Հաւատարի՞մ անցեալին, թէ՞ հաւատարիմ ապագային. Ռոպերթ Փրեվոսթի բնագիր մը՝ 2010 թուականէն
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
Վաղը լոյս կը տեսնէ «Ազատ՝ շնորհքին ներքոյ. Սուրբ Օգոստինոսի դպրոցին մէջ՝ պատմութեան մարտահրաւէրներուն դիմաց» (Libreria Editrice Vaticana) հատորը, որ կը բովանդակէ Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեվոսթի ելոյթներն ու ճառերը՝ գրուած այն ժամանակ, երբ ան Սուրբ Օգոստինոսի Միաբանութեան Ընդհանուր Մեծաւորն էր։
Հատորը, որ ձօնուած է Լեւոն ԺԴ Պապի ընտրութեան առաջին տարեդարձին, պիտի ներկայացուի Չորեքշաբթի, 6 Մայիսին, Հռոմի մէջ (Pontificio Istituto Patristico Augustinianum, ժամը 17:00-ին)։ Հանդիպման պիտի մասնակցին. Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին՝ Պետական Քարտուղար. Հայր Ճոզեֆ Ֆարել՝ Սուրբ Օգոստինոսի Միաբանութեան Ընդհանուր Մեծաւոր. Փաօլօ Ռուֆֆինի՝ Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ . Մարիա Կրացիա Քալանտրոնէ՝ Գրող եւ Անտրէա Թորնիելլի՝ Վատիկանի լրատուամիջոցներու տնօրէն։
Բնագիրը, զոր խմբագրած են օգոստինոսեան հայրեր Ռոքքօ Ռոնզանի, Միկել Անխել Մարթին Խուարես եւ Մայքըլ Տի Կրեկորիօ, ներկայիս կը թարգմանուի աշխարհի 30 երկիրներու մէջ։
Կից կը ներկայացնենք այն ժամանակուան Մեծաւոր Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեվոյի քարոզին բնագիրը, զոր արտասանած է Մանիլայի (Ֆիլիփինեան կղզիներ) Սուրբ Օգոստինոս Ինթրամուրոս եկեղեցւոյ մէջ, 19 Սեպտեմբեր 2010-ին՝ Santo Niño de Cebù նահանգի Միջանկեալ Ընդհանուր Ժողովի բացման առթիւ։
Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեվոսթ
2008-ին, Օգոստինոսեան Հայրերը այս վայրին մէջ տօնեցին ծննդեան 500-ամեակը Անտրես տէ Ուրտանեթայի՝ հռչակաւոր եւ փորձառու նաւաստիի մը, որ տարիներ շարունակ պատերազմներու մասնակցելէ ետք, Սուրբ Օգոստինոսի ուսուցումներուն մէջ գտաւ կեանքը փոխելու հրաւէր մը։ Ան սորվեցաւ, որ մարդկային սրտի փափաքին միակ իսկական պատասխանը կարելի է գտնել միայն Աստուծոյ եւ Անոր սիրոյն մէջ։
Այս ճշմարտութիւնը փոխեց իր կեանքը. յաջողակ նաւաստիէ ու նաւագնացէ վերածուեցաւ Սուրբ Օգոստինոսի Միաբանութեան անդամի։ Ուրտանեթան յայտնի դարձաւ, որովհետեւ յայտնագործեց այն, ինչ որ ծանօթ է որպէս tornaviaje՝ Ֆիլիփինեան կղզիներէն դէպի Մեքսիքօ վերադարձի ապահով եւ արագ ծովային ուղի մը։ Այս tornaviaje-ն դարձաւ փոխադրութեան եւ առեւտուրի կարեւոր երթուղի Ասիոյ եւ Ամերիկայի միջեւ։
