2026.03.17 Papa Leone XIV Videomessaggio Ceama Amazzonia 2026

«Քու Թագաւորութիւնդ Գայ 2026». Լեւոն ԺԴ. Պապին լսատեսղական պատգամը

Իր պատգամին մէջ Սրբազան Պապը շեշտեց «Աստուած-մեզի-հետ» ըլլալու նշանակութիւնը՝ վերյիշեցնելով Եսայի մարգարէին կողմէ աւետուած եւ Յիսուս Քրիստոսով իրականացած Էմմանուէլի կերպարը: Ան բացատրեց, որ Յարութեան շրջանին քրիստոնեաները կը տօնակատարեն Յարուցեալ Տիրոջ կենդանի ներկայութիւնը, որ Սուրբ Հոգիին պարգեւով կը շարունակէ ընկերակցիլ Եկեղեցիին: Լեւոն ԺԴ. Պապը նաեւ յորդորեց հաւատացեալները քաջութեամբ աւետելու Աւետարանը՝ զայն որակելով այն «Բարի Լուր»ը, որ պէտք է բաժնեկցիլ բոլորին հետ:

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան 

«Thy Kingdom Come 2026» (Եկեսցէ Արքայութիւն Քո) համաշխարհային միջեկեղեցական աղօթքի շարժումի կազմակերպած միջեկեղեցական աղօթքի ձեռնարկին առթիւ, որ կը միաւորէ միլիոնաւոր քրիստոնեաներ տարբեր դաւանանքներէ (կաթողիկէ, անկլիքան, ուղղափառ եւ ազատ եկեղեցիներ) ամբողջ աշխարհի տարածքին, եւ զոր տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի՝ Համբարձման տօնէն մինչեւ Հոգեգալուստ երկարող օրերուն միջեւ` 2026-ի Մայիս 14-էն 24-ը, Լեւոն ԺԴ Պապը տեսապատգամ մը ուղղեց հաւատացեալներուն հրաւէր ուղղելով յոյսի, աղօթքի եւ քրիստոնէական վկայութեան։

Ան յիշեցուց, որ մարդուն ամենախոր փափաքը Աստուծոյ հանդիպիլն է՝ մէջբերելով Սուրբ Օգոստինոսի խօսքը. «Մեր սիրտը անհանգիստ է, մինչեւ որ չհանգչի Քու մէջդ»:

Աստուած մեզի հետ

Իր պատգամին մէջ Սրբազան Պապը շեշտեց «Աստուած-մեզի-հետ» ըլլալու նշանակութիւնը՝ վերյիշեցնելով Եսայի մարգարէին կողմէ աւետուած եւ Յիսուս Քրիստոսով իրականացած Էմմանուէլի կերպարը: Ան բացատրեց, որ Յարութեան շրջանին քրիստոնեաները կը տօնակատարեն Յարուցեալ Տիրոջ կենդանի ներկայութիւնը, որ Սուրբ Հոգիին պարգեւով կը շարունակէ ընկերակցիլ Եկեղեցիին:

Լեւոն ԺԴ. Պապը նաեւ յորդորեց հաւատացեալները քաջութեամբ աւետելու Աւետարանը՝ զայն որակելով այն «Բարի Լուր»ը, որ պէտք է բաժնեկցիլ բոլորին հետ:

Աղօթելու կարեւորութիւնը

Ան հաստատեց, որ «Քու Թագաւորութիւնդ Գայ» իննօրեայ աղօթքի օրերը առանձնայատուկ առիթ մըն են աղօթելու, որպէսզի աւելի ու աւելի շատ մարդիկ կարողանան հանդիպիլ Աստուծոյ փրկարար սիրոյն եւ այս առնչութեամբ յիշեցուց աղօթելու կարեւորութիւնը Լեւոն ԺԴ. պատգամը եզրափակեց՝ մէջբերելով Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Զատկուան Հսկումի քարոզին ընթացքին արտասանած քանի մը խօսքերը.

«Ինչպէս այն կիները, որոնք վազեցին իրենց եղբայրներուն աւետիսը տալու, մենք եւս կ'ուզենք ճամբայ ելլել՝ բոլորին տանելու համար այն բարի լուրը, թէ Յիսուս յարութիւն առած է, եւ թէ իր զօրութեամբ՝ Իր հետ յարուցեալ, մենք ալ կրնանք կերտել նոր աշխարհ մը՝ խաղաղութեան եւ միասնութեան աշխարհ մը, որպէս «մարդոց բազմութիւն եւ միաժամանակ մէկ մարդ, որովհետեւ թէեւ քրիստոնեաները բազմաթիւ են, սակայն Քրիստոս մէկ է»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2026, 12:00