Լեւոն ԺԴ. յիշեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի դէմ մահափորձի 45 ամեակը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ 13 Մայիսին գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան սկիզբը Քահանայապետական «փափամոպիլ»-ով շրջագայութեան ընթացքին, Լեւոն ԺԴ. Պապը կանգ առաւ եւ ծնրադրեց այն վայրին վրայ, ուր քառասունհինգ տարիներ առաջ՝ 13 Մայիս 1981-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին մէջ տեղի ունեցած էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի դէմ մահափորձը։
Քահանայապետը ապա ունկնկդրութեան ընթացքին զանազան լեզուներով ուղղած իր ողջոյնի խօսքերուն մէջ անգլիախօս հաւատացեալներուն ուղղած խօսքին մէջ նշեց. «Այսօր կը նշենք Ֆաթիմայի Սուրբ Տիրամօր յիշատակը։ Քառասունհինգ տարի առաջ՝ ճիշդ այս օրը, տեղի ունեցաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին դէմ սպանութեան փորձը, եւ այս պատճառներով է, որ այսօրուան խորհրդածութիւնս նուիրեցի Սուրբ Կոյս Մարիամին»։
Սրբազան Պապը յիշեց ապա վաղը յիշատակուող Տիրոջ Համբարձման տօնը, «որ կը խորհրդանշէ Անոր մարդկային բնութեան մուտքը երկինք» ըսաւ Ան եւ աւելցուց. «Մինչ կը սպասենք Յիսուսի փառաւոր երկրորդ գալուստին, առաքեալներուն նման մենք ալ մեզ յանձնենք Սուրբ Կոյսին»։
Իսկ փորթուկալցի հաւատացեալներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Պապը յիշեց Ֆաթիմայի Տիրամօր ծիսական տօնը ըսելով. «Այսօր՝ Ֆաթիմայի Երանելի Կոյս Մարիամի ծիսական տօնին առթիւ, մեր հայեացքը ուղղենք դէպի Սրբավայրը, ուր Տիրամայրը խաղաղութեան պատգամ մը փոխանցեց երեք հովուիկներուն։ Այդ վայրին մէջ, որ այնքան թանկ է քրիստոնէութեան համար, այսօր հաւաքուած են բազմաթիւ ուխտաւորներ՝ եկած հինգ ցամաքամասերէն. անոնց ներկայութիւնը մեր ժամանակակիցներուն սփոփանքի, միասնութեան եւ յոյսի կարիքին նշանն է։ Մարիամի Անարատ Սրտին կը յանձնենք խաղաղութեան եւ համերաշխութեան աղաղակը, որ կը բարձրանայ աշխարհի ամէն կողմէն, յատկապէս պատերազմէ տառապող ժողովուրդներէն»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
