«Մանուկներուն կողմէ փրկուած աշխարհը» «Մանուկներուն կողմէ փրկուած աշխարհը» 

Պապին պատգամը Թորինոյի Գիրքի Միջազգային Ցուցահանդէսին

38-րդ հերթական ցուցահանդէսին բացման արարողութեան ընթացքին, «Լինկոթթօ» (Lingotto) համերգասրահին մէջ, ընթերցուեցաւ Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ հեռագիրը՝ ուղղուած մետրոպոլիտ արքեպիսկոպոս Կարդինալ Ռոպերթօ Ռեփոլէին եւ միջազգային ցուցահանդէսի բոլոր մասնակիցներուն։ «Գրականութիւնը ըլլայ «եղբայրութեան եւ խաղաղութեան դպրոց»։

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

«Կայ կարիքը գրականութեան մը, որ կ’օգնէ ճանչնալու իւրաքանչիւր անհատի արժանապատուութիւնը, յատկապէս ամենախոցելիներուն, եւ որ աւելի ու աւելի դառնայ եղբայրութեան ու խաղաղութեան դպրոց»։ Ասիկա Լեւոն ԺԴ Պապին մաղթանքն է՝ յղուած Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրած հեռագրին մէջ, Թորինոյի Միջազգային Գիրքի Ցուցահանդէսին առիթով, որ տեղի կ’ունենայ Մայիս 14-էն 18-ը։ Ողջոյնի խօսքը այս առաւօտ ընթերցեց ցուցահանդէսի տնօրէնուհի Աննալենա Պենինին՝ բացման արարողութեան ժամանակ։

Ցուցահանդէսի այս տարուան բնաբանն է «Մանուկներուն կողմէ փրկուած աշխարհը» զոր Քահանայապետը պատգամին մէջ որակած է «չափազանց նշանակալից եւ արդիական»։

«Այնպիսի ժամանակաշրջանի մէջ, որ կարծես կը խեղդուի պատերազմի սարսափէն եւ անտարբերութեան սառուցումէն, մանուկները, աշխարհին նոր աչքերով նայելու իրենց բնածին կարողութեամբ, հասարակութեան մէջ յոյսի լոյս կը վառեն» գրուած է Քահանայապետական պատգամին մէջ որուն մէջ ապա յոյս յայտնուած է, որ «այս իրադարձութիւնը արթնցնէ նորոգուած գիտակցութիւն մը՝ երկխօսութեան եւ համերաշխութեան կերտման գործին մէջ մշակոյթի ունեցած կարեւորութեան շուրջ»։

«Պատգամին բառերը կը վերյիշեցնեն Քահանայապետին արտասանած խօսքերը՝ Վատիկանի Հրատարակչատան (LEV) անձնակազմին հետ հանդիպման ժամանակ, վերջինիս հիմնադրման հարիւրամեակին առթիւ։

Հրատարակչատունը ներկայ պիտի ըլլայ Թորինոյի ցուցահանդէսին սեփական տաղաւարով եւ զանազան ձեռնարկներով։ Անցեալ Մայիս 7-ին, Լեւոն ԺԴ արդարեւ յիշեցուցած էր, թէ «կարդալը միտքը սնանել է. ան կ’օգնէ սնուցանելու գիտակից եւ կազմաւորուած քննադատական միտք մը, զգուշանալու հիմնապաշտութենէ եւ գաղափարական կարճ ճամբաներէ»։ Ան յորդորած էր բոլորին գիրքեր կարդալ՝ որպէս դեղամիջոց մտային փակուածութեան դէմ, որ կ’արտայայտուի կարծրացած կեցուածքներով եւ իրականութեան հանդէպ նեղմիտ տեսանկիւններով»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2026, 12:00