Լեւոն Պապը «ԻՆթեր» խումբի մարզիկներուն. Եղէք արժէքներու վկաներ ու երիտասարդներուն համար տիպարներ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Շաբաթ` 9 Մայիս 2026-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Առաքելական Պալատէն ներս հիւրընկալեց Իտալիոյ Ոտնագունդի խաղի այս տարուայ ախոյան «FC Internazionale Milano - Ինթեր» խումբի ղեկավարներն ու մարզիկները, որոնց ուղղեց հակիրճ ողջոյնի խօսք մը շնորհաւորելով անոնց յաղթանակը։
«Ասիկա վստահաբար ձեզի համար մեծ ուրախութեան պահ մըն է, որուն ուրախ եմ մասնակից դառնալ» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով` թէ անոնք այս նպատակակէտին հասան «շնորհիւ մեծ ջանքի, խմբային աշխատանքի, կարգապահութեան եւ յարատեւութեան», զորս «կրցան պահպանել թէ՛ խանդավառ եւ թէ՛ դժուար պահերուն՝ առանց յուսահատելու կամ յանձնուելու»։
«Այս պատճառով, մինչ կը շնորհաւորեմ ձեզ, կը հրաւիրեմ որ խորհրդածէք ձեր ապրած փորձառութեան մասին, որպէսզի յաջողութեան այս պահուն դառնաք օգտակար պատգամի մը կրողները, յատկապէս երիտասարդներու աճման համար» յարեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը նշելով թէ այդ երիտասարդներէն շատեր այս օրերուն իրենց կը նային որպէս «հերոսներ», որպէս ընդօրինակելի տիպարներ, եւ «ասիկա ձեզի կը վստահի պատասխանատուութիւն մը, որ կը գերազանցէ մարզական արդիւնքը եւ ձեզմէ կը պահանջէ, որպէս մարզիկներ, ըլլալ արժէքներու վկաները» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. աւելցնելով թէ ինք կ'ուզէ իսկապէս շեշտել այդ կէտը, «որովհետեւ այսօր երիտասարդները իրապէս տիպարներու պէտք ունին, եւ ձեր ըրածը ունի ազդեցութիւն մը, որ կրնայ ըլլալ դրական կամ ժխտական երիտասարդներու կեանքին վրայ։ Ուստի, մտածել այս մեծ պատասխանատուութեան մասին զոր ունիք, բան մըն է որ կ'ուզեմ իսկապէս ձեզի ձգել» ըսաւ Լեւոն ԺԴ.։
Ան ապա յիշեց իրեն նախորդ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ին 35 տարիներ առաջ արտասանած խօսքերը ուղղուած ճիշտ «Ինթերի» խումբի ներկայացուցիչներուն, որուն ընթացքին ան խրախուսած էր զանոնք այնպէս ընելու որ շատեր անոնց մէջ տեսնէին «ամէն տեսակ փորձութեան դիմացող ուղղամտութիւն եւ հարազատութիւն» (Ինթերի ներկայացուցիչներուն խօսք 16 Փետրուար 1991)։
«Ասոնք խօսքեր են զոր ես ալ կ՛ուզեմ ձեզի կրկնել նորոգելով իմ շնորհաւորութիւններս» ըսաւ Քահանայապետը եւ իր օրհնութիւնները շնորհեց ներկաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն բոլորին մաղթելով ամենայն բարիք։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