Սակայն Ուրտանեթան իր իսկ կեանքին մէջ ապրեցաւ շատ աւելի կարեւոր tornaviaje մը։ Իր դարձը եւ կրօնական կեանք մուտք գործելը կը խորհրդանշեն բոլորովին տարբեր տեսակի վերադարձ մը՝ վերադարձը կամ դարձը առ Աստուած։
Tornaviaje-ի կամ «վերադարձի ճամբորդութեան» այս կերպարը կրնայ շատ տեղին պատկեր մը ըլլալ մեզի՝ Օգոստինոսեաններուս համար, որոնք հաւաքուած ենք հոս՝ մեր Միջանկեալ Ընդհանուր Ժողովի սկիզբը։ Մենք եւս կոչուած ենք ճամբորդութիւն մը կատարելու եւ բացայայտելու, որ միակ իսկական ու իմաստալից ճամբորդութիւնը այն է, որ մեզ կ’առաջնորդէ դէպի Քրիստոս։
Մենք բոլորս ալ ձեռնարկած ենք այս ճամբորդութեան, որ բնականաբար կը սկսի ծնունդով, իսկ քրիստոնեաներուս համար՝ Քրիստոսի հետ առաջին հանդիպումով՝ մկրտութեամբ։ Ոմանց համար, սակայն, ասիկա տեղի կ’ունենայ այն պահուն, երբ կը լսեն Խօսքը, ինչպէս պատահեցաւ, օրինակ, Օգոստինոսի պարագային։ Անոր ճամբորդութիւնը դէպի Քրիստոս տեղի ունեցաւ իր դարձի երկար տարիներու փորձառութեան ընթացքին՝ մկրտուելու որոշումէն շատ առաջ։ Եւ այդ ընթացքը շարունակուեցաւ տարբեր ձեւերով նաեւ մկրտութենէն ետք՝ Աստուծոյ փնտռտուքին մէջ, իբրեւ կրօնաւոր, քահանայ եւ եպիսկոպոս։
Մենք՝ իբրեւ ուխտեալ կրօնաւորներ, այս ճամբորդութիւնը կ’ապրինք իբրեւ գոյութիւն մը՝ ի սպաս Քրիստոսի, յատկապէս որպէս աշակերտներու համայնք։ Որպէս Օգոստինոսեաններ՝ ասիկա ճամբորդութիւն մըն է, որ կ’իրականանայ հասարակաց կեանքին եւ առաքելական ծառայութիւններուն ընդմէջէն։ Սակայն կրնայ պատահիլ, որ այդ ուղիին որոշ մէկ կէտին վրայ դանդաղինք, դառնանք ինքնագոհ ու ցրուած, կամ նոյնիսկ անշարժ ու լճացած մնանք մեր հոգեւոր կեանքին եւ հովուական աշխատանքին մէջ։ Նոյնը կրնայ պատահիլ նաեւ համայնքէն ներս. մեր տեղական համայնքներուն եւ շրջանակներուն կեանքը կրնայ կորսնցնել ուրիշները ներշնչելու եւ ներգրաւելու իր զօրութիւնը։ Երիտասարդներուն յատուկ կորովի խանդավառութիւնը կրնայ աստիճանաբար անհետանալ, եւ մենք դիւրութեամբ կրնանք սահիլ դէպի ամէնօրեայ միօրինակութիւնը՝ միշտ նոյնը, որ երբեք չի փոխուիր։
Ուրտանեթայի քաջութիւնն ու արկածախնդիր ոգին, որ յայտնաբերեց tornaviaje-ն (վերադարձի ուղին), կրնան վերագտնուիլ հոս՝ այս պատմական վայրին մէջ, ուր եկած ենք կատարելու մեր Ժողովի բացման սրբազան արարողութիւնը։ Թերեւս այն փոփոխութիւնը կամ նոր ուղին, որ կը փնտռենք, կրնայ յառաջանալ քանի մը հարցումներէ. արդեօք կ’ուզե՞նք պահպանել այն ինչ որ ունինք եւ մնալ հոն՝ ուր որ ենք, թէ՞ կը փափաքինք ականջ տալ մեր անհանգիստ սրտին, ունկնդրել աղօթքի մէջ, ուշադիր ըլլալ Աստուծոյ Խօսքին եւ մտիկ ընել նաեւ մեր միջեւ այն անձերուն, որոնք կը փնտռեն ու կը կարդան ժամանակներու նշանները։ Արդեօք բա՞ց ենք տարբեր բան մը ընտրելու հաւանականութեան առջեւ՝ մեր կեանքին մէջ առաքելութեան նոր ու վերանորոգուած իմաստ մը գտնելու համար։
