Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Հռոմի նոր օգնական եպիսկոպոսներուն. «Հասէ՛ք քաղաքի "մերժուած քարերուն"»

Մայիս 2-ին, Լատերանեան Պազիլիքայիn մէջ, Սրբազան Պապը նախագահեց չորս նոր օգնական եպիսկոպոսներու (Ալեսանտրօ Զենոպպի, Սթեֆանօ Սփարափանի, Անտրէա Քարլեվալէ եւ Մարքօ Վալենթի) օծման արարողութիւնը։ Իր քարոզին մէջ Ան յորդորեց նորընտիր առաջնորդները ըլլալ «փողոցի հովիւներ», որոնք յատուկ խնամք կը տանին տկարներուն եւ անոնց, որոնք կը ճնշուին աշխարհիկ տիրապետութեան տրամաբանութեան տակ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

«Ժողովրդային տօնախմբութիւն մը»։ Այսպէս է որ Լեւոն Պապը բնորոշեց մայիս 2-ի կէսօրէ ետք, Սուրբ Յովհաննէս Լատերանեան տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագը, որուն ընթացքին ձեռնադրեց Հռոմի Թեմի նոր օգնական չոր եպիսկոպոսներ որոնք նշանակուած էին փետրուար 25-ին՝ Հռոմի կղերական դասին մէջէն. Ալեսանտրօ Զենոպպի, Սթեֆանօ Սփարափանի, Անտրէա Քարլեվալէ եւ Մարքօ Վալենթի։ Տօնախմբութիւն մը՝ հասկցուած իբրեւ փոխադարձ խնամք նոր հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն միջեւ, որոնք կը վստահին անոնց՝ առաջնորդուելու համար Հռոմ քաղաքի հովուական եւ ընկերային կեանքին մէջ։

Քարոզին կեդրոնը դարձեալ Եկեղեցւոյ միութեան թեման էր, որ Քրիստոսի հետ սերտօրէն կապուած ըլլալով՝ կը դառնայ «ամուր եւ հիւրընկալ տուն»։ Նոյնպէս շեշտուեցաւ աշխարհի կողմէ այսպէս կոչուած «մերժուածներու» պաշտպանութիւնը, որոնց պէտք է հասնի Քահանայապետի օգնականներուն մօտիկութիւնն ու գրկախառնումը։

Հանդիսաւոր արարողութիւնը յատկանշուեցաւ համայնքային խոր զգացումով մը, որ կը գրկէ Տիրոջ այգիին նոր Հովիւները։

Մերժուած քարերը որպէս հիմք.

Յղում կատարելով Քրիստոսի՝ իբրեւ «անտեսուած քարին», Քահանայապետը քարոզին մէջ շեշտեց, որ եկեղեցւոյ առաքելութեան սիրտը պէտք է ըլլայ այն մարդոց մօտենալը, զորս հասարակութիւնը դուրս կը մղէ։ «Ոչ ոք, բացարձակապէս ոչ ոք պէտք է զինք Աստուծմէ մերժուած զգայ»,— ըսաւ ան։

Դէմ՝ «պատմութեան աղբի» գաղափարին.

Նորին Սրբութիւնը խստօրէն քննադատեց զօրաւորներու այն ամբարտաւանութիւնը, որ կը փորձէ ձեւաւորել «երկրի ճարտարապետութիւնը»՝ օգտագործելով հակամարտութիւնները միայն ուժեղները զատելու համար։ Ան դատապարտեց այն մտայնութիւնը, որ պարտուածները կը նկատէ սոսկ «պատմութեան աղբ»։

Ծառայութեան ոճը

Սրբազան Պապը նորօծ եպիսկոպոսներուն յորդորեց չփնտռել արտօնութիւններ կամ առաջին տեղերը, այլ հետեւիլ Յիսուսի օրինակին, որ եկաւ ծառայելու եւ ոչ թէ ծառայութիւն ընդունելու։ «Մի՛ սպասէք, որ ձեզ փնտռեն, դուք եղէ՛ք գտնուողը»,— պատգամեց ան։

Շարունակականութիւն

Ան ապա յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին «Աւետարանի ուրախութիւնը» (Evangelii gaudium) շրջաբերականը՝ վերահաստատելով Եկեղեցւոյ դերը որպէս «դաշտային հիւանդանոց», ուր բոլորը ընդունելի են։

Ձեռնադրութեան ընթացքին կատարուեցան աւանդական ծիսական արարողութիւնները. ձեռնադրութիւնը, սրբալոյս միւռոնով օծումը, ինչպէս նաեւ մատանիի, խոյրի եւ գաւազանի յանձնումը՝ իբրեւ հոգեւոր իշխանութեան եւ Եկեղեցւոյ հետ հաւատարմութեան խորհրդանիշ։

Քահանայապետը իր խօսքը աւարտեց Աստուածամօր՝ Salus Populi Romani-ի հովանիին վստահելով նոր եպիսկոպոսները, որպէսզի անոնք ըլլան Բարի Հովիւին կենդանի արտացոլումը քաղաքին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/05/2026, 18:30