Քահանայապետին Վարդարանը. «խաղաղութիւնը միշտ կարելի է, որովհետեւ Աստուծոյ պարգեւն է»

Շաբաթ 30 Մայիսի երեկոյեան, Վատիկանի պարտէզներուն մէջ գտնուող Լուրտի Քարայրին դիմաց տեղի ունեցաւ Մարեմեան ամիսը եզրափակող Վարդարանի աղօթքը նուիրուած աշխարհի խաղաղութեան։ Սրբազան Պապը կոչ ըրաւ բոլորին դառնալու խաղաղութեան կերտիչներ՝ լսելով աղաղակը անոնց` «որոնք զրկուած են անկէ»՝ անմեղ մանուկներէն մինչեւ գաղթականները։ Իւրաքանչիւր ոք պէտք է կատարէ իր բաժինը՝ «հեռու մնալով ամէն տեսակի խօսքային կամ ֆիզիքական բռնութենէ», նաեւ ընկերային հարթակներու (social media) վրայ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

30 Մայիս 2026-ի երեկոյեան Վատիկան Պարտէզներուն մէջ գտնուող Լուրտի Տիրամօր քարայրին դիմաց Մարեմեան ամսուայ եզրափակման առիթով տեղի ունեցաւ Սուրբ Վարդարանի աղօթքը զոր գլխաւորեց Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը երկու հազար հաւատացեալներու մասնակցութեամբ, որուն մասնակցեցան նաեւ աշխարհի 200 տարբեր սրբավայրերուն մէջ համախմբուած բազմահազար հաւատացեալները իրենց միասնական աղօթքը նուիրելով  վասն խաղաղութեան։

Աղօթքի աւարտին Լեւոն ԺԴ. սոյն խօսքը ուղղեց ներկաներուն։

«Պիտի մտիկ ընեմ թէ Տէր Աստուած ի՛նչ պիտի խօսի. վասն զի խաղաղութիւն պիտի խօսի իր ժողովուրդին ու իր սուրբերուն վրայ, միայն թէ նորէն յիմարութեան չդառնան» (Սաղմոս 85, 9)։ Սաղմոսին այս խօսքերը լաւապէս կ’ընկերակցին այս երեկոյեան Վարդարանի մեր աղօթքին, որովհետեւ կ’արտայայտեն այն յոյսը, որուն կարիքը կը զգանք, յատկապէս ներկայ ժամանակներու դժուարութիւններուն եւ բռնութիւններուն առջեւ։

Ուստի, մեր սրտերը պատրաստենք Աստուծոյ Խօսքը մտիկ ընելու, որպէսզի աղօթքի միջոցաւ կարենանք հասկնալ պատմութեան մէջ պատահածներուն իմաստը՝ ճանչնալով Աստուծոյ նախախնամութիւնը, որ միշտ կ’առաջնորդէ ու կ’օգնէ մեզի։ Մարիամ Աստուածածինը հաւատացեալին տիպարն է, որ իր սրտին ականջը կը խոնարհեցնէ մտիկ ընելու համար, թէ «ի՛նչ կը խօսի Աստուած»։ Ան մեզի օրինակ է իր հնազանդութեամբ, որով կ’ընդունի Աստուծոյ Որդիին մարդեղութիւնը իր արգանդին մէջ։

Մարիամի հետ Վարդարանի խորհուրդները խոկալը մեզ կ’առաջնորդէ Յիսուս Քրիստոսի մէջ ճանչնալու միակ ու վերջնական Խօսքը, որ Հայրը արտասանեց. խաղաղութեան Խօսքը բոլոր անոնց համար, որոնք զղջացած սրտով կը վերադառնան Իրեն։ Տէրը մեզ երբեք չի լքեր, նոյնիսկ երբ մենք զԻնք կը մոռնանք, նոյնիսկ երբ ճամբան կը կորսնցնենք. Ան կու գայ մեզ փնտռելու եւ կը մօտենայ իր մշտատեւ սիրով։ Ինչպէս Եսայի մարգարէն կը յիշեցնէ. «Շրթունքներուն պտուղը կը ստեղծեմ. Խաղաղութիւն, խաղաղութիւն հեռաւորին ու մերձաւորին» (Եսայի 57, 19)։ Ան որ Աստուծոյ կը վստահի, կը հասկնայ խաղաղութեան այս աւետիսը եւ անոր կերտիչը կը դառնայ՝ զայն կառուցելով իր սեփական ձեռքերով (հմմտ. Մատթէոս 5, 9)։

