Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց «Վիլլա Նազարէթ» համայնքի անդամները
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
«Վիլլա Նազարէթի» 80-ամեակի առթիւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Շաբաթ 30 Մայիս 2026-ի կէսօրէն ետքը ժամը հինգին, Առաքելական Պալատի Օրհնութիւններու դահլիճէն ներս ընդունեց անոր հազարէ աւելի անդամները` Հիմնարկի Նախագահ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի գլխաւորութեամբ։
Կարդինալ Փարոլինի ողջոյնի խօսքը
Հանդիպման սկիզբը Կարդինալ Փարոլինը ողջոյնի խօսք ուղղեց Սրբազան Պապին, որուն մէջ ակնարկեց «Վիլլա Նազարէթի» ութսուն ամեայ պատմութեան, հաստատելով` թէ սոյն յոբելեանը եւ 80 տարուան գործունէութիւնը կը հաստատեն հաստատութեան արժէքներու տոկունութիւնը եւ անոր շարունակական առաքելութիւնը՝ ի սպաս Եկեղեցւոյ, երիտասարդութեան եւ հասարակութեան:
Ծիրանաւորը ապա խօսեցաւ հաստատութեան ու Սուրբ Աթոռի միջեւ գոյութիւն ունեցող յատուկ կապի մասին, անոր հիմնադրութենէն ի վեր` 1946-ին՝ Կարդինալ Տոմենիքօ Թարտինիի կողմէ։
Յոյսի լսարան
«Հաստատութեան նպատակն է ըլլալ «յոյսի լսարան»՝ ծառայելով այնպիսի մշակոյթի մը, որ կը քաջալերէ մարդոց միջեւ եղբայրութիւնն ու Քրիստոսի փրկութեան բացայայտումը», նշեց ի միջի այլոց Ծիրանաւորը իր խօսքին մէջ մեծարելով Կարդինալ Թարտինին, որ Համաշխարհային Բ. Պատերազմէն ետքը բացաւ «Վիլլայի» դռները՝ ընդունելու համար որբ, չքաւոր, բայց խելացի մանուկները՝ միացնելով հաւատքը, մշակոյթն ու բարեգործութիւնը:
Կարդինալ Փարոլինին հետեւեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը` ուղղուած բոլոր ներկաներուն, որուն սկիզբը Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նախ Կարդինալ Փարոլինին ապա բոլոր ներկաներուն ողջունելով նաեւ Վիլլա Նազարէթի զանազան բաղադրիչներու ներկայացուցիչները՝ Նազարէթի Սուրբ Ընտանիք Հիմնադրամը, Տոմենիքօ Թարտինի Համայնքի Ընկերակցութիւնը, Տոմենիքօ Թարտինի Համայնքի Հիմնադրամը, ինչպէս նաեւ Գոլէճի ուսանողները, «որոնք, ըսաւ Քահանայապետը, վկաներն են այնպիսի ուղիի մը, որ տեսած է այս իրականութեան աճումն ու փոփոխութիւնը»։
Հաստատութեան պատմութեան նշանաւոր դէմքեր
Ան ապա ուզեց յիշել հաստատութեան պատմութեան քանի մը նշանաւոր դէմքերը՝ հիմնադիր Կարդինալ Տոմենիքօ Թարտինին, ապա անոր առաջին յաջորդը՝ Կարդինալ Անթոնիօ Սամորէն, եւ Կարդինալ Աքիլլէ Սիլվեսթրինին՝ սկզբնական ծրագրի արդիւնաւէտ ու հեղինակաւոր մեկնաբանը։ «Սակայն մեր երախտագիտութիւնը կ՚երթայ նաեւ բազմաթիւ ուսանողներու, նախկին աշակերտներու, բարեկամներու եւ ընտանիքներու, որոնք թանկագին ներդրում ունեցած են» յարեց Նորին Սրբութիւնը։
Նշան ու գործիք կրթութեան եւ խաղաղութեան
«Villa Nazareth»ը ծնունդ առաւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի արհաւիրքներէն ետք՝ 1946-ին, որպէս նշան եւ գործիք կրթութեան եւ խաղաղութեան» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ ակնարկելով Հիմնադիրին տեսլականին թէ տեւական խաղաղութիւն կերտելու համար անհրաժեշտ էր պատրաստել պատասխանատու երիտասարդներ, որոնք առաջնորդ պիտի դառնային բարիք գործելու մէջ։
Այս հաստատութիւնը ծնունդ առաւ իբրեւ լայնաշունչ հոգեւոր, մտաւոր ու բարոյական կրթարան, որ յատուկ հնարաւորութիւն կու տար այն տաղանդաւոր ու կամեցող երիտասարդներուն, որոնք ուսում ստանալու նիւթական միջոցներէն զուրկ էին։
