Լեւոն ԺԴ. Պապն ու  «Papal Foundation»ի անդամները Լեւոն ԺԴ. Պապն ու «Papal Foundation»ի անդամները  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. «Զարգացումը խաղաղութեան նոր անունն է»

Լեւոն ԺԴ. Պապը, Վատիկանի մէջ ընդունելով «The Papal Foundation»-ի անդամները, բարձր գնահատեց անոնց մարդասիրական ծրագիրները եւ Չիկլայոյի մէջ իր ունեցած անձնական փորձառութեամբ վկայեց հիմնադրամի դրական ազդեցութեան մասին։ Սրբազան Քահանայապետը շեշտեց, որ հաւատքը պէտք է արտայայտուի գործնական բարեսիրութեամբ՝ վերահաստատելով, որ մարդկային համապարփակ զարգացումը խաղաղութեան հասնելու հիմնական ուղին է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 2 Մայիս 2026-ին, Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդունեց «The Papal Foundation» հիմնադրամի հոգաբարձուներն ու անդամները, որոնք ուխտագնացութեամբ կը գտնուին Հռոմ։ Պաշտօնական հանդիպման ժամանակ, Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց հիմնադրամի առաքելութիւնը՝ զայն որակելով իբրեւ եկեղեցւոյ տիեզերական ծառայութեան կարեւորագոյն սատար։

Անձնական վկայութիւն եւ երախտագիտութիւն

Պապը յատուկ ջերմութեամբ յիշեց, թէ ինչպէս Չիկլայոյի (Chiclayo) եպիսկոպոս եղած տարիներուն, մօտէն վկայած է հիմնադրամի տրամադրած դրամաշնորհներու դրական ազդեցութեան՝ թեմական եւ կրօնական համայնքներու կեանքէն ներս։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց անդամներուն, որոնք կը շարունակեն զօրավիգ կանգնիլ Պետրոսի Յաջորդին՝ աղքատներու եւ խոցելի խաւերու կարիքներուն հասնելու գործին մէջ։

Հաւատք եւ գործնական բարեսիրութիւն

Յղում կատարելով Սուրբ Յակոբոս առաքեալի խօսքերուն, Սրբազան Քահանայապետը շեշտեց, որ «հաւատքը առանց գործերու մեռեալ է»։ Ան նշեց, որ հիմնադրամը, ֆինանսաւորելով մարդասիրական ծրագիրներ եւ կրթաթոշակներ տրամադրելով աշխարհի տարբեր կողմերէն եկած հոգեւորականներուն, կը դառնայ Աստուծոյ բարութեան կենդանի վկան։ «Դուք թերեւս երբեք չհանդիպիք այն անձերուն, որոնք օգտուեցան ձեր բարերարութենէն, բայց անոնց անունով ես ձեզի կը յայտնեմ իմ սրտագին շնորհակալութիւնը», ըսաւ Պապը։

Խաղաղութեան տեսլականը

Անդրադառնալով Սուրբ Պօղոս Զ. Պապի պատգամին, Լեւոն ԺԴ. վերահաստատեց, որ «զարգացումը խաղաղութեան նոր անունն է», ընդգծելով որ իսկական խաղաղութիւնը լոկ հակամարտութիւններու բացակայութիւնը չէ, այլ՝ մարդկային համապարփակ զարգացման յառաջխաղացումը, ինչ որ հիմնադրամը կ’իրականացնէ իր շօշափելի նախաձեռնութիւններով։

Իր խօսքի աւարտին, Քահանայապետը հայցեց ներկաներուն աղօթքը իր պապական ծառայութեան համար եւ շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/05/2026, 11:49