Սուրբ Շարպել Սուրբ Շարպել 

Լիբանանը կը միանայ Սրբազան Պապին՝ խաղաղութեան Վարդարանի աղօթքին

Հայր Եուհաննա Սեմաան Աննայի Աբբայարանի վանական մը բացատրեց, որ հազարաւոր հաւատացեալներ կը սպասուին Սուրբ Շարպէլի պազիլիքային մէջ՝ Պապին հետ հաղորդութեամբ աղօթելու եւ պատերազմներու դադրեցումը խնդրելու համար: Շատ ուրիշներ արարողութեան պիտի հետեւին տունէն՝ շնորհիւ Լիբանանեան Մարոնի Միաբանութեան կողմէ կազմակերպուած ուղիղ հեռարձակումներուն:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լիբանանը կը պատրաստուի մասնակցելու խաղաղութեան համար Վարդարանի աղօթքին, որ նախատեսուած է այսօր Մայիս 30-ի երեկոյեան Վատիկանի մէջ, Լեւոն ԺԴ. Պապին նախագահութեամբ։

Տնտեսական տագնապով, հակամարտութիւններով, ռմբակոծումներով եւ ներքին տեղահանութիւններով նշանաւորուած պահու մը ընթացքին Աննայայի Սուրբ Շարպէլի վանքին մէջ, որ Մայրիներու երկրին մէջ հաւատքի խորհրդանշական վայրն է, հաւատացեալները պիտի համախմբուին միասնաբար հայցելու խաղաղութեան շնորհքը։

Հայր Եուհաննա Սեմաան Աննայայի Աբբայարանի վանական մը բացատրեց, որ հազարաւոր հաւատացեալներ կը սպասուին Սուրբ Շարպէլի պազիլիքային մէջ՝ Պապին հետ հաղորդութեամբ աղօթելու եւ պատերազմներու դադրեցումը խնդրելու համար: Շատ ուրիշներ արարողութեան պիտի հետեւին տունէն՝ շնորհիւ Լիբանանեան Մարոնի Միաբանութեան կողմէ կազմակերպուած ուղիղ հեռարձակումներուն:

Հոգեւորականը նկարագրեց բնակչութիւն մը, որ «յոգնած» է հակամարտութիւններու, քաղաքական անկայունութեան, աղքատութեան եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետեւանքներու պատճառած տառապանքներէն: Մասնաւորապէս, ան յիշեցուց երկրի հարաւային շրջանի վերջին ռմբակոծումները եւ իրենց տուները լքելու ստիպուած մարդոց դժուարութիւնները:

Ըստ հայր Սեմաանի՝ աղօթքը յոյսի նշան է եւ երկխօսութեան կոչ. «Պատերազմները ոչ մէկ բանի կը ծառայեն, անոնք միայն աւերածութիւն կը բերեն»: Վարդարանի աղօթքին նպատակն է խաղաղութիւն հայցել Լիբանանի, Միջին Արեւելքի եւ համայն աշխարհի համար՝ ապաւինելով Սուրբ Շարպէլի բարեխօսութեան, որ թէ՛ քրիստոնեաներուն եւ թէ՛ իսլամներուն կողմէ կը յարգուի իբրեւ երկխօսութեան, հիւրընկալութեան ու հաշտութեան խորհրդանիշ:

Հաւատացեալներուն յոյսն է, որ Պապին եւ Սուրբ Շարպէլի աղօթքներուն միացումը կարենայ նպաստել այն իրագործման, ինչ որ հայր Սեմաան կը կոչէ «խաղաղութեան հրաշքը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2026, 08:00