Սրբազան Պապը համալսարանականներուն. «Եղէ՛ք խաղաղութեան արհեստաւորներ, վերազինումը կը հարստացնէ վերնախաւերը»
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Հինգշաբթի, 14 Մայիս 2026-ին, Լեւոն ԺԴ. Պապը հովուական այցելութիւն մը տուաւ Հռոմի «Լա Սափիենցա» (La Sapienza) համալսարանին։
Այցելութիւնը սկիզբ առաւ համալսարանի Վերատեսուչ Անթոնելլա Փոլիմենիի կողմէ պաշտօնական ընդունելութեամբ որմէ ետքը Նորին Սրբութիւնը այցելեց Համալսրանի «Աստուածային Իմաստութիւն» մատուռը, ուր հանդիպեցաւ խումբ մը ուսանողներուն հետ ու հակիրճ աղօթքէ մը ետքը խօսքը ուղղելով անոնց շեշտեց այցելութեան հովուական բնոյթը։
Հովուական բնոյթով այս մը
Իր համառօտ խօսքին մէջ, Պապը ընդգծեց, թէ անոնք, որոնք ճշմարտութիւնը կը փնտռեն եւ կ'ուսանին, խորքին մէջ զԱստուած կը փնտռեն, որ կը յայտնուի արարչագործութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան մէջ։ Ան համալսարանը բնորոշեց որպէս հաւատքի, գիտութեան եւ կեանքի գեղեցկութեան միջեւ հանդիպման արտօնեալ վայր մը ապա իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար՝ ուսանողներուն մաղթելով հոգեւոր եւ մարդկային իմաստով հարուստ ուսումնական ընթացք, նախքան իր օրհնութիւնը բաշխելը եւ համալսարանի զանազան բաժանմունքներուն մէջ այցելութիւնը շարունակելը։
Հովուական այցելութեան ընթացքին Քահանայապետը ապա ստորագրեց համալսարանի պատուոյ մատեանը մասնակցեցեաւ այցեութիւնը յիշատակող յուշատախտակի բացումին։ Ան նաեւ այցելեց «Իմաստութիւն եւ Պապութիւն» ցուցահանդէսը, որ նուիրուած է Պապութեան եւ համալսարանի միջեւ պատմական յարաբերութիւններուն։
Սրբազան Պապին ճառը
Օրուան գլխաւոր իրադարձութիւնն էր համալսրանի Մեծ Սրահին (Aula Magna) մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական հանդիպումը, որուն առիթով Քահանայապետը իր պատգամը ուղղեց ուսանողներուն ու համալսարանի դասախօներուն որուն մէջ զօրեղ կերպով դատապարտեց պատերազմները, վերասպառազինումը եւ արհեստագիտութեան չարաշահումը։
Այո՛ կեանքին
«Այն ինչ որ տեղի կ’ունենայ Ուքրանիոյ, Կազայի եւ պաղեստինեան տարածքներուն մէջ, Լիբանան ու Իրան, կը նկարագրէ պատերազմի եւ նոր արհեստագիտութիւններու միջեւ եղած յարաբերութեան անմարդկային զարգացումը՝ բնաջնջման պարոյրի մը մէջ։ Ուսումը, հետազօտութիւնը եւ ներդրումները հակառակ ուղղութեամբ պէտք է ընթանան. ըլլան արմատական “այո՛” մը կեանքին» ըսաւ Քահանայապետը։
Բանականութեան ապականումը
Գիտակցելով, որ նոր սերունդներուն կը փոխանցուի «պատերազմներով խեղանդամուած աշխարհ մը», Լեւոն Պապը դատապարտեց պատերազմներով եւ «պատերազմական խօսքերով» յատկանշուած համաշխարհային մթնոլորտը՝ խօսելով «բանականութեան ապականման» մասին, որ կը փճացնէ նաեւ ընկերային յարաբերութիւնները։ Ան յորդորեց չտարուիլ պատմութեան պարզունակ մեկնաբանութիւններով եւ վերագտնել այն արժէքները, որոնց վրայ հիմնուած են ժողովրդավարութիւնն ու ազատութիւնը։
