Լեւոն ԺԴ Պապը ընդունեց Պարսելոնայի «Círculo Ecuestre»ի պատուիրակութիւնը. «Քրիստոնեան սոսկ բարերար չէ, այլ՝ կարեկից անձ»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, մայիս 25, 2026-ին, Լեւոն ԺԴ Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեց Պարսելոնայի հեղինակաւոր «Círculo Ecuestre» ակումբի պատուիրակութիւնը՝ հաստատութեան հիմնադրման տարեդարձին առթիւ։
Իր արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ, Նորին Սրբութիւննը երախտագիտութիւն յայտնեց ներկաներուն այս յատուկ այցելութեան եւ անոնց մտերմիկ ժեստին համար։ Ան կարեւորեց իւրաքանչիւր հաւատացեալի կոչումը՝ միշտ բաց մնալու Սուրբ Հոգիի ներգործութեան առջեւ եւ անյոգնելիօրէն ապրելու քրիստոնէական սէրն ու բարեգործութիւնը։
Քրիստոնէական սիրոյ իսկական իմաստը
Լեւոն ԺԴ Պապը յատուկ անդրադարձ կատարեց սիրոյ եւ բարեսիրութեան գաղափարին՝ յստակ սահմանագիծ մը գծելով պարզ մարդասիրութեան եւ քրիստոնէական առաքինութեան միջեւ.
«Քրիստոնեան, հետեւաբար, սոսկ բարերար չէ, այլ՝ կարեկից անձ մը, որ կը սիրէ անշահախնդիր կերպով եւ աշխոյժօրէն կը փնտռէ ուրիշներուն ամբողջական բարօրութիւնը»։
Ան յորդորեց պատուիրակութեան անդամները իրենց հայեացքը միշտ ուղղուած պահելու դէպի Քրիստոս, որպէսզի կարենան Անոր ներկայութիւնը տեսնել ամենէն տկար ու կարիքաւոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն մէջ։
Քահանայապետական Օրհնութիւն
Իր խօսքի աւարտին, Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ Աստուծոյ եւ մերձաւորին ծառայելու պատրաստակամութիւնը, համբերութիւնն ու գութը օգնեն ներկաներուն աճելու աստուածային սիրոյ մէջ։
«Եւ ուրեմն խնդրենք Ամենակարող Աստուծոյ օրհնութիւնը ձեզ բոլորիդ եւ ձեր սիրելիներուն վրայ» ըսաւ Սրբազան Հայրը, հրաւիրելով ներկաները աղօթելու Հայր մեր աղօթքը, «ինչպէս Տէրը մեզի սորվեցուց»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
