Որոնել

Լեւոն ԺԴ Պապը ընդունեց Իսլանտայի Հանրապետութեան Նախագահը Լեւոն ԺԴ Պապը ընդունեց Իսլանտայի Հանրապետութեան Նախագահը  (@VATICAN MEDIA)

Լեւոն ԺԴ Պապը ընդունեց Իսլանտայի Հանրապետութեան Նախագահը

Լեւոն ԺԴ Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Իսլանտայի նախագահ Հալլա Թոմաստոտիրը՝ քննարկելով տեղական Եկեղեցւոյ դրական դերը հասարակաց բարիքի եւ երիտասարդութեան դաստիարակութեան գործին մէջ։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ միջազգային հակամարտութիւններուն եւ խաղաղութեան հաստատման համար երկխօսութեան կարեւորութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 4 Մայիսին, Լեւոն ԺԴ Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Իսլանտայի Հանրապետութեան նախագահ՝ Վսեմաշուք Տիկին Հալլա Թոմաստոտիրը։ Նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ’ընկերակցէր Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեանց քարտուղար՝ Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերը։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ Պետական քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած սրտագին խորհրդակցութիւններուն ընթացքին, երկուստեք գոհունակութիւն յայտնեցին երկկողմանի բարի յարաբերութիւններուն համար։ Յատուկ շեշտ դրուեցաւ տեղական Եկեղեցւոյ դրական դերակատարութեան վրայ՝ հասարակաց բարիքի յառաջմղման, ինչպէս նաեւ երիտասարդ սերունդներու դաստիարակութեան գործին մէջ։

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցերուն, յատկապէս հակամարտութեան գօտիներուն, երկխօսութեան անհրաժեշտութեան եւ խաղաղութեան հաստատման հեռանկարներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2026, 13:17