Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետ

Լեւոն ԺԴ. Պապին քարոզը. «Ոչ մէկ երկրային ուժ պիտի փրկէ աշխարհը, այլ միայն սիրոյ աստուածային զօրութիւնը»

Լեւոն ԺԴ. Պապը Փոմփէյի սրբավայրին մէջ մատուցած հանդիսաւոր Պատարագով նշեց իր գահակալութեան առաջին տարեդարձը՝ զայն դնելով Սուրբ Կոյսի պաշտպանութեան տակ։ Իր քարոզին մէջ Քահանայապետը դրուատեց Սուրբ Վարդարանի աղօթքը եւ Երանելի Պարթոլօ Լոնկոյի հիմնադրած գթասիրութեան գործերը՝ շեշտելով, որ աղօթքը պէտք է միշտ ուղեկցուի գործնական սիրով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 8 Մայիս 2026-ին, առաւօտեան, Փոմփէյի Սուրբ Վարդարանի Տիրամօր նուիրուած սրբավայրի հրապարակին վրայ, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը նախագահեց հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագին՝ աւելի քան հարիւր յիսուն տարուան պատմութիւն ունեցող նշանաւոր սրբավայրին մէջ։

«Հարիւր յիսուն տարի առաջ, այս Սրբավայրին հիմնաքարը զետեղելով այն վայրին մէջ, ուր Քրիստոսէ ետք 79 թուականի Վեզուվի ժայթքումը մոխիրի տակ թաղած էր մեծ քաղաքակրթութեան մը հետքերը՝ պաշտպանելով զանոնք դարեր շարունակ, Սուրբ Պարթոլօ Լոնկօ, իր տիկնոջ՝ Կոմսուհի Մարիաննա Ֆարնարարօ Տէ Ֆուսքոյի հետ միասին, հիմքերը կը դնէր ոչ միայն տաճարի մը, այլեւ ամբողջական Մարիամեան քաղաքի մը»։

«Ամէն ինչ շնորհք է». Մարիամի Օրինակը

Իր քարոզին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Մարիամ Աստուածածնի «Մեծացուսցէ»-ին՝ զայն որակելով որպէս ուրախութեան հրաւէր։ «Մեր մեղքերով փորձուած եւ պատերազմներով ծանրաբեռնուած մարդկութեան փլատակներուն վրայ, իջած է Աստուծոյ գորովանքը՝ Անոր ողորմութեան քնքուշութիւնը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը շեշտելով, որ Մարիամի «Այո»-ով ոչ միայն Յիսուսը ծնաւ, այլեւ սկիզբ առաւ Եկեղեցին։

«Աւետման Աւետարանը մեզի կը ներկայացնէ այն պահը, երբ Աստուծոյ Բանը մարմին կ’առնէ Մարիամի արգանդին մէջ։ Այս արգանդէն կը ճառագայթէ այն Լոյսը, որ լիակատար իմաստ կու տայ պատմութեան եւ աշխարհին։ Գաբրիէլ հրեշտակին Կոյսին ուղղած ողջոյնը ուրախանալու հրաւէր մըն է. «Ողջոյն քեզի, շնորհքներո՛վ լի, Տէրը քեզի հետ է ։(Ղուկ. 1,28)։ Այո՛, «Ողջոյն քեզ Մարիամ»-ը ուրախութեան հրաւէր է. անիկա Մարիամին, եւ անոր մէջ՝ մեզի բոլորիս կ’ըսէ, թէ մեղքով փորձուած եւ դէպի բռնութիւններ ու պատերազմներ հակամէտ մեր մարդկութեան փլատակներուն վրայ հասած է Աստուծոյ գուրգուրանքը՝ ողորմութեան քնքշանքը, որ Յիսուսի մէջ մարդկային դէմք կ’առնէ։ Մարիամ այսպիսով կը դառնայ Ողորմութեան Մայրը», ըսաւ Ան։