«Ոչ մէկ ծառայ կրնայ երկու տիրոջ ծառայել. որովհետեւ կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կա՛մ մէկուն պիտի յարի եւ միւսը արհամարհէ։ Չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ եւ մամոնային (հարստութեան)» (Ղկ 16,13)։ Զիս կը տպաւորէ այն իրողութիւնը, որ այսօրուան Աւետարանին մէջ կարդացուած այս նախադասութիւնը կարելի է թարգմանել հետեւեալ ձեւով. արդեօք երկփեղկուա՞ծ ենք Քրիստոսի հետեւելու մեր փափաքին (ի՛նչ ալ ըլլայ գինը) եւ մեր այն ցանկութեան միջեւ, որն է մնալ հոն՝ ուր որ ենք՝ գոհունակ եւ առանց մեր ընթացքը փոխելու մեծ կամքի կամ կարողութեան։ Հոս՝ այս վայրին մէջ, տեղին է հարց տալ մենք մեզի, թէ արդեօք մենք եւս կարիքը ունի՞նք բացայայտելու նոր ուղղութիւն մը, նոր tornaviaje մը, նոր դարձ մը։
Կրօնաւորական կեանքի տարբեր բնագաւառներու մէջ լայն անդրադարձ կատարուած է «պահպանո՞ւմ, թէ՞ առաքելութիւն» հարցումին շուրջ։ Այս առտու կ’ուզեմ այդ խորհրդածութիւնը բաժնել ձեզի հետ՝ համոզուած ըլլալով, որ անիկա կրնայ մեզի օգտակար դառնալ նաեւ յառաջիկայ երկու շաբաթներու ընթացքին։ Արդեօք պարզապէս կը պահպանե՞նք իրերու ներկայ վիճակը, թէ՞ առաքելական ոգին կենդանի է մեր սրտերուն մէջ։ Որպէսզի կարենանք խորհրդածել այս հարցումներուն շուրջ, կ’առաջարկեմ քանի մը համեմատութիւններ։
Երբ հարցը կը վերաբերի պաշտօնի կամ սպասաւորութեան ըմբռնումին, անոնք, որոնք միայն պահպանել կ’ուզեն, պիտի պնդեն. «Պէտք է հաւատարիմ մնանք մեր անցեալին»։ Մինչդեռ առաքելական ոգիով տոգորուած համայնք մը պիտի ըսէ. «Պէտք է հաւատարիմ ըլլանք մեր ապագային»։
Իր արդիւնաւետութիւնը չափելու ատեն, պահպանողականութեամբ հետաքրքրուած համայնքը պիտի հարցնէ. «Այս առաքելութիւնը նիւթապէս որքանո՞վ տնտեսելի է»։ Իսկ առաքելութեան լծուած համայնքը տարբեր հարցում մը պիտի ուղղէ. «Ինչպէ՞ս կարելի է բազմաթիւ աշակերտներ պատրաստել»։
Փոփոխութեան մասին խորհելու ատեն, եւ երբ կը քննարկենք՝ թէ արդեօք կրնա՞նք կամ կ’ուզե՞նք տարբեր ձեւով գործել, «status quo»-ն (առկայ վիճակը) պահպանել ուզողները կ’ըսեն. «Եթէ ասիկա մեզմէ մէկուն համար խնդիրներ կը ստեղծէ, ապա չենք ուզեր զայն»։ Մինչդեռ առաքելութեան նուիրուածներուն համար հիմնական հարցումը պիտի ըլլայ. «Եթէ ասիկա մեզի կ’օգնէ հասնելու հեռու գտնուողներէն որեւէ մէկուն, մենք կ’ընդունինք այդ մէկը ընելու վտանգը»։
