Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Մարքօ Ռուպիոն. Խաղաղութեան յանձնառութեան եւ ԱՄՆ-ի հետ բարի յարաբերութեանց վերահաստատում

Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն՝ վերահաստատելով երկկողմանի բարի յարաբերութիւնները եւ խաղաղութեան ի նպաստ համատեղ աշխատելու յանձնառութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին յատուկ ուշադրութեան արժանացան Միջին Արեւելքի, Ափրիկէի եւ Քուպայի տագնապալի իրավիճակները՝ շեշտելով մարդկային օժանդակութեան եւ քաղաքական լարուածութիւնները յաղթահարելու կարեւորութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 7 մայիսին, առաւօտեան, Վատիկանի մէջ, Սրբազան Քահանայապետը շուրջ 45 վայրկեան տեւողութեամբ տեսակցութիւն մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի Արտաքին Գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ։ Պետական Քարտուղարութեան մէջ կայացած խորհրդակցութիւններու կեդրոնական նիւթը եղած են «պատերազմներէն հարուածուած երկիրները, քաղաքական լարուածութիւններն ու մարդկային ծանր կացութիւնները»՝ շեշտելով խաղաղութեան ի նպաստ «անխոնջ աշխատանքի» անհրաժեշտութիւնը։ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակը տեղեկացուցած է, թէ քննարկուած են Միջին Արեւելքի, Ափրիկէի եւ Քուպայի իրավիճակները։

«Ի՜նչ հաճոյք է ձեզ վերստին տեսնելը։ Գրեթէ մէկ տարի անցաւ», ըսած է Լեւոն ԺԴ Պապը, որուն Մարքօ Ռուպիօ կատակով պատասխանած է. «Պակաս տասը օր»։ Այս մտերմիկ երկխօսութեամբ սկսած է առանձնազրոյցը, որուն յաջորդած են պաշտօնական քննարկումները Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ։ Հանդիպման ընթացքին վերահաստատուած է Սուրբ Աթոռի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ երկկողմանի բարի յարաբերութիւնները մշակելու ընդհանուր կամքը։

Յատուկ անդրադարձ կատարուած է շրջանային եւ միջազգային տագնապներուն, յատկապէս Լիբանանի, Իրանի եւ Քուպայի կացութեան։ Քուպայի պարագային, որ ներկայիս լարուած յարաբերութիւններ ունի ԱՄՆ-ի հետ, ընդգծուած է ժողովուրդին զօրակցելու անհրաժեշտութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2026, 09:16