Վարդարանը՝ որպէս Քրիստոսակեդրոն աղօթք

Քահանայապետը մեծապէս դրուատեց Սուրբ Վարդարանի աղօթքը՝ զայն կապելով սրբավայրի հիմնադիր Երանելի Պարթոլօ Լոնկոյի ժառանգութեան հետ։ Ան նշեց, որ Վարդարանը պարզ մեքենական կրկնութիւն չէ, այլ «սիրոյ արարք» մը, որ հաւատացեալը կ’առաջնորդէ դէպի Յիսուսի կեանքի խորհուրդները։ «Վարդարանը ունի մարիամեան դիմագիծ, բայց անոր սիրտը քրիստոսակեդրոն է», նշեց ան։

Լեւոն ԺԴ. Փոմփէյի մէջ վերահաստատեց իր հոգեւոր կապը Վարդարանի Տիրամօր հետ՝ նշելով, որ իր գահակալութեան առաջին տարեդարձը կը զուգադիպի Սուրբ Կոյսի պաշտպանութեան ներքեւ սկսած իր առաքելութեան, միաժամանակ ոգեկոչելով Լեւոն ԺԳ. Պապի վարդապետական ժառանգութիւնն ու Սուրբ Պարթոլօ Լոնկոյի օրինակելի առաքելութիւնը։

«Ճիշդ մէկ տարի առաջ, երբ ինծի վստահուեցաւ Պետրոսի Յաջորդի պաշտօնը, Փոմփէյի Սուրբ Վարդարանի Տիրամօր Աղերսանքի օրն էր։ Հետեւաբար, պէտք էր գայի հոս՝ իմ ծառայութիւնը Սուրբ Կոյսի պաշտպանութեան տակ դնելու համար։ Լեւոն անունը ընտրելով՝ ես կը հետեւիմ Լեւոն ԺԳ.-ի քայլերուն, որը զարգացուց Սուրբ Վարդարանի մասին ընդարձակ Վարդապետութիւն մը։ Այս ամէնուն կ’աւելնայ նաեւ Վարդարանի առաքեալ Սուրբ Պարթոլօ Լոնկոյի վերջերս կատարուած սրբադասումը»։

Անդրադարձ արդի Մարտահրաւէրներուն

Լեւոն ԺԴ. անդրադառնալով աշխարհը յուզող ցաւերուն ընդգծեց երկու հիմնական կէտեր. Ընտանիք. որը կը տառապի միութեան տկարացումէն եւ  խաղաղութիւնը, որ վտանգուած է միջազգային լարուածութիւններու եւ զէնքի առեւտուրը կեանքէն վեր դասող տնտեսութեան պատճառով։

«Չենք կրնար հաշտուիլ մահուան պատկերներուն հետ, որոնք ամէն օր մեզի կը հասնին լուրերու միջոցով», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը՝ կոչ ուղղելով աշխարհի ղեկավարներուն, որպէսզի լուսաւորուին Աստուծոյ իմաստութեամբ եւ դադրեցնեն եղբայրասպան ատելութիւնը։

Գործնական գթասիրութիւն

Յիշելով Սուրբ Պարթոլօ Լոնկոն՝ որպէս «գթասիրութեան առաքեալ», Պապը յիշեցուց, որ աղօթքը պէտք է վերածուի գործի։ Փոմփէյը, որ ժամանակին թաղուած էր հրաբխային մոխիրի տակ, այսօր կենդանի քաղաք մըն է, ուր որբերն ու տկարները խնամք կը գտնեն։ «Չսիրենք միայն խօսքերով, այլ գործով եւ ճշմարտութեամբ», ըսաւ Ան՝ մէջբերելով Յովհաննէս առաքեալի խօսքերը։

