Աւելի քան զինուորներ՝ դուք ծառայողներ էք․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Հինգշաբթի` 7 Մայիսին, Քլեմենթինա դահլիճէն ներս, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Քահանայապետական Զուիցերիական Պահակախումբի բոլոր անդամներուն՝ ընտանիքներու հետ միասին, որոնք նախորդ օրը մասնակցած էին նոր պահակներուն երդման արարողութեան։
Այս առիթով արտասանած պատգամին սկիզբը, Նորին Սրբութիւնը նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց այդ «աւանդական հանդիպման» համար՝ ընդգծելով «մշակութային ու հոգեւոր արժէքներուն կարեւորութիւնը», որոնք երիտասարդ նորակոչ զինուորականները «իրենց հետ Վատիկան կը բերեն»․ «Անոնք հպարտութեան առիթ են ձեր Երկրին համար», հաստատեց Պապը՝ յատուկ երախտագիտութեան խօսքեր ուղղելով Զուիցերիական ազգին։
Ան ապա իր շնորհակալութիւնը տարածեց նաեւ անոնց ընտանիքներուն վրայ, որոնք, ըսաւ Ան, «ձեզ մինչեւ այստեղ առաջնորդեցին»։
Պատմական միջավայրի հանդէպ յարգանքը
Սրբազան Պապը Պահակախումբին յորդորեց, Վատիկան քաղաքի մէջ եւ Քահանայապետական Պազիլիքաներէն ներս ծառայութեան ատեն, օգտուիլ այդ պատմական միջավայրէն խորհրդածութեան ու աղօթքի համար.․
«Այս գեղեցկութիւնը Աստուծմէ կու գայ և դէպի Աստուած կ’առաջնորդէ ՝ դէպի Գեղեցիկին ու Բարիին Հայրը։ Ձեր՝ գիշեր ցերեկ իրականացուող առաքելութիւնը առաջին հերթին ռազմական է, սակայն անբաժանելիօրէն կապուած է իւրաքանչիւր մկրտուած անձի անձնական կոչման հետ», յարեց հուսկ Նորին Արբութիւնը։
Աւելի քան զինուորներ՝ դուք ծառայողներ էք», շարունակեց առ այդ Լեւոն Պապը եւ խրախուսեց Պահակախումբի անդամներուն հետեւիլ Քրիստոսի օրինակին եւ օգնութեան հասնիլ կարիքաւորներուն, ինչպէս նաև ուխտաւորներուն ու զբօսաշրջիկներուն»: Ապա՝ պատուիրեց յիշել Յիսուսին խօսքերը. «Ինչ որ ըրիք իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն, զայն ինծի՛ ըրիք» (Մատթէոս 25, 40)։
Հոգեւոր ընթերցումներ եւ խորհրդածութիւն
Լեւոն Պապը խորհուրդ տուաւ նաեւ «սնուցանել հոգիները» հոգեւոր ընթերցումներով եւ խորհրդածութիւններով՝ յատկապէս «գիշերային հերթապահութիւններու՝ լռութեան եւ առանձնութեան մէջ», եւ առաջարկեց հետեւեալ աղօթքը ուղղել Սուրբ Նիկողայոս Ֆլիւեցիին․ «Տէր իմ եւ Աստուած իմ, ինձմէ առ այն ամէնը ինչ որ զիս Քեզմէ կը հեռացնէ. ինծի տուր այն ամէնը ինչ որ զիս դէպի Քեզ կ’առաջնորդէ. զիս ինձմէ առ եւ զիս ամբողջութեամբ Քեզի տուր, որպէսզի լիովին Քուկդ ըլլամ»։
Աւարտին Նորին Սրբութիւնը վերանորոգեց իր երախտագիտութիւնը Քահանայապետական Զուիցերական Պահակախումբին ՝ «փութաջան եւ առատաձեռն ծառայութեան» համար ապա զանոնք յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամի պաշտպանութեան եւ շնորհեց իր օրհնութիւնները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
