Որոնել

Լեւոն ԺԴ.ի հովուական այցելութիւնը Փոմփէյ և Նափոլի. հաւատքի, բարեսիրութեան և հանդիպման օր մը

Նորին Սրբութիւնը Վատիկանէն ուղղաթիռով մեկնեցաւ առաւօտեան ժամը 8.00-ին՝ եւ Փոմփէյի սրբավայրի հանդիպումներու տարածքին մէջ վայրէջք կատարեց ժամը 8.50-ին։ Ան ապա ուղղուեցաւ դէպի «Լուիզա Թրափանի» սրահ, ուր այցելեց «Բարեսիրութեան Տաճար»-ը (Tempio della Carità) այնտեղ ունենալով օրուան առաջին կարեւոր հանդիպումը, այդ բարեսիրութեան կեդրոնին մէջ հիւրընկալուած անձերուն հետ։
Ունկնդրէ այս եւ Քահանայապետին հայող այլ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Habemus Papam» այս բացագանչութեամբ է որ ասկէ մէկ տարի առաջ ճիշտ 8 մայիս 2025-ի երեկոյեան աշխարհին հռչակուեցաւ նոր Քահանայապետի մը ընտրութեան լուրը, որուն յաջորդեց անոր անունը` Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեվոսթ, ապա անոր ընտրած անունը\ Լեւոն ԺԴ.։

Նախախնամականօրէն այդ օրը կը յիշատակուէր «Փոմփէյի Տիրամօր ուղղուած Աղերսանքի» օրը եւ նորընտիր Քահանայապետը այս մէկը ընդգծած էր աշխարհին ուղղած իր առաջին խօսքին մէջ ըսելով. «Այսօր Փոմփէյի Տիրամօր աղերսական աղօթքին օրն է։ Մեր Մայրը Մարիամ կ՛ուզէ մեր հետ քալել, մեզի մօտիկ ըլլալ, մեզի օգնել իր բարեխօսութեամբ ու իր սիրով։ Ասոր համար կ՛ուզեմ ձեր հետ միասին աղօթել։ Աղօթենք միասին, այս նոր առաքելութեան համար, համայն Եկեղեցւոյ համար, աշխարհի խաղաղութեան համար, ու այս յատուկ շնորհքը խնդրենք Մարիամէն, մեր Մօրմէն»։

Եւ ահա մէկ տարի ետքը` ճիշտ նոյն օրը Լեւոն ԺԴ. Պապը որոշեց իր այս առաջին տարեդարձը տօնախմբել այցելելով Փոմփէյի Տիրամօր Սրբավայրը իր Քահանայապետութիւնը յանձնելու Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին։

Աղօթքի, մօտիկութեան եւ երկխօսութեան օր մը

Հովուական այս այցելութիւնը  հանդիսացաւ աղօթքի, տկարներուն մօտիկութեան և Եկեղեցւոյ ու քաղաքացիներուն հետ երկխօսութեան երկար եւ խիտ յայտագիրով օր մը, որուն ընթացքին Քահանայապետը նախ  այցելեց Փոմփէյը ապա Նափոլի քաղաքը։

Նորին Սրբութիւնը Վատիկանէն ուղղաթիռով մեկնեցաւ առաւօտեան ժամը 8.00-ին՝ եւ Փոմփէյի սրբավայրի հանդիպումներու տարածքին մէջ վայրէջք կատարեց ժամը 8.50-ին։ Ան ապա ուղղուեցաւ դէպի «Լուիզա Թրափանի» սրահ, ուր այցելեց «Բարեսիրութեան Տաճար»-ը (Tempio della Carità). հաստատութիւն մը, որ կ’ընդունի դժուար կացութիւններու մէջ գտնուող անձեր։

