Որոնել

Ես այստեղ եմ վարակուելու համար ձեր ուրախութենէն. Եղէք Քրիստոսի վկաներ եւ յոյս սերմանողներ. Լեւոն ԺԴ.

Սրբազան Քահանայապետը, կէսօրէն ետք Փոմփէյէն տեղափոխուեցաւ Նափոլիի, ուր Մայր Տաճարին (Il Duomo) մէջ հանդիպեցաւ կղերական դասին․ «Լսեցէ՛ք զիրար, քալեցէ՛ք միասին, ստեղծեցէ՛ք շնորհներու եւ պաշտօններու համանուագ, գտէ՛ք այն միջոցները, որպէսզի պահպանողական հովուականութենէն անցնիք առաքելական հովուականութեան, որ կարող է հասնիլ մարդոց իրական կեանքին
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Ուրբաթ` 8 Մայիս 2026-ին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը աւարտելէ ետք առաւօտեան Փոմփէյ կատարած Հովուական ուխտագնացութիւնը կէսօրէն ետքը փոխադրուեցաւ Նափոլի քաղաք, որ հովուական այցելութեան երկրորդ հանգրուանն էր։

Ուղղաթիռով քառորդ ժամ տեւող թռիչքէն մը ետք Նորին Սրբութիւնը Նափոլի ժամանեց տեղական ժամով 14.17 անց Նափոլիի «Rotonda Diaz» շրջան ու անմիջապէս փոխադրուեցաւ Նափոլիի Մայր Տաճար ուր հանդիպում ունեցաւ Նափոլիի թեմի կղերական դասի անդամներուն հետ։

Բարեւ Նափոլի

Նախ քան կղերական դասին հետ հանդիպիլը Նորին Սրբութիւնը Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մուտքին ողջունեց այնտեղ համախմբուած հաւատացեալները ըսելով.

«Բարեւ Նափոլի։ Բարի լոյս։ Եկած եմ այստեղ գտնելու համար այն ջերմութիւնը զոր միայն Նափոլին գիտէ նուիրել։ Շնորհակալութիւն հիւրընկալութեան համար։ Իրար հետ գտնուիլը Աստուածային օրհնութիւն է եւ ես շատ ուրախ եմ այստեղ գտնուելուս համար այսօր կէսօրէն ետքը, կարճ բայց իմաստալից ժամանակ։ Եւ այս առաջին փուլ հանդիսացող, ճիշտ այստեղ` Նափոլի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ կ՛ուզեմ յարգանքի տուրք մատուցել Սուրբ Կեննարոսին, որ շատ կարեւոր է ձեր հաւատքին համար» ըսաւ Լեւոն ԺԴ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին հրաւիրելով նաեւ աղօթելու միասին ու Աստուծմէ հայցելու օրհնութիւնը համայն նափոլիին վրայ։

Ան ապա Եկեղեցւոյ մէջ հանդիպեցաւ քաղաքի կղերական դասին հետ որուն

առիթով ներկաներուն ուղղած ճառին մէջ մէջբերելով նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքերը Նափոլին որակեց «արուեստով ու մշակոյթով հարուստ» ու «հազար ու մէկ գոյներու» քաղաք, որ կը գտնուի Միջերկրական ծովի սիրտին մէջ», ուր կեանքը երբեք դիւրին չէ եղած, բայց երբեք ալ տխուր չէ եղած», քանզի «ան խնդութիւնը եւ ուրախութիւնը դարձուցած է իր մեծ հարստութիւնը», ան ապա աւելցուց. «Այստեղ եմ՝ այդ ուրախութեամբ ինծի վարակելու համար»։

Խնամք, եղբայրութիւն ու հաղորդութիւն

Սրբազան Քահանայապետի կղերական դասին ուղղած պատգամի առանցքը կազմեցին ապա խնամք, եղբայրութիւն եւ հաղորդութիւն բառերը։ Յիսուս, երբ մեզի հետ կը քալէ, մեզ կ’առաջնորդէ դէպի նոր լոյս մը եւ այս վերաբերմունքը մեր հանդէպ խնամք ցուցաբերել է, ըսաւ Պապը՝ անդրադառնալով նախ եւ առաջ խնամքի՝ յատուկէն կանգ առելով ներքին խնամքի վրայ։

Ներքին խնամք, ըստ Անոր, «կը նշանակէ խնամել մեր սիրտը, մեր մարդկայնութիւնը եւ մեր յարաբերութիւնները»։