«Վիլլա Նազարէթի կրթական առաջարկը կը ներշնչուի խորունկ քրիստոնէական եւ մարդկային արժէքներով, ուր ուսանողները կը քալեն համայնքային կեանքի իւրայատուկ ուղիով մը՝ շրջապատուած փորձառու դաստիարակներով»։
Կարդինալ Սիլվեսթրինիի աւանդը
Այս ոգեշնչող ճամբուն վրայ Քահանայապետը կարեւորեց Կարդինալ Սիլվեսթրինիի թողած աւանդը, որուն ուսուցումները մինչեւ օրս կը գործեն իբրեւ ուղեցոյց, ապա ակնարկեց Ոտնլուայի դրուագին եւ Բարի Սամարացիի առակին որպէս այլ կեանքի ոճի օրինակներ, որոնք կը յիշեցնեն Տիրոջ աշակերտի իսկական կոչումը․ ծառայութիւն չընդունիլ, այլ ծառայել եւ գործնական սէր ցուցաբերել ճամբու ընթացքին հանդիպող իւրաքանչիւր անհատի հանդէպ։
Մարդկայինի կարեւորութիւնը
«Այս հեռանկարով, լաւ է յիշել այն ինչ` որ Ֆրանչիսկոս Պապը կը գրէր. «Մենք լիովին մարդկային կը դառնանք, երբ աւելին ենք քան մարդկայինը, երբ թոյլ կու տանք Աստուծոյ առաջնորդել մեզ մեր անձերէն անդին՝ հասնելու համար մեր ամենաճշմարիտ էութեան» (Apostolic Exhortation «Evangelii gaudium», 8)» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը եւ ակնարկեց իր վերջերս հրատարակած Շրջաբերականին ուր գրած է` թէ, «այն ինչ որ կը փրկէ մարդկայինը՝ հզօրացած ինքնաբաւութիւնը չէ, այլ ազատագրող յարաբերութիւն մը, կերպարանափոխող հաղորդութիւն մը» («Magnifica humanitas», 128)։
«Այսօր մարդկութիւնը կը գտնուի «վճռական ընտրութեան մը առջեւ. կանգնեցնել Բաբելոնի նոր աշտարակ մը, թէ՞ կառուցել այն քաղաքը, ուր Աստուած եւ մարդկութիւնը միասին կը բնակին [...] ուր իւրաքանչիւր անձի արժանապատուութիւնը պաշտպանուած է, արդարութիւնը՝ խրախուսուած, իսկ եղբայրութիւնը՝ կարելի դարձած» (նոյն տեղը, 1)» աւելցուց Քահանայապետը նկատել տալով թէ «այս երկու պատկերները մեզի կը յիշեցնեն, թէ ինչպէ՛ս պէտք է գործել՝ դիմագրաւելու համար մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները»։
Կազմաւորման կարեւորութիւնը
Լեւոն Պապը վերյիշեց հուսկ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի եւ Պենետիկտոս ԺԶ. Պապին խօսքերը՝ ուղղուած «Վիլլա Նազարէթ» համայնքին ուր շեշտուած է կազմաւորման կարեւորութիւնը, որ կը միացնէ հաւատքը, բանականութիւնն ու մշակոյթը. իմաստութիւն մը, որ մարդկային բանականութիւնն ու գործելակերպը կ'ուղղէ դէպի սէր եւ ծառայութիւն՝ յաղթահարելով հպարտութիւնն ու տիրապետելու փափաքը։
Պենեդիկտոս ԺԶ. նաեւ լուսարձակի տակ դրած է քրիստոնէական մշակոյթի դերը՝ ընկերակցելու համար անոնց, որոնք ճշմարտութեան փնտռտուքի մէջ են, եւ պատասխանելու իւրաքանչիւր անձի խորունկ կարիքներուն։
Գործը շարունակել նորոգուած թափով
«Ասոնք աւելի քան երբեք վաւերական կոչեր են նաեւ այսօր՝ այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ երիտասարդները ունին գիտելիքի եւ հրաշալի աճումի հնարաւորութիւններ ու միջոցներ, բայց նաեւ մեծ պէտքը ունին լոյսի եւ առաջնորդութեան, յատկապէս միութիւն ստեղծելու համար մտքի ու հոգիի, հաւատքի, ուսումի, մասնագիտութեան եւ կեանքի միջեւ» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. որ իր կարգին արձագանգելով իր Նախորդներուն՝ յորդորեց, «նորոգուած թափով շարունակել գործը»։
«Ի սրտէ շնորհակալ եմ բոլորիդ՝ դաստիարակներ, ուսանողներ, անդամներ, նախկին սաներ, բարեկամներ՝ այն բարիքին համար, որով ամէն օր կը հարստացնէք Եկեղեցին ու ընկերութիւնը։ Ձեզ կը յանձնեմ Մարիամին՝ Իմաստութեան Մօր եւ մեր ճամբու Աստղին, մինչ ի սրտէ բոլորիդ կը շնորհեմ Առաքելական Օրհնութիւնը» եղան Լեւոն ԺԴ. Պապի ճառին եզրափակիչ խօսքերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