Հանդիպում Փոմփէյի բարեսիրական հաստատութիւններուն հետ

Սրբավայրի բարեսիրական հաստատութիւններու «Թրափանի» սրահին մէջ, տեղւոյն եպիսկոպոսի ողջոյնի խօսքին եւ մի քանի «հիւրերու» ներկայացուցած վկայութիւններէն ետքը, Նորին Սրբութինը ողջունելով կեդրոնին մէջ հիւրընկալուած անձերը, կրօնաւորները, դաստիարակներն ու կամաւորները, որոնք ներգրաւուած են Սրբավայրի բարեսիրական գործունէութեանց մէջ գորովով յիշեց վերջերս սրբադասուած Պարթոլօ Լոնկոն, բնորոշելով Փոմփէյը որպէս վայր մը, ուր հաւատքն ու բարեսիրութիւնը կը քալեն կողք կողքի:

«Այստեղ «Բարեսիրութեան Տաճարը» և «Հաւատքի Տաճարը» փոխադարձաբար կը զօրակցին իրարու։ Աղօթքը կը սնուցանէ հիւրընկալութիւնը, գորովը, ծառայութիւնը և շատերու առատաձեռն յանձնառութիւնը՝ Դաստիարակչական կեդրոններուն, Ընտանեկան տուներուն (Case Famiglia) և Ֆրանչիսկոս Պապին անուան Աղքատներու ճաշարանին մէջ։ Իսկ սէրը կը գործէ հրաշքներ, որոնք կը գերազանցեն ամէն ջանք ու ակնկալութիւն՝ տառապեալներու մարմիններուն և առաւել ևս անոնց հոգիներուն մէջ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա յիշեց Պարթոլօ Լոնկոյին առաքելութիւնը եւ բարեսիրական գործունէութիւնները։

Պարթոլօ Լոնկոն ան սուրբը որուն սրբադասման արարողութիւնը տեղի ունեցած էր 19 հոկտեմբեր 2025-ին նոյն օրը երբ 1915-ի Մեծ Եղեռնի նահատակ Իգնատիոս Մալոյեանը եւա դասուեցաւ Կաթողիկէ Տիեզերական Եկեղեցւոյ սուրբերու շարքին։

Սուրբ Վարդարանը ծածուկ շարժիչ

Լեւոն ԺԴ.ը շարունակելով իր պատգամը շեշտեց աղօթքի և Սուրբ Վարդարանի առանցքային դերը, զայն նկարագրելով որպէս «ծածուկ շարժիչը», որ կը զօրացնէ բարիքի բոլոր գործերը: Ան հրաւիրեց քահանաները, կրօնաւորները, ընտանիքները, դաստիարակներն ու կամաւորները ըլլալու աղօթքի տէր մարդիկ, որոնք ունակ են արտացոլելու Աստուծոյ սէրը՝ առօրեայ ծառայութեան ընդմէջէն:

Յիսուս մեզ չլքող բարեկամը

Դիմելով ապա մանուկներուն և երիտասարդներուն, Լեւոն ԺԴ. յորդորեց զիրենք վստահելու այն անձերուն, որոնք խնամք կը տանին իրենց, և յատկապէս Յիսուս Քրիստոսին, զոր անուանեց «այն Բարեկամը, որ մեզ երբեք չի լքեր»: Ան առ այդ քաջալերեց բոլորը դառնալու յոյսի և ուրախութեան վկաներ այնպիսի աշխարհի մը մէջ, որ անոր մեծ կարիքն ունի:

Յանձնում Վարդարանի Տիրամօր

Խօսքին աւարտին Նորին Սրբութիւնը համայն մարդկութիւնը յանձնեց Վարդարանի Տիրամօր հովանիին՝ հայցելով խաղաղութիւն, համերաշխութիւն և բարիքի մէջ յարատեւութիւն, ապա հրաւիրեց բոլորը՝ յառաջանալու առատաձեռնութեամբ և վստահութեամբ:

Սոյն հանդիպումէն ետքը Նորին Սրբութիւնը յարակից փողոցներով և սրբավայրի հրապարակով անցնելէ ետք, ժամը 9.45-ին, կը ժամանէ Սրբավայր ուր Սրբավայրի մուտքին հանդիպում կ՜ունենայ այնտեղ զինք սպասող հիւանդներուն և հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2026, 09:30