Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց «Catholic Charities USA»-ի պատուիրակութիւնը Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց «Catholic Charities USA»-ի պատուիրակութիւնը  (@VATICAN MEDIA)

Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց «Catholic Charities USA»-ի պատուիրակութիւնը. «Քրիստոսի սէրը պէտք է ըլլայ ձեր ուժի աղբիւրը»

Լեւոն ԺԴ Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց «Catholic Charities USA»-ի պատուիրակութիւնը՝ բարձր գնահատելով անոնց անձնուէր ծառայութիւնը աղքատներուն եւ կարիքաւորներուն։ Սրբազան Քահանայապետը յորդորեց զանոնք յաղթահարել գործնական մարտահրաւէրները Քրիստոսի սիրով՝ շեշտելով, որ մերձաւորին մատուցուած օգնութիւնը Աստուծոյ հանդէպ հաւատքի շօշափելի վկայութիւնն է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 4 Մայիս 2026-ին, Լեւոն ԺԴ Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու կաթողիկէ բարեգործական հաստատութեան՝ «Catholic Charities USA»-ի տնօրէններու խորհուրդի անդամները։ Հանդիպման ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը բարձր գնահատեց կազմակերպութեան մարդասիրական առաքելութիւնը եւ հրաւիրեց զանոնք վերանորոգելու իրենց ուխտը՝ ծառայելու «փոքրագոյններուն»։

Յաղթահարել մարտահրաւէրները յոյսով

Իր պատգամին մէջ Պապը անդրադարձաւ այն դժուարութիւններուն, որոնց կը բախին բարեգործական հաստատութիւնները՝ ըլլան անոնք նիւթական միջոցներու հայթայթման, թէ յուսահատութեան դէմ պայքարի ձեւով։ «Յիշեցէ՛ք Քրիստոսի խօսքը. Ես ձեզի հետ եմ միշտ, մինչեւ աշխարհի վախճանը», նշեց ան՝ շեշտելով, որ նոյնիսկ անյաջողութեան պահերուն Յիսուս կը քալէ իր աշակերտներուն հետ, ինչպէս ըրաւ Էմմաւուսի ճամբուն վրայ։

Սէրը՝ որպէս գործնական վկայութիւն

Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ աղքատներուն մատուցուած օգնութիւնը պարզապէս ընկերային ծառայութիւն չէ, այլ Աստուծոյ հանդէպ սիրոյ տեսանելի ապացոյցը։ Յղում կատարելով «Dilexi Te» առաքելական յորդորակին՝ Պապը ըսաւ.

«Մեր մերձաւորին հանդէպ սէրը Աստուծոյ հանդէպ մեր սիրոյ վաւերականութեան շօշափելի փաստն է»։

Քահանայապետը նշեց, որ կարիքաւորներուն ձեռք մեկնելով՝ մենք կը հպինք «Քրիստոսի մարմնին» եւ անոնց առիթ կու տանք ունենալու իրական հանդիպում մը Աստուծոյ հետ։

«Ձեր աշխատանքը բախտազուրկներուն հետ կը շարունակէ հանդիսանալ արտօնեալ առիթ մը՝ բաժնեկցելու Յարութեան ուրախութիւնը, եւ ես շնորհակալ եմ ձեզի ձեր հաւատքի անկեղծ վկայութեան համար: Այն գործնական օգնութիւնը, զոր դուք եւ ձեր գործակից մարմինները կը մատուցէք կարիքաւորներուն, թոյլ կու տայ անոնց ձեր միջոցաւ զգալ Աստուծոյ սէրը եւ ճամբայ կը հարթէ անոնց համար՝ Անոր հետ մնայուն յարաբերութեան մէջ մտնելու:

Միեւնոյն ժամանակ, ասիկա ձեզի կարելիութիւնը կու տայ հպելու Քրիստոսի մարմնին՝ ձգտելով տեսնել ու ծառայել Անոր մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն մէջ (հմմտ. Մատթ. 25:31-46): Այսպիսով, ձեր բարեգործական աշխատանքները կը վերածուին փոխադարձ հանդիպումի մը Տիրոջ հետ, որ ներկայ է մեր մէջ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Պատգամ Միացեալ Նահանգներուն

Հանդիպման աւարտին, Լեւոն ԺԴ Պապը իր աղօթքները վերառաքեց առ Աստուած՝ Միացեալ Նահանգներու պաշտպան Սուրբ Աստուածածնայ բարեխօսութեամբ, եւ իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհեց կազմակերպութեան բոլոր անդամներուն ու գործակիցներուն, մաղթելով խաղաղութիւն եւ յարուցեալ Տիրոջ բերկրանքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2026, 11:03