Որոնել

Ֆրիուլիի երկրաշարժի զոհերուն նուիրուած պատարագ Ֆրիուլիի երկրաշարժի զոհերուն նուիրուած պատարագ  (Alvise Sperandiio)

Սրբազան Քահանայապետին հեռագիրը Ֆրիուլիի Երկրաշարժի 50-ամեակին առթիւ

Հեռագիրին մէջ կը նշուի, թէ Քահանայապետը աղօթքով կը միանայ Կարդինալ Մաթթէօ Զուփփիին նախագահած Սուրբ Պատարագին, որ կը մատուցուի ի յիշատակ բազմաթիւ զոհերուն։ Սրբազան Հայրը երախտագիտութեամբ կը յիշէ այն բոլոր երկիրներն ու կամաւորները, որոնք փութացած էին օգնութեան՝ նպաստելով շրջանի արագ վերականգնումին եւ օրինակելի վերաշինութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Իտալիոյ Ֆրիուլի շրջանի ահաւոր երկրաշարժի 50-ամեակին առիթով, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը, Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ հեռագիր մը յղած է Ուտինէի Մետրոպոլիտ Արքեպիսկոպոս՝ Գերապ. Ռիքարտօ Լամպային որուն մէջ իր հոգեւոր մօտիկութիւնը յայտնած է տեղական եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին։

Հեռագիրին մէջ, որ կարդացուեցաւ այս առիթով մատուցուած Սուրբ Պատարագին սկիզբը, կը նշուի, թէ Քահանայապետը աղօթքով կը միանայ Կարդինալ Մաթթէօ Զուփփիին նախագահած Սուրբ Պատարագին, որ կը մատուցուի ի յիշատակ բազմաթիւ զոհերուն։

Սրբազան Հայրը երախտագիտութեամբ կը յիշէ այն բոլոր երկիրներն ու կամաւորները, որոնք փութացած էին օգնութեան՝ նպաստելով շրջանի արագ վերականգնումին եւ օրինակելի վերաշինութեան։

Պատգամին աւարտին, Լեւոն ԺԴ. յոյս կը յայտնէ, որ այս ողբերգական իրադարձութեան յիշատակը զօրացնէ եղբայրութեան եւ սիրոյ արժէքները ապա իր Առաքելական Օրհնութիւնը կը շնորհէ Ֆրիուլիի ողջ ժողովուրդին՝ զանոնք յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ շրջանի պաշտպան սուրբերու հովանիին։

Յայտնենք` որ 1976-ին պատահած երկրաշարժը, պատճառ դարձաւ 990 զոհերու (որոնցմէ աւելի քան 400-ը՝ Ճեմոնայի մէջ)։ Յիսուն ամեակին առիթով տեղի ունեցած ոգեկոչման արարողութեան իրենց  մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 5,000 հաւատացեալներ։ Պատարագը մատուցուեցաւ կարդինալ Մաթէէօ Ձուփփիի կողմէ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Համահւաք դասին նախագահը, ի յիշատակ զոհերուն եւ իբրեւ շնորհակալութիւն ստացուած զօրակցութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2026, 16:29