Papa Leone arrivato a universit� Lateranense, inaugura anno accademico

Լեւոն ԺԴ. Պապը պիտի այցելէ Հռոմի «Լա Սափիենցա» Համալսարանը

Յառաջիկայ Հինգշաբթի, 14 Մայիս 2026-ին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը հովուական պատմական այցելութիւն մը պիտի շնորհէ Հռոմի «Լա Սափիենցա» համալսարանին։ Այս հանդիպումը նորընտիր Պապի գահակալութեան նշանակալից պահերէն մէկը պիտի հանդիսանայ՝ կամրջելով եկեղեցական եւ ակադեմիական ոլորտները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Յառաջիկայ Հինգշաբթի, 14 Մայիս 2026-ին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը հովուական պատմական այցելութիւն մը պիտի շնորհէ Հռոմի «Լա Սափիենցա» համալսարանին։ Այս հանդիպումը նորընտիր Պապի գահակալութեան նշանակալից պահերէն մէկը պիտի հանդիսանայ՝ կամրջելով եկեղեցական եւ ակադեմական ոլորտները։

Օրուան Յայտագիրը

Այցելութիւնը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին՝ Վատիկանէն մեկնումով։ Համալսարանի մուտքին Սրբազան Պապը պիտի դիմաւորուի վեհաշուք ռեկտոր՝ փրոֆ. Անթոնելլա Փոլիմենիի կողմէ։

Այցելութեան ընթացքին Սրբազան Պապը նախ պիտի այցելէ «Աստուածային Իմաստութիւն» (Divina Sapienza) մատուռը՝ կարճատեւ աղօթքի եւ ուսանողներու հետ զրոյցի համար ապա «Ռեկտորատի» շէնքին մէջ պիտի ստորագրէ համալսարանի Պատուոյ մատեանը եւ բացումը պիտի կատարէ այցելութիւնը յաւերժացնող յուշատախտակի մը հուսկ պիտի այցելէ «Սափիենցա եւ Պապութիւն» Ցուցահանդէսը, որ նուիրուած է Քահանայապետետու եւ համալսարանի միջեւ պատմական կապերուն։

Կեդրոնական Պատգամը

Այցելութեան գագաթնակէտը պիտի հանդիսանայ ժամը 11:30-ին համալսարանի Մեծ Հանդիսասրահին (Aula Magna) մէջ կայանալիք հանդիպումը։ Այնտեղ Լեւոն ԺԴ. պիտի արտասանէ իր պաշտօնական ճառը՝ ուղղուած դասախօսական կազմին եւ ուսանողութեան։

Խորհրդանշական Արժէքը

Հռոմի թեմի Փոխանորդութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, Կարդինալ Ռէյնա իր մեծ ուրախութիւնը յայտնած է Հռոմի համալսարան Պապին կատարելիք այցելութեան առթիւ։

«Լեւոն ԺԴ. Պապը միշտ մեծ ուշադրութիւն ցուցաբերած է երիտասարդական աշխարհին հանդէպ եւ իր թեմէն խնդրած է ընկերակցիլ նոր սերունդներու հաւատքի աճման ուղիին»,— ընդգծած է Ծիրանաւորը։ «Հռոմի «Լա Սափիենցա» համալսարանը Եւրոպայի ամենամեծ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնն է։ Ուստի, կենսական կարեւորութիւն ունի երկխօսութեան մէջ մտնել անոնց հետ, որոնք զանազան գիտութիւններու եւ հետազօտութիւններու միջոցաւ կը պատրաստուին դիմագրաւել ապագան։ Մենք ուշադրութեամբ մտիկ պիտի ընենք այն ամէն խօսքերուն, զոր Սրբազան Քահանայապետը պիտի ըսէ այս այցելութեան ընթացքին, եւ զայն պիտի որդեգրենք իբրեւ թանկագին ուղեցոյց՝ համալսարանական եւ երիտասարդական հովուական մեր աշխատանքներուն համար» հաստատծ է միշտ Կարդինալ Ռէյնա։

Սրբազան Քահանայապետը այցելութիւնը պիտի աւարտէ ժամը 12:30-ին՝ ի վերջին ողջոյնը ուղղելով հաւաքուած բազմութեան ու վերադարձ կատարելով Վատիկան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2026, 09:44