Անտարբերութիւնը կրնայ կարծրացնել մեր սիրտերը՝ զանոնք յուզելու փոխարէն․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Երկուշաբթի՝ 11 Մայիսին, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Միջկրօնական Երկխօսութեան Վերատեսչութեան եւ Միջկրօնական Ուսումնասիրութիւններու Թագաւորական Հաստատութեան միջեւ եւ վերջիններուս կողմէ կազմակերպուած ութերորդ․ Հանդիպման մասնակիցներուն։
Կարեկցանք եւ զգացումներու բաժնեկցութիւնը՝ էական կեցուածքներ
Հանդիպումին ներկայ էր Էլ Հասան Պին Թալալը՝ 1965էն 1999ը Յորդանանի Թագաժառանգը եւ Միջկրօնական Ուսումնասիրութիւններու Թագաւորական Հաստատութեան հիմնադիրը։ Սրբազան Պապը իր խօսքին սկիզբը ճիշտ անոր դիմելով եւ, յանձին անոր, ողջունելով ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեց Միջկրօնական երկխօսութեան այս ութերորդ հանդիպման համար։
Ապա՝ անդրադառնալով այս տարուայ համար ընտրուած նիւթին՝ «Human Compassion and Empathy in Modern Times - Մարդկային կարեկցանքը եւ զգացումներու բաժնեկցութիւնը՝ արդի ժամանակներու մէջ» խորագիրով, Նորին Սրբութիւնը այդ երկու առաքինութիւնները մահմետական եւ քրիստոնէական աւանդութիւններու «էական կեցուածքներ» նկատեց։
Կարեկցանքը՝ իսլամի եւ քրիստոնէութեան հիմք
«Ra’fa» (բժշկել), եզրը մահմետական աւանդոյթի մէջ կը կապուի կարեկցանքի հետ՝ որպէս Աստուծոյ կողմէ հաւատացեալներու սրտին մէջ զետեղուած պարգեւ»։ «Այնպէս ինչպէս քրիստոնէական աւանդոյթին մէջ, Սուրբ Գիրերը կը բացայայտեն Աստուած մը, զոր անտարբեր չէ տառապանքի նկատմամբ եւ Մովսէսին կ’ըսէ «Ես տեսայ իմ ժողովուրդիս տառապանքը [...] եւ լսեցի անոր աղաղակը» (Ելք 3, 7)» , նշեց Լեւոն Պապը։
«Յիսուս Քրիստոսի մէջ աստուածային այս կարեկցանքը կը դառնայ տեսանելի եւ շօշափելի», իսկ «Անոր օրինակին հետեւելով՝ քրիստոնէական կարեկցանքը կը դառնայ մասնակցութիւն տառապանքին կամ՝ ուրիշներուն հետ տառապանք», շարունակեց Ան։
Հետեւաբար, ըստ Անոր, քրիստոնէական եւ մահմետական աւանդոյթներու համար կարեկցանքն ու զգացումներու բաժնեկցութիւնը «յաւելեալ կամ ընտրովի» բան մը չէն, այլ՝ «Աստուծոյ կոչ՝ արտացոլելու համար Անոր բարութիւնը մեր առօրեայ կեանքէն ներս»։
Անտարբերութիւնը՝ մեր ժամանակներու հոգեւոր ամենալուրջ մարտահրաւէրներէն մէկը
Քահանայապետը դիտել տուաւ այնուհետեւ, որ արհեստագիտական առաջընթացի հետեւանքով ստեղծուած անտարբերութեան պատճառաւ կարեկցանքը եւ զգացումներու բաժնեկցութիւնը այսօր վտանգի տակ են․
«Ուրիշներու դժուարութիւններու մասին պատկերներու եւ տեսանիւթերու շարունակական հոսքը կրնայ կարծրացնել մեր սրտերը՝ զանոնք յուզելու փոխարէն», ընդգծեց Պապը ու մէջբերեց Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքերը թէ՝ «վարժուեցանք ուրիշին տառապանքին՝ խորհելով թէ անիկա մեզի չի վերաբերիր, մեզ չի հետաքրքրեր, մեր գործը չէ» (Քարոզ, Լամփետուզա, 8 Յուլիս 2013), որմէ մեկնելով հաստատեց․
«Անտարբերութիւնը կը դառնայ մեր ժամանակներու հոգեւոր ամենալուրջ մարտահրաւէրներէն մէկը»։
Լեւոն Պապը յորդորեց, ի վերջոյ, քրիստոնեաները ու մահմետականները՝ «օգտուելով համապատասխան աւանդոյթներու հարստութենէ», «վերակենդանացնել մարդկայնութիւնը այնտեղ, որտեղ պաղած է, ձայն տալ անոնց, որոնք կը տառապին, եւ անտարբերութիւնը վերածել զօրակցութեան»։
Ապա՝ աւարտեց իր ողջոյնի խօսքը մաղթելով, որպէսզի այս «համագործակցութիւնը պտղաբերէ՝ խաղաղութեան, զգացումներու բաժնեկցութեան եւ եղբայրութեան շօշափելի արարքներով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
