Որոնել

Փոմփէյի սրբավայրը Փոմփէյի սրբավայրը 

Փոմփէյի արքեպիսկոպոսը. «Բացառիկ պարգեւ է Պապին հետ տօնակատարել իր գահակալութեան առաջին ամեակը»

Գերապայծառ Թոմազօ Քափութօ Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ խօսեցաւ Քամփանիա նահանգի քաղաքին սպասումներուն մասին, որ Ուրբաթ՝ Մայիս 8-ին, պիտի հիւրընկալէ Լեւոն ԺԴ. Պապը՝ Պետրոսի Գահին անոր ընտրութեան տարեդարձին եւ այն օրը, երբ Եկեղեցին կը յիշատակէ Սրբավայրին մէջ մեծարուող Տիրամայրը։ «Անիկա պիտի ըլլայ պատմական իրադարձութիւն մը. Քահանայապետը մեզ պիտի հաստատէ հաւատքի եւ բարեգործական գործերու մէջ»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Գերապայծառ Թոմազօ Քափութօ Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ խօսեցաւ Քամփանիա նահանգի քաղաքին սպասումներուն մասին, որ Ուրբաթ՝ Մայիս 8-ին, պիտի հիւրընկալէ Լեւոն ԺԴ. Պապը՝ Պետրոսի Գահին անոր ընտրութեան տարեդարձին եւ այն օրը, երբ Եկեղեցին կը յիշատակէ Սրբավայրին մէջ մեծարուող Տիրամայրը։
«Անիկա պիտի ըլլայ պատմական իրադարձութիւն մը. Քահանայապետը մեզ պիտի հաստատէ հաւատքի եւ բարեգործական գործերու մէջ»։

Լեւոն ԺԴ. Պապը, իր ընտրութեան առաջին տարեդարձին առիթով, պիտի այցելէ Փոմփէյի Սուրբ Վարդարանի Տիրամօր սրբավայրը՝ հանդիպելու կարիքաւորներուն եւ նախագահելու հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագին։ Այս ուխտագնացութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը պիտի աղօթէ նաեւ իր իսկ կողմէ սրբադասուած Պարթոլօ Լոնկոյի մատրան առջեւ՝ վերահաստատելով Եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը տեղի հաւատացեալներուն եւ երիտասարդներուն։

Ուրբաթ՝ մայիս 8-ին, Լեւոն ԺԴ. Պապը պիտի այցելէ Փոմփէյի Սուրբ Վարդարանի Տիրամօր սրբավայրը՝ իր ընտրութեան առաջին տարեդարձին առիթով։ Այս այցելութիւնը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի, քանի որ կը զուգադիպի այն օրուան, երբ Եկեղեցին կը յիշատակէ Փոմփէյի Տիրամայրը։

ՓոմՓէյի արքեպիսկոպոս Գերպ. Տ. Թոմազօ Քափութօ, Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւնը որակեց որպէս «բացառիկ պարգեւ»։ «Պապը Փոմփէյ գալով՝ մեզ պիտի հաստատէ հաւատքի եւ բարեգործութեան մէջ», յայտնեց ան՝ շեշտելով քաղաքին մէջ տիրող խանդավառութիւնն ու ուրախ սպասումը։

Օրուան յայտագիրը

Սրբազան Հօր այցելութիւնը պիտի սկսի Սրբավայրի բարեգործական հաստատութիւններու ընտանիքին հետ հանդիպումով, որ կը ներառէ երեխաներ, երիտասարդներ եւ կարիքաւոր մայրեր։ Ժամը 10:30-ին, Պապը պիտի նախագահէ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը Մայրատաճարի հրապարակին վրայ, որուն պիտի յաջորդէ Փոմփէյի Տիրամօր ուղղուած աւանդական «Աղերսանքի» (Supplica) ընթերցումը։ Պատարագէն առաջ, Նորին Սրբութիւնը Մայրատաճարին մէջ պիտի հանդիպի հիւանդներուն, տարեցներուն եւ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն։

Սուրբ Պարթոլօ Լոնկօ. Կեանքի օրինակ մը

Այցելութեան ընթացքին Լեւոն ԺԴ. Պապը պիտի աղօթէ նաեւ Սուրբ Պարթոլօ Լոնկոյի մատրան առջեւ։ Յատկանշական է, որ Լեւոն ԺԴ Պապը եղած է զայն սրբադասողը՝ 19 Հոկտեմբեր 2025-ին։ Արքեպիսկոպոս Քափութօ յիշեցուց, որ Սուրբ Պարթբլօ դարձի եկած անձի մը փայլուն օրինակն է, որուն կեանքը կը վկայէ, թէ «ոչ մէկ մեղք կամ խաւար կրնայ արգելք հանդիսանալ Աստուծոյ սիրոյն վերադառնալու»։

Փոմփէյի ընկերային դիմագիծը

Արքեպիսկոպոսը նաեւ անդրադարձաւ քաղաքի ներկայ մարտահրաւէրներուն։ Թէեւ Փոմփէյը տարեկան կ’ընդունի շուրջ 6 միլիոն այցելու, սակայն տեղացի երիտասարդները յաճախ կը դիմագրաւեն գործազրկութեան եւ անկայուն աշխատանքի դժուարութիւնները։ Այս առումով, Սրբավայրը կը շարունակէ Սուրբ Բարթողոմէոսի աւանդը՝ զարգացնելով արհեստագիտական եւ աշխատանքի պատրաստութեան յատուկ ծրագիրներ։

«Պապին ներկայութիւնը մեզի կը մղէ նայելու երկինք եւ փնտռելու մեր իսկական ուրախութեան աղբիւրը՝ Յիսուս Քրիստոսը», եզրափակեց Գերպ. Տ. Թոմազօ Քափութօ։

Այս այցելութիւնը տեղի կ’ունենայ Ֆրանչիսկոս Պապի 2015-ի ուխտագնացութենէն 11 տարի ետք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2026, 14:16