Ինքզինքս օրհնուած կը զգամ Փոմփէյի սրբավայր ժամանելով. Լեւոն ԺԴ

Այս սրբավայրին մէջ ապա գիտենք` որ մայրն ալ միշտ մեր հետն է. Ան մեզի կ՜ընկերանայ իր բարեխօսութեամբ իր զաւակներուն վերապահած սիրով։ Այս վստահութեամբ է որ պիտի աղօթենք միասին ու պիտի տօնախմբեն ուրախութիւնը ըլլալու Յիսուս Քրիստոսի մկրտեալ աշակերտները որոնք կոչուած են ըլլալու Քրիստոսին ներկայութիւնը աշխարհին մէջ, ըսաւ Սրբազան Պապը։
Ունկնդրէ այս եւ Քահանայապետին հայող այլ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Փոմփէյ կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս Լեւոն ԺԴ. Պապը այցելելէ ետք «Բարեսիրութեան Տաճար»-ը ուղղուեցաւ Փոմփէյի Սրբավայր ու սրբավայրի մուտքին նախ քան խումբ մը հիւանդներուն և հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն հետ հանդիպումը օրհնեց խաչ մը, որուն առիթով սրտաբուխ խօսք մը ուղղեց հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներուն որոնք եկած են մասնակցելու սուրբ պատարագին։

Նորին Սրբութիւնը «գեղեցիկ» նկատեց հանդիպումը զոր քիչ ետք տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Հաղորդութեան մէջ Յիսուսի Քրիստոսին հետ, «Յիսուս, ըսաւ Ան որ միշտ մեզ հետ կը քալէ եւ մեզի մօտիկ է»։

«Այս սրբավայրին մէջ ապա գիտենք` որ մայրն ալ միշտ մեր հետն է. Ան մեզի կ՜ընկերանայ իր բարեխօսութեամբ իր զաւակներուն վերապահած սիրով։ Այս վստահութեամբ է որ պիտի աղօթենք միասին ու պիտի տօնախմբեն ուրախութիւնը ըլլալու Յիսուս Քրիստոսի մկրտեալ աշակերտները, որոնք կոչուած են ըլլալու Քրիստոսին ներկայութիւնը աշխարհին մէջ», ըսաւ Սրբազան Պապը։

Ան ապա Սրբավայր մտնելով ողջունեց նաեւ այնտեղ համախմբուած 400-է աւելի հիւանդ եւ անկար հաւատացեալները, ըսելով` թէ ինք «օրհնուած կը զգայ ինքզինք սրբավայր ժամանելուն համար Սուրբ Կոյս Մարիամի Աղերսանքի օրուան առիթով եւ իր Քահանայապետութեան առաջին տարեդարձին առիթով» շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին անոնց ներկայութեան համար։

Սրբազան Պապը հուսկ   նշեց թէ բոլորը միասին, այսինքն հրապարակի վրայ գտնուող հաւատացեալները եւ անոնք որոնք ներկայ են սրբավայրին մէջ միասին պիտի մասնակցին պատարագին, միացած Յիսուսի Քրիստոսի եւ անոր ու մեր մօր Մարիամի մէջ։ «Յիսուս միշտ մեր հետն է ու կը քալէ մեր հետ» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը եւ իր օրհնութիւնը շնորհեց բոլոր ներկաներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2026, 10:36