2026.05.09 Membri della Fondazione Giovanni Paolo II per il Sahel

Լեւոն ԺԴ Պապի հանդիպումը Սահելի համար «Յովհաննէս Պօղոս Բ» հիմնադրամի անդամներուն հետ

Լեւոն ԺԴ. դրուատեց Հիմնադրամի վերանորոգման ընթացքը, որ իր լրումին հասաւ նոր կանոնագրութեան որդեգրմամբ եւ ղեկավար մարմիններու վերակազմութեամբ։ Ան ապա ընդգծեց, որ տկարներու եւ «հասրակաց տան» պաշտպանութիւնը կը պահանջէ պատասխանատուութիւն, գործակցութիւն եւ յանձնառութիւն՝ ի նպաստ մարդկային արժանապատուութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Շաբաթ` 9 Մայիս 2026-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Սահելի համար «Յովհաննէս Պօղոս Բ» հիմնադրամի վարչական խորհուրդին եւ հանդիպման ընթացքին անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ Ան «նոր սկիզբ» մը մաղթեց կազմակերպութեան։

Իր խօսքին մէջ Քահանայապետը վերյիշեց խաղաղութեան համամարդկային արժէքը՝ միջազգային այնպիսի համապատկերի մը մէջ, որ յատկանշուած է հակամարտութիւններով, քաղաքական անկայունութեամբ, ահաբեկչութեամբ եւ կլիմայական տագնապներով։

Ան յիշեցուց, թէ ինչպէս 1980-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կողմէ հիմնադրուած այս կազմակերպութիւնը մինչեւ օրս կը հանդիսանայ Արեւմտեան Ափրիկէի ժողովուրդներուն հանդէպ Եկեղեցւոյ մօտիկութեան շօշափելի նշանը։

Լեւոն ԺԴ. դրուատեց Հիմնադրամի վերանորոգման ընթացքը, որ իր լրումին հասաւ նոր կանոնագրութեան որդեգրմամբ եւ ղեկավար մարմիններու վերակազմութեամբ։ Ան ապա ընդգծեց, որ տկարներու եւ «հասրակաց տան» պաշտպանութիւնը կը պահանջէ պատասխանատուութիւն, գործակցութիւն եւ յանձնառութիւն՝ ի նպաստ մարդկային արժանապատուութեան։

«Չեմ տարակուսիր, որ Հիմնադրամի այս նոր ուղին ձեզ կը դնէ մարտահրաւէրներով բնորոշուող անյայտի մը առջեւ։ Ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապը կ’ըսէր, այս մարտահրաւէրները ահռելի են, բայց մենք միասնաբար առաջ պիտի երթանք սիւնհոդոսական ոգիով եւ վերանորոգուած յանձնառութեամբ՝ առանց յոյսը կորսնցնելու» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքի աւարտին Հիմնադրամի գործունէութիւնը վստահելով Սուրբ Կոյս Մարիամի պաշտպանութեան եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի բարեխօսութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2026, 12:05