Լեւոն ԺԴ. Պապը Նափոլիի մէջ. «Այս քաղաքը պէտք է ըլլայ յոյսի մայրաքաղաք։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 8 մայիսին, Փոմփէյի մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագէն ետք, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Նափոլիի մէջ հանդիպում ունեցաւ քաղաքացիական իշխանութեանց եւ ժողովուրդին հետ։ Ջերմ մթնոլորտի մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը Նափոլին բնորոշեց որպէս «Միջերկրականի մարգարիտ», միաժամանակ մատնանշելով քաղաքին ցաւոտ վէրքերն ու ընկերային անհաւասարութիւնները։
Հակասութիւններու Քաղաքը. Զբօսաշրջութիւն եւ աղքատութիւն
Քահանայապետը շեշտեց Նափոլիի առջեւ ծառացած «դրամաթիկ հակասութիւնը»։ Ան նկատեց, որ թէեւ զբօսաշրջութիւնը մեծ աճ կ'արձանագրէ, սակայն տնտեսական այդ վերելքը դեռ չէ հասած հասարակութեան բոլոր շերտերուն։ Ըստ Պապին՝ քաղաքը բաժնուած է «անհաւասարութեան աշխարհագրութեամբ», ուր նոյնիսկ պատմական կեդրոնի սրտին մէջ գոյութիւն ունին աղքատութեան կղզեակներ։
Կոչ՝ ընդդէմ Յուսահատութեան եւ ոճրագործութեան
Անդրադառնալով գործազրկութեան, դպրոցական լքման եւ կազմակերպուած ոճրագործութեան չարիքին, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց Պետութեան ներկայութեան անհրաժեշտութիւնը՝ քաղաքացիներուն անվտանգութիւն եւ վստահութիւն ներշնչելու համար։ Ան դրուատեց «ընկերային հերոսները»՝ այն այրերն ու կանայքը, որոնք լռութեամբ կը պայքարին յանուն արդարութեան եւ ճշմարտութեան։
Կրթական դաշինք եւ միջմշակութային երկխօսութիւն
Պապը բարձր գնահատեց Եկեղեցւոյ, քաղաքապետարանի եւ պետական մարմիններու միջեւ կնքուած «Կրթական Դաշինքը»։ Ան կոչ ուղղեց չքակել այդ համագործակցութեան ցանցը.
«Մի՛ մարէք այս լոյսը, զոր վառեցիք խաւարին մէջ։ Շարունակեցէ՛ք միասին քալել՝ Նափոլին վերածելու համար խաղաղութեան կառուցման բաց արհեստանոցի մը»։
Ան յատուկ յիշատակութեամբ անդրադարձաւ Նափոլիի՝ որպէս կամուրջ Միջերկրականի ափերուն միջեւ, նշելով Կազայէն ժամանած պատանիներու հիւրընկալութիւնն ու գաղթականներու ընդունելութեան կարեւորութիւնը։
Երիտասարդութիւնը՝ փոփոխութեան դերակատար
Իր պատգամի աւարտին, Լեւոն ԺԴ. դիմեց երիտասարդներուն՝ զանոնք կոչելով քաղաքի վերածնունդի գլխաւոր դերակատարները։ Ան յիշեցուց, որ երիտասարդ կամաւորներու ջանքերով է, որ այսօր Նափոլիի մէջ կը գործեն «Խաղաղութեան Տունը» եւ «Բարթիմէոսի Տունը»՝ ապաստան ու յոյս տալով կարիքաւորներուն։
«Երկրային ոչ մէկ ուժ կրնայ փրկել աշխարհը, այլ միայն սիրոյ աստուածային զօրութիւնը», եզրափակեց Քահանայապետը՝ քաղաքը յանձնելով Սուրբ Եննարիոսի (San Gennaro) եւ Տիրամօր բարեխօսութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
