Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Զուիցերիոյ նախագահը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 6 մայիսին, առաւօտեան, Նորին Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Զուիցերիոյ Համադաշնութեան նախագահ Յարգարժան Կայ Փարմըլէնը։ Վերջինս աւելի ուշ հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՚ընկերակցէր Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեանց քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակերը։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Պետական քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ տեսակցութեան ընթացքին գոհունակութիւն յայտնուեցաւ երկկողմանի արդիւնաւէտ յարաբերութիւններուն գծով։ Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Քահանայապետական Զուիցերական Պահակագունդի հաւատարիմ եւ արհեստավարժ ծառայութեան։
Խօսակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցան երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող միջազգային եւ շրջանային հարցեր։ Մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ Ուքրանիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ ընթացող հակամարտութիւններուն՝ վերահաստատելով երկու կողմերու կամքը՝ բազմակողմանի մակարդակով համագործակցելու ի նպաստ խաղաղութեան վերականգնման։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
