու ժողովուրդին` ժողովուրդը բնորոշ հիւրընկալութեան համար, որ ըսաւ Ան «թոյլ տուին «Hondius» յածանաւի ժամանումը՝ հանթավիրուսով հիւանդներով» եւ աւելցուց «ուրախ եմ, որ յաջորդ ամիս կղզիներ կատարելիք իմ այցելութեան ընթացքին պիտի կարենամ հանդիպիլ ձեզի»։
Աղօթք բոլոր մայրերուն համար
Լեւոն ԺԴ ապա յատուկ մտածում մը յղեց բոլոր մայրիկներուն` այսօր յիշատակուող Մայրերուն Օրուան առիթով: «Յիսուսի եւ մեր Մօր՝ Մարիամի բարեխօսութեամբ, սիրով եւ երախտագիտութեամբ աղօթենք իւրաքանչիւր մօր համար, յատկապէս անոնց համար, որոնք կ’ապրին աւելի դժուար պայմաններու մէջ։ Շնորհակալութիւն։ Աստուած օրհնէ՛ ձեզ։ Եւ բոլորիդ կը մաղթեմ բարի կիրակի» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով իր խօսքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
