2026.05.13 Aniversario Universidad Católica de Bolivia

Լեւոն ԺԴ. Պապը Պատգամը Պոլիվիոյ «Սուրբ Պօղոս» Կաթողիկէ Համալսարանի 60-ամեակին առթիւ

Լեւոն ԺԴ. Պապը Պոլիվիոյ կաթողիկէ համալսարանի 60-ամեակին առթիւ յղած պատգամին մէջ շեշտեց, որ կրթութիւնը պէտք է ծառայէ մարդու ամբողջական կազմաւորման եւ արժանապատուութեան պաշտպանութեան: Ան յորդորեց ակադեմական համայնքը առաջնորդուիլ «Ճշմարտութիւնը սիրոյ մէջ» սկզբունքով՝ գիտելիքը վերածելով արդարութեան եւ հասարակութեան բարօրութեան նպաստող ուժի:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը յատուկ օրհնութեան գիր մը յղած է Պոլիվիոյ «Սուրբ Պօղոս» կաթողիկէ համալսարանի հիմնադրման 60-ամեակին առթիւ՝ շեշտելով կրթական հաստատութեան առաքելութիւնը եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան ծառայութեան մէջ։

Գիտութիւնը՝ ի սպաս մարդկային արժանապատուութեան

Իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց, որ համալսարանը պարզապէս արհեստագիտական կեդրոն կամ գործնական գիտելիքի վայր մը չէ։ Յղում կատարելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի «Ex corde Ecclesiae» սահմանադրութեան, ան վերահաստատեց, որ ակադեմական համայնքը պարտաւոր է քննական ու խիստ մօտեցումով պաշտպանել մարդկային արժանապատուութիւնն ու մշակութային ժառանգութիւնը։

«Իրական կրթութիւնը պէտք է նպաստէ մարդու ամբողջական կազմաւորման՝ թէ՛ անոր գերագոյն նպատակին, եւ թէ՛ ընկերութեան բարօրութեան համար», նշած է Քահանայապետը։

«Veritas in Caritate». Ճշմարտութիւնը՝ Սիրոյ Մէջ

Անդրադառնալով համալսարանի նշանաբանին՝ «Veritas in Caritate» (Ճշմարտութիւնը Սիրոյ Մէջ), Լեւոն ԺԴ. պարզաբանեց, որ քրիստոնէական աւանդութեան մէջ ճշմարտութիւնը սոսկ վերացական գաղափար մը չէ, այլ ունի Յիսուս Քրիստոսի դէմքը նշելով, որ երբ ճշմարտութիւնը կը փնտռուի գիտական ազնուութեամբ եւ կ՚իրականանայ սիրոյ հորիզոնին վրայ, այն կը դադրի տիրապետութեան կամ շահագործման գործիք ըլլալէ եւ կը վերածուի արդարութեան ծառայող ուժի։

Մարտահրաւէրներ եւ ապագայի տեսլական

Սրբազան Պապը յորդորեց համալսարանական ընտանիքը՝ երախտագիտութեամբ նայիլ անցեալին եւ քաջութեամբ դիմագրաւել ապագան։ Այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր գիտելիքը յաճախ կը մասնատուի կամ կը գործիքաւորուի, Պապը կոչ ուղղեց ուսանողներուն եւ դասախօսներուն ըլլալու «աշխարհի լոյսը»։

Պատգամի աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Պապը համալսարանի ուսումնական եւ հովուական գործունէութիւնը յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին եւ շնորհեց իր Առաքելական Օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2026, 08:00