Լեւոն Պապը. Եկեղեցին կ’աւետէ Աւետարանը։ Եթէ մէկը զիս կը քննադատէ, թող զայն ընէ ճշմարտութեամբ
Վատիկան Նիուզ – Հայկական բաժանմունք
«Եկեղեցւոյ առաքելութիւնն է աւետել Աւետարանը, քարոզել խաղաղութիւնը։ Եթէ մէկը կ’ուզէ զիս քննադատել Աւետարանը աւետելուս համար, թող զայն ընէ ճշմարտութեամբ»։ Այս առաւօտ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի արտայայտութիւններէն ետք, նոյնինքն Լեւոն ԺԴ Պապն է, որ մեկնաբանեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի այսօրուան յայտարարութիւնները, որոնք դարձեալ քննադատական էին Քահանայապետին հանդէպ։
Քասթել Կանտոլֆոյի իր նստավայրին՝ Վիլլա Պարպերինիի մօտ, Լեւոն Պապ կանգ առաւ եւ ողջունեց լրագրողներու խումբ մը պատասխանելով անոնց հարցումներուն. «Եկեղեցին տարիներէ ի վեր արտայայտուած է բոլոր տեսակի միջուկային զէնքերու դէմ, հետեւաբար այդտեղ որեւէ կասկած չկայ», ըսաւ Պապը՝ հակադարձելով Թրամփի պնդումներուն, թէ իբր Քահանայապետը ընդունելի կը համարէ Իրանի կողմէ միջուկային զէնք ունենալու իրողութիւնը՝ վտանգելով բոլոր կաթողիկէները։
«Պարզապէս կը յուսամ, որ զիս պիտի լսեն՝ յանուն Աստուծոյ խօսքի արժէքին», շեշտեց Լեւոն ԺԴ՝ վերահաստատելով, որ ինք «խօսած է արդէն իր ընտրութեան առաջին իսկ պահէն, եւ արդէն կը մօտենանք տարեդարձին։ Ըսած եմ՝ խաղաղութիւն ձեզի»։
ԱՄՆ Պետական Քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի հետ հանդիպման մասին, որ նախատեսուած է Հինգշաբթի՝ Մայիս 7-ի առաւօտուն, Պապը յոյս յայտնեց, որ ըլլայ «լաւ երկխօսութիւն մը»՝ հասնելու համար «վստահութեամբ» եւ «բացուածքով» զիրար «լաւ հասկնալու»։ «Կը կարծեմ, որ այն նիւթերը, որոնց համար ան կու գայ, այսօրուան նիւթերը չեն։ Տեսնենք...», աւելցուց Լեւոն Պապը՝ դարձեալ ակնարկելով ԱՄՆ նախագահի արտայայտութիւններուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