Նորին Սրբութիւնը ապա յիշեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ը՝ ըսելով. «Երբ ան հռչակեց Վարդարանի Տարին, ուզեց զայն յատուկ կերպով դնել Փոմփէյի Տիրամօր հայեացքին ներքեւ։ Այդ ժամանակէն ի վեր օրերը չեն բարելաւուած։ Աշխարհի բազմաթիւ տարածաշրջաններուն մէջ տակաւին մղուող պատերազմները կը պահանջեն վերանորոգուած յանձնառութիւն մը՝ ոչ միայն տնտեսական եւ քաղաքական, այլեւ՝ հոգեւոր ու կրօնական։ Խաղաղութիւնը կը ծնի սրտին մէջ»։

Լեւոն ԺԴ. Եզրափակեց իր քարոզը յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապը եւ իր նախորդներու յաճախակի կոչերը, յորդորեց հաւատացեալները չընտելանալ պատերազմի արիւնալի լուրերուն եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ հայցելով աստուածային ողորմութիւն, որպէսզի դադրին եղբայրասպան ատելութիւնները եւ իմաստութիւն պարգեւուի աշխարհի ղեկավարներուն։

«Զանազան առիթներով, նաեւ վերջերս, թէ՛ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ թէ ես՝ աշխարհի բոլոր հաւատացեալներէն խնդրեցինք աղօթել այս դիտաւորութեան համար։ Չենք կրնար հաշտուիլ մահուան այն պատկերներուն հետ, զորս լրատուութիւնը ամէն օր մեզի կը հրամցնէ։ Այս Սրբավայրէն, որուն ճակատը Սուրբ Պարոթոլ» Լոնկօն յղացաւ որպէս խաղաղութեան յուշարձան, այսօր հաւատքով կը բարձրացնենք մեր Աղերսանքը։ Յիսուս մեզի ըսաւ, թէ հաւատքով կատարուած աղօթքը ամէն ինչի կրնայ հասնիլ (հմմտ. Մատթ. 21, 22)։ Իսկ Սուրբ Պարթոլօ Լոնկօն, խորհրդածելով Մարիամի հաւատքին շուրջ, զայն կը սահմանէ որպէս «ամենակարող՝ շնորհքի միջոցաւ»։ Անոր բարեխօսութեամբ, թող խաղաղութեան Աստուածէն ողորմութեան առատաբուխ հեղում մը գայ, որպէսզի դպչի սիրտերուն, հանդարտեցնէ քինախնդրութիւնն ու եղբայրասպան ատելութիւնները, եւ լուսաւորէ զանոնք, որոնք կառավարման յատուկ պատասխանատուութիւններ ունին»։

«Սիրելի՛ քոյրեր եւ եղբայրներ, երկրային ոչ մէկ զօրութիւն պիտի փրկէ աշխարհը, այլ միայն սիրոյ աստուածային զօրութիւնը, զոր Յիսուս՝ Տէրը, մեզի յայտնեց եւ պարգեւեց։ Հաւատանք Իրեն, յուսանք Իրեն, հետեւինք Իրեն»։

Աղերս առ Տիրամայր

Սուրբ Պատարագի աւարտին, ճիշդ կէսօրին, Լեւոն ԺԴ. Աղօթք բարձրացուց Տիրամօր՝ յօրինուած 1883 թուականին Պարթոլօ Լոնկոյին կողմէ՝ ընդմիջուած «Ողջոյն Քեզ Մարիամ»-աղօթքով։

«Ո՛վ Մայր, քու աստուածային Որդիէդ մեզի համար ողորմութիւն հայցէ եւ գթասրտութեամբ յաղթէ մեղաւորներուն սիրտին։ Անոնք մեր եղբայրներն են եւ քու զաւակներդ, որոնց համար քաղցրն Յիսուս արիւն թափեց եւ որոնք կը վիրաւորեն քու զգայուն սիրտդ։ Բոլորին ցոյց տուր քու էութիւնդ՝ որպէս խաղաղութեան եւ ներումի Թագուհի»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2026, 11:21