2026.05.30 Partecipanti all'Incontro Internazionale su "Educacion Sobre salud mental"

Մենք ալկորիթմներ չենք, օգնենք երիտասարդներուն, որոնք այսօր կը գտնուին ակնկալութիւններու լուծին տակ. Լեւոն ԺԴ.

Սրբազան Պապը ընդունեց «Յոյսի քարտէսներ՝ տարածաշրջանային կրթական օրակարգի մը համար» հանդիպման մասնակիցները, որուն նիւթերն են հոգեկան առողջութիւնը, թուային արհեստագիտութիւններն ու կրթութիւնը։ Ան իր հայեացքը ուղղեց դէպի երիտասարդները, որոնք յաճախ «ընկղմած են չափազանցուած մրցակցութեան մը մէջ, որ յառաջ կը բերէ տագնապ, անյարմարութեան վախ եւ կողմնորոշման կորուստ»։ Ան կը պնդէ հոգեկան առողջութեան հարցին մօտենալ ոչ միայն որպէս «քլինիքական կամ արհեստագիտական հարց»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Պապին ամբողջ հայեացքը ուղղուած է դէպի երիտասարդները, որոնցմէ շատեր «կը տիրապետեն հետզհետէ աւելի կատարելագործուած արհեստագիտական գործիքներու», բայց «դժուարութիւն ունին գտնելու իմաստ մը, որուն համար կարենան ապրիլ, յուսալ, սիրել եւ նոյնիսկ տառապիլ»։ Լեւոն ԺԴ. այս նիւթերուն շուրջ իր խորհրդածութիւնը բաժնեկցեցաւ «Յոյսի քարտէսներ՝ տարածաշրջանային կրթական օրակարգի մը համար» հանդիպման մասնակիցներուն հետ`շաբաթ 30 Մայիսի առաւօտեան։

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Վատիկանի պարտէզներու Պիոս Դ-րդ տաղաւարին մէջ (Casina Pio IV), կազմակերպուած՝ Մշակոյթի եւ կրթութեան Վերատեսչութեան, Լատին Ամերիկայի քահանայապետական յանձնաժողովի եւ Իպերօ-ամերիկեան պետութիւններու կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութեան (OEI) կողմէ։

“Բազմաթիւ դժուարութիւններու, առանձնութեան եւ հոգեբանական տկարութիւններու ետին յաճախ կը թագնուի լուռ հարցում մը. իմ կեանքս իմաստ մը ունի՞։ Արդեօք կա՞յ վստահելի յոյս մը ապագային համար։”

Իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը թելադրեց կրթութիւնը վերածել «յոյսի քարտէսի» եւ զայն նմանցուց ձեռագործ գորգի հիւսուածքին, ուր իւրաքանչիւր թել իր գոյնով կ՚իմաստաւորուի միայն ընդհանուր պատկերին մէջ։

Ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ այսօրուան երիտասարդները, թէեւ զինուած են ամենէն արդիական թուային միջոցներով, յաճախ կը տառապին ներքին դատարկութենէ, տագնապէ եւ մեկուսացումէ։ «Մենք բաղձանք ենք, եւ ոչ թէ ալկորիթմ (algorithm)»,- յիշեցուց Պապը՝ քննադատելով այն դրութիւնը, որ մարդը կը վերածէ սոսկ վիճակագրական տուեալի կամ սպառողի։

Քահանայապետը շեշտեց, որ հոգեկան առողջութեան հարցը չի կրնար լուծուիլ միայն բժշկական կամ հոգեբանական միջամտութիւններով։ Իսկական դարմանը կեանքի իմաստի վերագտնումն է։ Արհեստագիտութիւնը կրնայ մեզ իրարու կապել, բայց միայն կրթութիւնն է, որ կրնայ մեզ ձեւաւորել եւ ներքին կեանք մշակել։

Աւարտին, Լեւոն ԺԴ. կոչ ուղղեց հանրային հաստատութիւններուն, դպրոցներուն, համալսարաններուն եւ ընտանիքներուն՝ գործակցելու հաստատակամութեամբ, որպէսզի նոր սերունդին փոխանցուի ապագայի հանդէպ վստահութիւն եւ աւելի արդար ու եղբայրական աշխարհ մը կերտելու յոյսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2026, 10:15