Որոնել

2026.05.26 Papa Leone Castelgandolfo

Լեւոն Պապ. Օգնել Կազայի տառապող ժողովուրդին եւ յարգել մարդկային իրաւունքները

«Յարգել բոլորին մարդկային իրաւունքները եւ օգնել Կազայի ժողովուրդին, ապա կարեւոր է շարունակել երկխօսութիւնը եւ իրապէս փնտռել զինաթափուած արհեստական բանականութիւն մը», ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, նշելով, որ «այսօր պատերազմը կը մղուի ԱԲ-ով», ինչպէս «Լիբանանի մէջ» եւ «աշխարհի այլ վայրերու մէջ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ըստ սովորութեան` երեքշաբթի օր, 26 մայիս 2026-ին, Քասթել Կանտոլֆոյի Վիլլա Պարպերինիի մէջ անցուցած հանգիստի եւ աշխատանքի օրուան աւարտին Սրբազան Պապը նախ քան Հռոմ վերադառնալը Քահանայապետական Պալատի մուտքին պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն՝ կապուած «Global Sumud Flotilla»ի աշխուժակներուն հետ, որոնք ձերբակալուած էին իսրայէլեան բանակին կողմէ, երբ կը ջանային օգնութիւն հասցնել Կազա, եւ որոնք պատմած են, թէ ծեծի ու վատ վերաբերմունքի ենթարկուած են։

Քահանայապետը շեշտեց` թէ այս ամէնը «աւելի ու աւելի ատելութիւն կը հրահրէ»։ «Բռնութիւնը չ'օգներ», յարեց Ան, անհրաժեշտ է «վերադառնալ բանակցութիւններուն», «ջանալ երկխօսութեամբ լուծել խնդիրները՝ միշտ յարգելով բոլորին մարդկային իրաւունքները»։ «Դժբախտաբար, Կազայի ժողովուրդը տակաւին մարդասիրական օգնութիւն չի ստանար։ Ասիկա բողոքներ, դժուարութիւններ, ինչպէս նաեւ Նաւատորմիղի մասնակիցներուն գործողութիւնները կը պատճառէ», նկատել տուաւ Ան, ու դիմեց «բոլոր իշխանութիւններուն», որպէսզի աջակցին ու ընկերակցին «Կազայի ժողովուրդին», որ «կը տառապի», եւ փոխարէնը՝ սատարեն «վերակառուցման»։

Քահանայապետին ուղղուած այլ հարցում մը կը վերաբերէր Արհեստական Բանականութեան՝ իր «Magnifica humanitas» Շրջաբերական նամակին հրատարակումին առիթով, որ լոյս տեսաւ երկուշաբթի օր` որուն առնչութեամբ Լեւոն Պապը կոչ ըրաւ շարունակել երկխօսութիւնը ԱԲ-ի խոշոր ընկերութիւններուն հետ ակնարկելով այն աշխատանքին, զոր Մարդկային Համապարփակ Զարգացման Ծառայութեան Վերատեսչութիւնը կը տանի Anthropic-ի ընկերութեան հետ։

«Կը կարծեմ, թէ շատ կարեւոր է շարունակել երկխօսութիւնը եւ իրապէս փնտռել զինաթափուած արհեստական բանականութիւն մը», ըսաւ Սրբազան Պապը` նշելով, որ «այսօր պատերազմը կը մղուի ԱԲ-ով», ինչպէս «Լիբանանի մէջ» եւ «աշխարհի այլ վայրերու մէջ», «առանց մտածելու մարդկային կեանքերուն մասին, որոնք իրապէս այս ամբողջին զոհերն են»։ Ան առ այդ նորոգեց իր խաղաղութեան ի սպաս կոչը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2026, 08:00