2026.05.06 La Sagrada Familia a Barcellona

Լեւոն ԺԴ Պապը Սպանիոյ մէջ` 6էն 12 Յունիս, 2026-ին

Հրատարակուեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին յառաջիկայ Յունիս ամսուայ ընթացքին կատարելիք Քահանայապետութեան չորրորդ առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը` Հաւատքի, երիտասարդութեան եւ ընկերային յանձնառութեան հետքերով ճամբորդութիւն
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

6-էն 12 Յունիս 2026-ին, Լեւոն ԺԴ Պապը պիտի իրագործէ իր Քահանայապետութեան չորրորդ առաքելական ճամբորդութիւնը որ զինք պիտի առաջնորդէ Սպանիա՝ ուր Ան պիտի այցելէ երկրի ամենանշանակալից քաղաքներէն մի քանին. Մատրիտ, Պարսելոնա, Լաս Փալմաս տէ Կրան Քանարիա եւ Սանթա Քրուզ տէ Թեներիֆէն: Ճամբորդութիւնը կը յատականշուի պաշտօնական հանդիպումներով, աղօթքի պահերով եւ ընկերային հարցերու նկատմամբ յատուկ ուշադրութեամբ, յատկապէս ուղղուած երիտասարդներուն եւ գաղթականներուն:

Ընդունելութիւն եւ առաջին պարտաւորութիւնները Մատրիտի մէջ

Ճամբորդութիւնը պիտի սկսի Շաբաթ, 6 Յունիսին՝ Հռոմէն մեկնումով եւ Մատրիտ ժամանումով, ուր Սրբազան Պապը պաշտօնապէս պիտի ընդունուի Արքայական պալատին մէջ: Սպանիոյ թագաւորական ընտանիքը այցելելէն ետք, Ան պիտի հանդիպի իշխանութիւններուն, քաղաքացիական հասարակութեան եւ դիւանագիտական մարմինի անդամներուն հետ՝ ուրուագծելով երկրին ուղղուած իր պատգամին հիմնական ուղեգիծերը:

Առաջին օրը պիտի աւարտի երկու կարեւոր ձեռնարկներով. այցելութիւն՝ 24 ժամ գործող ընկերային կեդրոնի մը եւ աղօթքի հսկում երիտասարդներու հետ «Փլազա տէ Լիմա» հրապարակին վրայ, ինչ որ Սրբազան Քահանայապետին նոր սերունդի հանդէպ տածած հոգածութեան վառ ապացոյցը պիտի ըլլայ։

Կիրակի՝ հաւատքի եւ մշակոյթի միջեւ

Կիրակի, 7 Յունիսը պիտի նուիրուի Սուրբ Պատարագի մատուցման «Փլազա տէ Սիպելես» հրապարակին վրայ, որուն պիտի յաջորդէ Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան (Corpus Domini) աւանդական թափօրը: Յետմիջօրէին, Քահանայապետը պիտի հանդիպի Օգոստինեան Միաբանութեան անդամներուն հետ եւ պիտի մասնակցի մեծ ձեռնարկի մը «Մովիսթար Արենա»-ի մէջ՝ երկխօսելով մշակոյթի, արուեստի, տնտեսութեան եւ մարզական աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ:

Պաշտօնական եւ համայնքային երկխօսութիւն

Երկուշաբթի, 8 Յունիսը պիտի յատկանշուի պետական հանդիպումներով. Կառավարութեան նախագահին, Սպանիոյ խորհրդարանի եւ երկրի եպիսկոպոսներուն հետ: Կէսօրէն ետք, Քահանայապետը իր յարգանքի տուրքը պիտի մատուցէ Ալմուտենայի Տիրամօր եւ պիտի հանդիպի թեմական համայնքին հետ «Սանթիակօ Պերնապէու» մարզադաշտին մէջ՝ ժողովրդային մեծ մասնակցութեամբ:

Պարսելոնա եւ Մոնսերաթ. հոգեւորականութիւն եւ բարեգործութիւն

Երեքշաբթի, 9 Յունիսին Լեւոն ԺԴ. պիտի փոխադրուի Պարսելոնա, ուր Մայր տաճարին մէջ պիտի գլխաւորէ ժամասացութիւնը մինչ երեկոյեան Ողիմպիական մարզադաշտին մէջ պիտի նախագահէ հսկումի աղօթքին:

«Սակրատա Ֆամիլիա» տաճարին մէջ պատարագ

Յաջորդ օրը` 10 Յունիսին Նորին Սրբութիւնը նախ պիտի այցելէ «Brian 1» բանտը ապա պիտի մեկնի Մոնսերաթի վանք՝ ուր կէսօրին նախատեսուած է Վարդարանի աղօթքը իսկ կէսօրէն ետքը հանդիպում տեղական բարեսիրական կազմակերպութիւններու հետ:

Այցելութեան գագաթնակէտը պիտի ըլլայ «Սակրատա Ֆամիլիա» (Սուրբ Ընտանիք) տաճարին մէջ մատուցուած Պատարագը, որուն ընթացքին պիտի կատարուի Յիսուս Քրիստոսին նուիրուած աշտարակի բացումը. խորհրդանշական իրադարձութիւն՝ հոգեւոր եւ ճարտարապետական մեծ կարեւորութեամբ:

Քանարեան կղզիներ. ուշադրութիւն՝ գաղթականներուն

11 եւ 12 Յունիսին ճամբորդութիւնը պիտի շարունակուի Քանարեան կղզիներու մէջ, որոնք գաղթականութեան ուղիներու կեդրոնական հանգոյցն են: Լաս Փալմասի մէջ Քահանայապետը պիտի հանդիպի Արկինեկին նաւահանգիստի աշխատողներուն ու գաղթականներուն, ապա տեղական կղերական դասին հետ հուսկ երեկոյեան Պատարագ պիտի մատուցէ քաղաքի մարզադաշտին մէջ:

Ճամբորդութեան վերջին օրը, 12 Յունիսին, Սանթա Քրուզ տէ Թեներիֆէի մէջ նախատեսուած են հանդիպումներ գաղթականներու եւ ընկերային ներառման համար պայքարող կազմակերպութիւններու հետ, որոնց պիտի յաջորդէ Սուրբ Պատարագը նաւահանգիստին մէջ, ապա Հրաժեշտի արարողութիւնը, որմէ ետքը Սրբազան Քահանայապետը կը վերադառնալ Հռոմ` ապա Վատիկան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2026, 12:04