Որոնել

VATICAN-RELIGION-POPE-ANGELUS

Սրբազան Պապը յիշեց Մարեմեան ամսուայ ջերմեռանդութիւնը ու կոչ ուղղեց վասն մամուլի ազատութեան

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հովանաւորութեան կը նշուի Մամուլի ազատութեան համաշխարհային օրը, ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը ցաւ յայտնելով` որ «այս իրաւունքը յաճախ կը խախտուի՝ երբեմն բացայայտ, երբեմն ալ քողարկուած կերպով»։ Ան առ այդ հրաւիրեց յիշել «բազմաթիւ լրագրողներն ու թղթակիցները, որոնք պատերազմներու եւ բռնութեան զոհ դարձած են»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 3 Մայիս 2026-ի կէսօրին Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած «Ուրախ Լեր Թագուհի Երկնից» Մարեմեան աղօթքէն ետքը, Սրբազան Պապը խօսքը ուղղելով հրապարակ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն նախ ակնարկեց Մայիս ամսուան որ նուիրուած է Աստուածամօր ջերմեռանդութեան ըսելով. «Մայիս ամիսը սկսած է. ամբողջ Եկեղեցւոյ մէջ կը նորոգուի մեր Մօր՝ Մարիամի անունով համախմբուելու ուրախութիւնը, յատկապէս միասնաբար Վարդարանը աղօթելու համար»։

Հրաւէր աղօթելու Եկեղեցւոյ ներքին միութեան եւ աշխարհի խաղաղութեան համար

Քահանայապետը ապա նշեց թէ «կը վերապրինք Յիսուսի Համբարձման եւ Հոգեգալուստի միջեւ օրերու փորձառութիւնը, երբ աշակերտները Վերնատան մէջ հաւաքուած Սուրբ Հոգին կը հայցէին եւ Սուրբ Կոյս Մարիամը անոնց հետ էր, եւ իր սիրտը կը պահպանէր այն կրակը, որ կ’ոգեւորէր բոլորին աղօթքը»։

Ասկէ մեկնելով Ան հաւատացեալներուն վստահեցաւ իր աղօթքի դիտաւորութիւնները «յատկապէս Եկեղեցւոյ ներքին միութեան եւ աշխարհի խաղաղութեան համար» ըսաւ Ան։

Մամուլի ազատութեան համաշխարհային օրը՝

Քահանայապետը ապա յիշեց` թէ այսօր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հովանաւորութեան կը նշուի Մամուլի ազատութեան համաշխարհային օրը, որմէ մեկնելով ցաւ յայտնեց` որ «այս իրաւունքը յաճախ կը խախտուի՝ երբեմն բացայայտ, երբեմն ալ քողարկուած կերպով» եւ հրաւիրեց յիշել «բազմաթիւ լրագրողներն ու թղթակիցները, որոնք պատերազմներու եւ բռնութեան զոհ դարձած են»։

Ան ապա ողջունեց աղօթքին մասնակցող աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը ապա հրաժեշտ առաւ բոլորին մաղթելով բարի կիրակի մը։

Նշենք որ Մամուլի ազատութեան միջազգային օրը հաստատուած է 1993 թուականի դեկտեմբերի 20-ին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի ընթացքին որդեգրուած յատուկ բանաձևով։Այս որոշումը կայացուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր համաժողովի ընթացքին, որ 1991-ի ճանչցաւ որ ազատ, բազմակարծիք և անկախ մամուլը ժողովրդավարական հասարակութեան անհրաժեշտ բաղադրիչներէն մէկն է:

Մամուլի ազատութեան համաշխարհային օրը կոչուած է միջազգային հանրութեան յիշեցնելու, որ մամուլի և կարծիք արտայայտելու ազատութիւնը հիմնարար ազատութիւններ են, որոնք ամրագրուած են Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագրին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2026, 12:25