Հովուական ծառայութիւնը կանչուած է միշտ մարմնաւորելու Աւետարանական պատգամը

Նափոլիի մէջ, ուր «ինքնաբուխ ու եռուն ժողովրդական բարեպաշտութիւնը կը հիւսուի ընկերային բազմաթիւ խոցելիութիւններու եւ աղքատութեան բազմազան դէմքերուն հետ» եւ որ «սովոր է գեղեցկութեան, եւ միաժամանակ դրոշմուած է տառապանքներով եւ նոյնիսկ արիւնոտ բռնութեամբ», հովուական ծառայութիւնը կանչուած է միշտ մարմնաւորելու Աւետարանական պատգամը, շեշտեց Սրբազան Քահանայապետը։

Ասկէ մեկնելով, Ան առաւել ծանր նկատեց քահանաներու վիճակը՝ տարբեր իրականութիւններու դիմաց․ յոգնած ընտանիքներ, ապակողմնորոշուած երիտասարդներ, կարիքաւորներ եւ արդի հարցումներուն ու մարտահրաւէրներուն դիմաց երբեմն ոչ պատշաճ լեզուամտածողութիւն ու գործելակերպ, որոնք սակայն պէտք է յանձնառու ըլլան պահպանելու յոյսի հորիզոններ ընծայող աւետարանական պատգամը՝ քաջալերելու համար բարիին ընտրութիւնը։

Ներքին խնամքը կ’անցնի եղբայրութեան ու հաղորդութեան ընդմէջէն

Սրբազան Հայրը, աւելին, դիտել տուաւ նաեւ, որ քահանաներու «մարդկային և հովուական բեռը» երբեմն ալ կարող է առ աւելիով բարդանալ որոշակի միայնութեան ու մեկուսացման զգացողութեան պատճառաւ։ Ուստի, առաջին հերթին անհրաժեշտ է ներքին ու հոգեւոր խնամք, ինչը հնարաւոր է՝ սնուցանելով անձնական յարաբերութիւնները Տիրոջ հետ աղօթքով, «զատորոշում կատարելով եւ թոյլ տալով, որ Սուրբ Հոգին լուսաւորէ մեզ»։

Լեւոն Պապը առ այդ հաստատեց, որ ներքին խնամքը կ’անցնի եղբայրութեան ու հաղորդութեան ընդմէջէն։

«Եղբայրութիւնը պէտք է մշակուի եւ խթանուի՝ քահանաներու իսկ օգնութեամբ ու զարգացնելով համատեղ հովուական գործողութիւններ, աշխատելով անհատականութեան գայթակղութիւնը յաղթահարելու ուղղութեամբ: «Եկէ՛ք վարժուինք մօտիկութեան արուեստին», յորդորեց Պապը՝ շարունակելով․ «Այս հաղորդութիւնը կը պահանջէ ապրուիլ՝ փնտռելով ժամանակին եւ տարածքի իրականութեան համապատասխանող շօշափելի ձեւեր, բայց միշտ առաքելական հեռանկարով, առաքելութեան ոճով, եղբայրութեամբ եւ կեանքի պարզութեամբ» (Ֆրանչիսկոս Պապ, Հանդիպում թեմական քահանաներուն հետ, Քասանօ ալ’Իոնիօ, 21 յունիս 2014)։

Հաղորդութեան պահանջը կը վերաբերի բոլոր մկրտուածներուն

Հաղորդութեան այս պահանջը, Քահանայապետի խօսքով, կը վերաբերի բոլոր մկրտուածներուն, միասին քալելը՝ «արժեւորելով տարբեր շնորհներն ու պաշտօնները՝ կը պատասխանէ Եկեղեցւոյ բուն իսկ ինքնութեան», աւելցուց Նորին Սրբութիւնը, ուստի եւ խնդրեց․ «լսեցէ՛ք զիրար, քալեցէ՛ք միասին, ստեղծեցէ՛ք շնորհներու եւ պաշտօններու համանուագ, գտէ՛ք այն միջոցները, որպէսզի պահպանողական հովուականութենէն անցնիք առաքելական հովուականութեան, որ կարող է հասնիլ մարդոց իրական կեանքին»։

Այս առաքելութիւնը կը պահանջէ բոլորին սատարումը՝ «քահանաներ, կրօնաւորներ, աշխարհականներ. բոլորն ալ հովուականութեան եւ Եկեղեցւոյ կեանքին մասնակիցներ են եւ ոչ թէ միայն գործակիցներ, որպէսզի իւրաքանչիւրին յանձնառութիւնն ու վկայութիւնը ծնունդ տան ներկայ ու ուշադիր համայնքի մը, որ ընդունակ է թթխմոր ըլլալու զանգուածին մէջ», նշեց ի վերջոյ Սրբազան Հայրը՝ եզրափակելով պատգամը, եւ ինչպէս միշտ, իր օրհնութիւնները շնորհելով ներկաներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2026, 15:47