Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ Ալպանիոյ նախագահը Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ Ալպանիոյ նախագահը  (@VATICAN MEDIA)

Լեւոն ԺԴ. ընդունեց Ալպանիոյ Նախագահը

Լեւոն ԺԴ. Վատիկանի մէջ ընդունեց Ալպանիոյ Նախագահ Պայռամ Պեկայի պաշտօնական այցելութիւնը, որմէ ետք վերջինս հանդիպում ունեցաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական կազմին հետ։ Սրտագին տեսակցութեան ընթացքին կողմերը բարձր գնահատեցին երկկողմանի ջերմ յարաբերութիւնները եւ քննարկեցին միջազգային հարցեր՝ յատուկ ուշադրութիւն սեւեռելով Արեւմտեան Պալքաններու կացութեան ու ԵՄ անդամակցութեան գործընթացին վրայ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 25 Մայիս 2026-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, թէ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունած է Ալպանիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Պայռամ Պեկայի պաշտօնական այցելութիւնը։

Քահանայապետին հետ ունեցած առանձնազրոյցէն ետք, Նախագահ Պեկայ հանդիպում մը ունեցած է Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՚ընկերակցէր Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեանց քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր։

Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, երկուստեք բարձր գնահատուած են երկկողմանի ջերմ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ վերահաստատուած է փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող մարզերուն մէջ գործակցութիւնը աւելի եւս զարգացնելու կամքը։

Կողմերը անդրադարձած են նաեւ միջազգային քաղաքականութեան զանազան խնդիրներուն՝ յատուկ ուշադրութիւն սեւեռելով Արեւմտեան Պալքաններու տարածաշրջանի կացութեան եւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացին վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2026, 11:00