Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ Լեհաստանի վարչապետը Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ Լեհաստանի վարչապետը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Ընդունեց Լեհաստանի Վարչապետը

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեց Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Թուսքը՝ քննարկելու համար երկկողմանի յարաբերութիւնները, կրթական ու բարոյագիտական հարցեր։ Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին նաեւ Ուքրանիոյ պատերազմն ու Լեհաստանի դերը Եւրոպական Միութեան մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Այսօր՝ հինգշաբթի, 7 Մայիս 2026-ի առաւօտեան, Վատիկանի Առաքելական Պալատին մէջ, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Լեհաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ՝ Վսեմաշուք Տիար Տոնալտ Թուսքը։

Պաշտօնական տեսակցութենէն ետք, Վարչապետ Թուսքը հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ’ընկերակցէր Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեանց քարտուղար՝ Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակyրը։

Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ խորհրդակցութիւններու ընթացքին, կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին Սուրբ Աթոռի եւ Լեհաստանի միջեւ առկայ բարի դրացիական կապերուն համար։ Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ երկրի ընկերային եւ տնտեսական իրավիճակին, ինչպէս նաեւ Լեհաստանի Եկեղեցւոյ եւ Պետութեան միջեւ գործակցութեան՝ յատկապէս կրթական մարզի եւ բարոյագիտական հարցերու շուրջ։

Զրոյցի աւարտին, կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին միջազգային արդի կացութեան մասին, կեդրոնանալով Ուքրանիոյ տագնապին եւ Եւրոպական Միութեան շրջանակէն ներս Լեհաստանի ստանձնած դերակատարութեան վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2026, 12:06