2026.05.09 Membri della Fondazione Edith-Wagner-Haberland-Foundation, e Augustiner Brewery

Սրբազան Պապը ընդունեց «Augustiner» գարեջրագործարանի ուխտաւորները

Ուրախ եմ ողջունելու ձեզ բոլորդ՝ Հռոմ կատարած ձեր ուխտագնացութեան առիթով: Մասնաւորապէս, երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ այս ձեւով Պետրոս Առաքեալի Աթոռին իմ ընտրութեան տարեդարձը յարգելու ձեր որոշման, ինչպէս նաեւ իմ ծառայութեան հանդէպ ձեր աղօթքներով սատարման համար», ըսաւ Սրբազան Պապը այս առիթով արտասանած իր խօսքին սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ Միւնիխի հռչակաւոր գարեջրագործարանի արտադրանքներու նուիրաբերման խորհրդանշական ժեստին համար
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Շաբաթ` 9 Մայիս 2026-ին, Լեւոն ԺԴ Պապը ի շարս այլ հանդիպումներու Վատիկանի մէջ ընդունեց «Էտիթ Հապըրլանտ-Վակնըր Հիմնարկութեան» (Edith Haberland-Wagner Foundation) եւ «Աուկուսթինըր» (Augustiner) գարեջրագործարանի ուխտաւորները, որոնք Հռոմ ժամանած էին իր գահակալութեան տարեդարձին առթիւ։

«Ուրախ եմ ողջունելու ձեզ բոլորդ՝ Հռոմ կատարած ձեր ուխտագնացութեան առիթով: Մասնաւորապէս, երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ այս ձեւով Պետրոս Առաքեալի Աթոռին իմ ընտրութեան տարեդարձը յարգելու ձեր որոշման, ինչպէս նաեւ իմ ծառայութեան հանդէպ ձեր աղօթքներով սատարման համար», ըսաւ Սրբազան Պապը այս առիթով արտասանած իր խօսքին սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ Միւնիխի հռչակաւոր գարեջրագործարանի արտադրանքներու նուիրաբերման խորհրդանշական ժեստին համար որ ըսաւ Ան «ինծի առիթ կու տայ երկու մտածումի կէտ առաջարկելու։ Առաջինը՝ ձեր կապն է Օգոստինեան Միաբանութեան հետ, որ բնականաբար շատ նշանակալից ազդեցութիւն ունեցած է նաեւ իմ սեփական կեանքիս վրայ» յարեց Սրբազան պապը եւ ակնարկեց Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերուն `թէ «բոլորս ալ Աստուծոյ տրուած պարգեւներ եւ տաղանդներ ունինք, եւ թէ մեր նպատակը, լիակատարութիւնը եւ ուրախութիւնը կը բխին զանոնք Աստուծոյ եւ մեր մերձաւորին սիրալիր ծառայութեան մէջ վերադարձնելէ» (Տեսաուղերձ՝ Սուրբ Թովմաս Վիլանովացիի Օգոստինեան Նահանգին, 29 Օգոստոս 2025)։

«Ուստի յոյս ունիմ, որ ձեր ուխտագնացութիւնը ոչ միայն պիտի զօրացնէ ձեզ հաւատքի մէջ, այլ նաեւ պիտի ներշնչէ ձեզ շարունակելու ծառայել ձեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, մանաւանդ անոնց, որոնք առ աւելիով կարիքի մէջ են» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. ապա ակնարկեց երկրորդ կէտին որ Ֆրանչիսկոս Պապի «Laudato Si'» շրջաբերականն է՝ որուն մէջ Ան խօսեցաւ ամբողջ արարչագործութեան աստուածատուր վեհութեան մասին, որ կը ներառէ թէ՛ կենդանիները եւ թէ՛ մեզ սնուցող ուտելիքն ու խմիչքը։

«Ան շեշտեց, որ իւրաքանչիւր տարր եւ արարած Աստուծոյ անսահման սիրոյ արտացոլումն է, եւ որ «ամէն ինչ, կարծես, Աստուծոյ գուրգուրանքն է» (թիւ 84): Այս հասկացողութիւնը մեզ կը մղէ մեծ պատասխանատուութեան՝ ոչ միայն խնամելու արարչագործութիւնը, այլեւ երաշխաւորելու, որ անոր պաշարները միշտ օգտագործուին իմաստութեամբ եւ արդարութեան ակնկալութեամբ, ինչ որ խաղաղութեան նախապայմանն է» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը քաջալերելով ներկաները որ երբ տուն վերադառնան շարունակեն իրենց «դերը՝ ի նպաստ արարչագործութեան խնամքի արդար եւ արդիւնաւէտ մօտեցման, թէ՛ մասնագիտական եւ թէ՛ անձնական գետնի վրայ, յանուն ընդհանուր բարիքին»:

Լեւոն ԺԴ ապա ներկաներն ու անոնց ընտանիքները յանձնեց Մարիամ Աստուածածնի՝ Եկեղեցւոյ Մօր պաշտպանութեան՝ բոլորին շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։

Վերոնշեալ ունկնդրութեան կապակցութեամբ հետաքրքրական յիշել որ 1328-ին, Օգոստինոսեան վանականները սկսան գարեջուր պատրաստել Միւնիխի մայր տաճարին մօտ գտնուող իրենց վանքին մէջ։ Շուրջ 500 տարի, կրօնաւորները իրենց «Աուկուսթինըր» (Augustiner) գարեջուրը կը պատրաստէին ուղղակիօրէն վանքին մէջ եւ կը վաճառէին վանական գարեջրատան մէջ։

1803-ին, աշխարհականացման գործընթացին հետեւանքով, պետութիւնը տիրացաւ Օգոստինոսեան վանքին, եւ գարեջրագործարանը սեփականաշնորհուեցաւ։ 1829-ին, Ֆրայզինկէն եկած գարեջրագործ Անթոն Վակնըրը ստանձնեց ընկերութիւնը. այդ թուականէն ի վեր գարեջրագործարանը միշտ մնացած է անհատական սեփականութիւն։

Անթոնի որդին՝ Եոզեֆ Վակնըրը, քաղաքի այն ժամանակուան արուարձանին մէջ՝ Լանտսպերքըր Շթրասէի (Landsberger Straße) վրայ կառուցեց արդիական գարեջրագործարան մը, ուր 1884-էն ի վեր կը պատրաստուի «Աուկուսթինըր» գարեջուրի ամէն մէկ կաթիլը եւ կը շարունակուի պատրաստուիլ մինչեւ այսօր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2026, 12:04