Լեւոն ԺԴ. Պապը շեշտեց գիրքին դերը՝ որպէս մտքի սնունդ եւ մշակոյթներու կամուրջ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 7 մայիսին, Վատիկանի Հրատարակչատան (Libreria Editrice Vaticana) հիմնադրման 100-ամեակին առիթով, Լեւոն ԺԴ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց հաստատութեան տնօրէնութիւնն ու պաշտօնէութիւնը՝ փոխանցելով իր պատգամն ու օրհնութիւնը։
Իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց գիրքին կարեւորութիւնը թուայնացած դարաշրջանին մէջ՝ զայն որակելով որպես «ընտանեկան յոբելեան»։
Դարաւոր Առաքելութիւն եւ Հայեցողութիւն
Քահանայապետը յիշեցուց, որ թէեւ հրատարակչատունը ինքնավար դարձած է 1926-ին, անոր արմատները կը հասնին մինչեւ 1587 թուական։ Այս հարիւրամեակի ընթացքին հաստատութիւնը ծառայած է ինը Պապերու՝ տարածելով Աւետարանի պատգամն ու եկեղեցական վարդապետութիւնը աշխարհով մէկ։
Քահանայապետը իր պատգամը խմբաւորեց երեք հիմնական առանցքներու շուրջ.
Մտածումի առիթ. Նորին Սրբութիւնը նշեց որ գիրքը հակաթոյն է գաղափարական կարծրացումներուն ու յորդորեց ընթերցանութեան միջոցով սնուցանել քննադատական միտքը՝ հեռու մնալով մտային սահմանափակումներէ։
Հանդիպման հարթակ. Յղում կատարելով Ֆրանչիսկոս Պապի «հանդիպման մշակոյթին»՝ Սրբազան Հայրը նշեց, որ գիրքը կամուրջ է հեղինակին եւ ընթերցողին միջեւ, որ կ՚ընդլայնէ մարդու տեսադաշտը։
Քրիստոսի քարոզչութիւն. Գիրքը նաեւ հոգեւոր զարթօնքի միջոց է։ Յիշատակելով Սուրբ Անտոն Փատուացին եւ Սուրբ Օգոստինոսը՝ Քահանայապետը շեշտեց Աստուծոյ խօսքով կերտուելու անհրաժեշտութիւնը։
«Վերջապէս, մեզի՝ քրիստոնեաներուս համար, գիրքը առիթ մըն է Քրիստոսը աւետելու։ Լաւ գիտենք, թէ ինչպէս սուրբի մը կենսագրութեան կամ լաւ ներկայացուած հոգեւոր խորհրդածութեան մը ընթերցումը կրնայ դպչիլ սիրտին։ Սուրբ Կոյս Մարիամը յաճախ կը պատկերուի Աւետման տեսարանին մէջ՝ Սուրբ Գիրքը կարդալու պահուն։ Սուրբ Անտոն Փատուացին իր ձեռքին մէջ կը բռնէ Աւետարանը՝ բաց վիճակով, որուն վրայ կանգնած է Մանուկ Յիսուսը։ Սուրբ Օգոստինոսը յաճախ կը տեսնենք գրասեղանի մը առջեւ նստած՝ մեծ գիրքի մը դիմաց, եւ երբեմն ալ ձեռքին մէջ սիրտ մը բռնած. ճշմարտութիւն եւ սէր։ Մարիամի եւ Սուրբերու դպրոցին մէջ՝ սնանինք Աստուծոյ Խօսքով, որպէսզի ան կերտէ մեր մտածելակերպն ու գործելակերպը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։
Հայեացք Դէպի Ապագայ
Իր խօսքի աւարտին, Քահանայապետը վերյիշեց Պօղոս Զ Սրբազան Պապի 1976-ի պատգամը՝ կոչ ուղղելով ներկաներուն նայիլ դէպի ապագայ նոր գաղափարներով եւ ծրագիրներով։ Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց անձնակազմին՝ մաղթելով նուիրումով ու խանդավառութեամբ շարունակել իրենց առաքելութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