Առաջնորդութեան ոճը, պահպանել նախընտրողներու մտածելակերպին մէջ, նախ եւ առաջ «վարչարարական» է (managerial)՝ լաւ կազմակերպուած ու արդիւնաւէտ. այս պարագային առաջնորդները կը ջանան ամէն ինչ կարգ ու կանոնի մէջ պահել եւ հոգալ, որ ամէն ինչ սահուն ընթանայ։ Սակայն, եթէ համայնք մը օժտուած է մարգարէական տեսիլքով եւ առաքելութեան նուիրուած կեանքով, պիտի ձգտի այլ տեսակի առաջնորդութեան. առաջնորդողին ոճը նախ եւ առաջ պիտի ըլլայ կերպարանափոխող՝ կարողութիւնը ունենալով առաջարկելու տեսիլքը այն բանին, ինչ որ կրնա՛յ ըլլալ, եւ ունենալով կամքը՝ հեռուն երթալու եւ բազմաթիւ վտանգներ դիմագրաւելու, որպէսզի այդ տեսիլքը իրականութիւն դառնայ։
Պահպանման լծուած համայնքը նախ եւ առաջ պիտի մտածէ, թէ ինչպէ՛ս փրկել իր սեփական Միաբանութիւնը։ Առաքելութեան նուիրուած համայնքը նախ եւ առաջ պիտի մտածէ, թէ ինչպէ՛ս հասնիլ աշխարհին։
«Ոչ մէկ ծառայ կրնայ երկու տիրոջ ծառայել. որովհետեւ կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կա՛մ մէկուն պիտի յարի եւ միւսը արհամարհէ։ Չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ եւ մամոնային (հարստութեան)» (Ղկ 16,13)։
Իր «Տիրոջ Լերան Քարոզը» (Գիրք Բ) մեկնաբանութեան մէջ, Օգոստինոս, բացատրելով երկու տիրոջ ծառայելու անկարելիութիւնը, կը շեշտէ, թէ մարդ անպայման «Աստուած ատելով» չէ որ կը դառնայ այլ տիրոջ մը ծառայ։ Այլ՝ աւելի շուտ հանդէս կը գայ անտարբերութիւնը կամ զիջումը (compromise), երբ մարդ Աստուած եւ Անոր շնորհքը կը սկսի նկատել իբրեւ սովորական կամ երաշխաւորուած բան մը։ Ասիկա կրնայ ըլլալ ճիշտ մեր կացութիւնը. կորսնցուցած ըլլալով մեր սկզբնական խանդավառութիւնը՝ մենք գոհացած ենք այն ամէնով, ինչ որ արդէն կ’ընենք։
Այսօր Աւետարանը բոլորիս կը յիշեցնէ արմատական ընտրութիւն մը կատարելու անհրաժեշտութիւնը՝ մեր կեանքի ամբողջական նուիրումը Աստուծոյ եւ Աւետարանի առաքելութեան։ Այսօր մեր աչքերուն առջեւ վերստին կը դրուի մեր կատարած ընտրութիւնը, եւ մենք կը հրաւիրուինք վերանորոգելու մեր յանձնառութիւնը՝ ապրելու աւետարանական առաքելութիւնը։
Թող Սուրբ Հոգին առաջնորդէ եւ լուսաւորէ մեզ։
© Սուրբ Օգոստինոսի Միաբանութիւն © Հաղորդակցութեան Վերատեսչութիւն – Libreria Editrice Vaticana
Գնեցէ՛ք «Ազատ՝ շնորհքին ներքոյ» հատորի ձեր օրինակը սեղմելով այստեղ.
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