Խաղաղութիւնը, արդարեւ, տարրալուծարանի մէջ ստուգուելիք տեսութիւն մը չէ, ոչ ալ միամիտ պատրանք մը կամ շահադիտական նպատակներով կառավարուելիք գործ մը։ Երբ զայն կը փնտռենք անկեղծ սրտով, անիկա աւելի շուտ մեր կեանքի ամէնօրեայ յանձնառութիւնն է. անիկա կը բխի արդարութենէն եւ սէրէն՝ որպէս ներդաշնակութիւն, որ կը միաւորէ անհատները, ընտանիքները, համայնքներն ու ժողովուրդները։ Նոյնիսկ տագնապներու եւ հակամարտութիւններու այս ժամանակաշրջանին, խաղաղութիւնը հնարաւոր կը դառնայ, երբ կ’ուզենք մտիկ ընել աղաղակին անոնց, որոնք զրկուած են անկէ. անմեղ մանուկներ, տագնապահար մայրեր ու հայրեր, չարչարուած գերիներ, գաղթականներ, ամէն տարիքի տառապող անձեր։ Ասոնց բոլորին շրթներուն վրայ կայ միայն մէկ բառ մը՝ խաղաղութիւն։

Մենք գիտենք. խաղաղութիւնը միշտ հնարաւոր է, որովհետեւ անիկա Աստուծոյ պարգեւն է։ Այս խաղաղութիւնը, Իր խաղաղութիւնը, ունի դէմքը Յիսուս Քրիստոսի՝ Աստուծոյ Որդիին, որ մեզի համար ընծայուած Իր կեանքով հաշտեցուց երկինքն ու երկիրը։ Ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կը գրէ. «Վասն զի անիկա է մեր խաղաղութիւնը» (Եփեսացիս 2, 14)՝ Ան, որ կը տապալէ թշնամութեան պատերը, որ կը յաղթէ մեծամտութիւնը խոնարհութեամբ, եւ մեղքէն կը փրկէ ամբողջ արարչագործութիւնը։

Երբ Տէր Յիսուս մեզի հետ է եւ մենք կը վարուինք որպէս Իր սիրոյն ճշմարիտ աշակերտներ, այն ատեն Սուրբ Հոգին կրնայ իրագործել այն, ինչ որ մարդկայնօրէն անհնար կը թուի։ Իսկ երբ Աստուծմէ կը հեռանանք, կը հեռանանք նաեւ մարդէն՝ մեր ընկերոջմէն, անտարբեր մնալով անոր ցաւին հանդէպ։ Ամէն անգամ որ կը վերադառնանք Տիրոջ, Իր խաղաղութիւնը կը դառնայ մեր յանձնառութիւնը՝ իւրաքանչիւրին պարտականութիւններուն եւ պատասխանատուութիւններուն համեմատ։

Այսպիսով, մեր աղօթքը կը դառնայ առաքելութիւն եւ մարգարէութիւն. այլեւս պէտք չէ ըլլայ անմեղներու լաց մեր քաղաքներուն մէջ. ոչ մէկը պէտք է փախչի իր տունէն՝ ռումբերու սպառնալիքին պատճառով. իշխանութեան տենչն ու խօսքերու բռնութիւնը իրենց տեղը պիտի զիջին արդարութեան եւ ճշմարտութեան ծարաւին։ Սակայն իւրաքանչիւր ոք կրնայ եւ պէտք է ընէ իր բաժինը՝ սկսելով պզտիկ, բայց կարեւոր բաներէ, հեռու մնալով ամէն տեսակի խօսքային կամ ֆիզիքական բռնութենէ, առօրեայ կեանքին մէջ եւ նոյնիսկ ընկերային ցանցերուն (social media) վրայ։

Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, ճշմարիտ խաղաղութիւնը կը սկսի սիրող սրտէ մը. անիկա կը վկայուի հաշտութեան խօսքեր արտասանող շրթներով. կ’անդրադառնայ այն աչքերուն մէջ, որոնք աշխարհին կը նային հեզութեամբ ու իմաստութեամբ։ Ասիկա՛ է իսկական ուժը՝ ճշմարտութեան եւ սիրոյ ուժը։

Աստուած խաղաղութեան կերտիչներ կը փնտռէ։ Մեր Սրբուհի Մայրը թող օգնէ մեզի, որպէսզի ամէն օր պատասխանենք Իրեն մեր «ահաւասիկ եմ»-ը՝ ոչ թէ խօսքերով, այլ գործերով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2026, 19:39