Որոնել

2026.05.09 S.E. il Signor Alix Didier Fils-Aime, Primo Ministro di Haiti

Սուրբ Աթոռ. Լեւոն ԺԴ. հիւրընկալեց Հայիթիի Վարչապետը

«Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած սրտագին տեսակցութիւններու ընթացքին, գոհունակութիւն յայտնուեցաւ Սուրբ Աթոռի եւ Հայիթիի միջեւ գոյութիւն ունեցող բարի յարաբերութիւններուն համար: Այնուհետեւ անդրադարձ կատարուեցաւ այն թանկագին ներդրումին, զոր Եկեղեցին կը մատուցէ երկրին՝ այս մասնաւոր պահուն» կը կարդանք միշտ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Շաբաթ, 9 Մայիս 2026-ի առաւօտեան, Լեւոն ԺԴ. Պապը, Վատիկանի մէջ ընդունեց Հայիթիի Վարչապետ՝ Տիար Ալիքս Տիտիէ Ֆիլս-Էմէն (Alix Didier Fils-Aimé)» լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը որ ապա կը տեղեկացնէ թէ Հայիթիի կառավարութեան Ղեկավարը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ Յարաբերութեանց Քարտուղար՝ Փօլ Ռիչըրտ Կալլակէրի։

«Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած սրտագին տեսակցութիւններու ընթացքին, գոհունակութիւն յայտնուեցաւ Սուրբ Աթոռի եւ Հայիթիի միջեւ գոյութիւն ունեցող բարի յարաբերութիւններուն համար: Այնուհետեւ անդրադարձ կատարուեցաւ այն թանկագին ներդրումին, զոր Եկեղեցին կը մատուցէ երկրին՝ այս մասնաւոր պահուն» կը կարդանք միշտ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ:

«Խօսակցութեան շարունակութեան ընթացքին շօշափուեցան Հայիթիի արդիականութեան վերաբերող քանի մը թեմաներ, ինչպէս՝ ընկերա-քաղաքական իրավիճակը եւ մարդասիրական, գաղթականութեան ու ապահովութեան մարզերուն առնչուող հիմնախնդիրները: Նաեւ ակնարկութիւն կատարուեցաւ Միջազգային ընտանիքի կողմէ անհրաժեշտ աջակցութեան՝ ներկայ դժուարութիւններուն դիմագրաւման համար» նշուած է վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:



Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2026, 13:30