Թշնամիներ ստեղծող պարզեցումը պէտք է սրբագրուի բարդութեան հանդէպ խնամքով եւ յիշողութեան վարժութեամբ. «“Այլեւս երբեք պատերազմ” աղաղակը... մեզ կը մղէ հոգեւոր դաշինքի մը՝ արդարութեան զգացումին հետ, որ կ’ապրի երիտասարդներու սրտերուն մէջ» նշեց Քահանայապետը։
Սպառազինման մրցավազքը
Տեսնելով ռազմական ծախսերու աճը, յատկապէս Եւրոպայի մէջ, Քահանայապետը զգուշացուց լեզուական խաբկանքներէն, քննադատելով զինուորական ծախսերու աճը՝ պնդելով, որ կարելի չէ «պաշտպանութիւն» կոչել այն վերասպառազինումը, «որ կ’աւելցնէ լարուածութիւնը, կը նուազեցնէ ներդրումները կրթութեան ու առողջապահութեան մէջ, կը հերքէ վստահութիւնը դիւանագիտութեան հանդէպ եւ կը հարստացնէ այն վերնախաւերը, որոնց բնաւ չի հետաքրքրեր ընդհանուր բարիքը»։
Մարդը՝ ոչ թէ Ալկորիթմ, այլ իղձ
Դիմելով երիտասարդներուն՝ Նորին Սրբութիւնը դատապարտեց այն համակարգը, որ մարդիկը կը վերածէ սոսկ թիւերու եւ արդիւնքներու՝ յառաջացնելով տագնապ ու մտահոգութիւն, յատկապէս երիտասրադներուն միջեւ եւ ասկէ մեկնելով Ան հաստատեց թէ «Մենք այն չենք, ինչ որ ունինք... Մենք իղձ ենք, եւ ոչ թէ ալկորիթմ», ապա հրաւիրեց զանոնք տագնապը վերածելու մարգարէութեան. «Ուսանեցէ՛ք, մշակեցէ՛ք եւ պահպանեցէ՛ք արդարութիւնը։ Ինծի հետ միասին եղէ՛ք իսկական խաղաղութեան արհեստաւորներ. զինաթափուած եւ զինաթափող խաղաղութիւն մը՝ խոնարհ ու յարատեւ» յորդորեց Լեւոն ԺԴ ու հրաւիրեց նեաւ վերագտնել պատմական յիշողութիւնը, արժեւորել բարդութիւնն ու ժողովրդավարական արժէքները՝ խուսափելով պարզունակ մօտեցումներէ եւ թշնամիներ ստեղծող գաղափարախօսութիւններէ։
Ուսուցման Առաքելութիւնը` դասաւանդելը սիրոյ ձեւ
Ուսուցիչներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Լեւոն ԺԴ. նշեց` որ դասաւանդելը չի կրնար սահմանափակուիլ միայն գիտելիքներու փոխանցմամբ.
«Դասաւանդելը սիրոյ (բարեգործութեան) ձեւ մըն է, ճիշդ այնպէս, ինչպէս ծովուն մէջ գաղթականի մը օգնելը կամ փողոցը աղքատի մը ձեռք մեկնելը... Դասաւանդել կը նշանակէ կեանքով վկայել արժէքները. ատիկա հոգատարութիւն է իրականութեան հանդէպ եւ ճշմարտութիւնը ըսել է» հաստատեց Լեւոն ԺԴ. եւ խօսքը աւարտեց ըսելով.
«Սիրելինե՛ր, մինչ ձեզ կը քաջալերեմ այս ամէնօրեայ վարժութեան մէջ, իմ այցելութիւնս կը միտի ըլլալ նշան մը կրթական նոր դաշինքի մը՝ Հռոմի Եկեղեցւոյ եւ ձեր հեղինակաւոր Համալսարանին միջեւ, որ ծնունդ առած ու հասակ նետած է ճիշտԵկեղեցւոյ գիրկին մէջ։ Բոլորդ կը վստահեցնեմ իմ աղօթքներուս մասին եւ ի սրտէ կը հայցեմ Տիրոջ օրհնութիւնը «Սափիենցա»-ի ամբողջ համայնքին վրայ։»
Հրաժեշտի խօսքեր` միասին կերտենք խաղաղութիւնը
Համալսարանէն հրաժեշտ առնելէն առաջ Լեւոն ԺԴ.ը վերջին խօսք մը ուղղեց բոլոր ներկաներուն դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին ապա հրաւէր ուղղեց ըսելով. «եկէ՛ք գործակցինք իրարու հետ, մենք բոլորս աշխարհի խաղաղութեան կերտողներն ենք։ Աշխատինք, սորվինք, ընենք ամէն ինչ՝ ընկերական յարաբերութիւններէն սկսեալ մինչեւ մեր բառերը ու մեր մտածելակերպը, որպէսզի կերտենք խաղաղութիւնը աշխարհի մէջ։ Միշտ յոյս ունեցէ՛ք նոր աշխարհ մը կառուցելու կարելիութեան հանդէպ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
