2026.05.25 Membri dell'Intergruppo Demografia del Parlamento Europeo

Ժողովրդագրական զէրոյական աճը՝ հետեւանք միայնութեան համավարակին․ Լեւոն ԺԴ․

Սրբազան Քահանայապետը այսօր հանդիպեց Եվրոպական խորհրդարանի՝ ժողովրդագրութեան վերաբերեալ միջխմբակցութեան անդամներուն․ ժողովրդագրական հրատապ մարտահրաւէրներուն լուծումներ տալու բանալին ընտանիքն է՝ «ընկերային կեանքի առաջին եւ անփոխարինելի դպրոցը»՝ «հիմնուած այր մարդու եւ կնոջ միջեւ ամուսնութեան վրայ», որ «կը միացնէ անձնական եւ հանրային հարթութիւնները», ուստի պէտք է «խթանել ընտանիքներու ընդհանուր պատասխանատւութիւնը եւ աշխոյժ դերը հասարակական, քաղաքական եւ մշակութային կեանքէն ներս
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Երկուշաբթի՝ 25 Մայիսին, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Եւրոպական խորհրդարանի՝ ժողովրդագրութեան վերաբերեալ միջխմբակցութեան անդամներուն, որոնք Հռոմ ժամանած են «Ժողովրդագրութիւն եւ Եւրոպա. վճռորոշ պահ մը» խորագիրով համաժողովի նպատակով՝ նուիրուած Իտալիոյ եւ Եւրոպայի ժողովրդագրական մարտահրաւէրներուն։

Միայնութեան համավարակը

«Ցամաքամասի ժողովրդագրական հարցին վրայ կեդրոնացումը անշուշտ տեղին է, քանի որ այս խնդիրը կը ներկայացնէ հրատապ մարտահրաւէր մը՝ գործնական հետեւանքներով միլիոնաւոր մարդոց եւ անոնց ընտանիքներուն համար հին ցամաքամասին մէջ, հին ոչ թէ իր փառաւոր պատմութեան, այլ՝ իր յառաջացած տարիքին համար»։ Ահաւասիկ այս խօսքերը արտասանեց Սրբազան Պապը՝ ԵԽ միջխմբակցութեան անդամներուն ուղղած իր պատգամին սկիզբը։

Ըստ Նորին Սրբութեան, ժողովրդագրական զէրոյական աճի հետեւանքով յառաջացած «շատ եւ բարդ» խնդիրներէն մին «միայնութեան համավարակն է»։

«Երեխաները մեր ապագան են», շեշտեց այնուհետեւ Ան՝ դիտել տալով, որ այդ ապագան կը պահանջէ համապարփակ ու կայուն զարգացում, ինչ որ, սակայն կը խոչընդոտուի սերունդներու միջեւ զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ՝ հաւասարակշռութեան բացակայութեան պատճառաւ։

Ընտանիքի պաշտպանութեան քաղաքականութեան հակասական պնդումները

Եւրոպական Միութեան կառոյցներու հիմնադիր հայրերու քրիստոնէական ոգեշնչումի մերժումը անպտղութեան ժամանակաշրջանի գլխաւոր պատճառներէն են եւ այն, որ  երիտասարդներուն չէ փոխանցուած ապագային դիմակայելու նիւթական եւ մշակութային անհրաժեշտ գործիքները, շարունակեց Լեւոն Պապը։

«Այսպիսով, մենք յաճախ կը բախուինք ընտանիքի պաշտպանութեան ենթադրեալ քաղաքականութեան հակասական պնդումներուն, որոնք միաժամանակ կը խրախուսեն մայրութեան նկատմամբ խտրականութիւնը, կը բարձրացնեն արհեստական վիժումը որպէս իրաւունք եւ կը խարխլեն ընտանիք կազմելու ցանկութեան հիմքը», յարեց հուսկ Լեւոն Պապը։

Համաժողովը կարեւոր՝ նորարարական գաղափարներ փնտռելու համար

Ժողովրդագրական մարտահրաւէրը վճռորոշ պահ նկատելով Եւրոպայի մարդաբանական, ընկերային եւ տնտեսական ապագայի համար, եւ, ըստ այդմ, կարեւորելով համաժողովը՝ նորարարական գաղափարներ փնտռելու տեսանկիւնէ, Սրբազան Հայրը ընդգծեց, որ Եւրոպական տարբեր կառոյցներու երկխօսութիւնը պէտք է ներառէ քաղաքացիական հասարակութիւնը իր ամբողջութեամբ, որուն անբաժանելի մաս կը կազմեն քրիստոնեաները։

Ասկէ մեկնելով, Լեւոն ԺԴ․ մատնանշեց վերոնշեալ  հրատապ մարտահրաւէրներուն լուծումներ տալու բանալին, որ է՝ ընտանիքը՝ «ընկերային կեանքի առաջին եւ անփոխարինելի դպրոցը»՝ «հիմնուած այր մարդու եւ կնոջ միջեւ ամուսնութեան վրայ», որ «կը միացնէ անձնական եւ հանրային հարթութիւնները», ուստի յորդորեց «խթանել ընտանիքներու ընդհանուր պատասխանատուութիւնը եւ աշխոյժ դերը հասարակական, քաղաքական եւ մշակութային կեանքէն ներս»։

Պատասխանել իւրաքանչիւր դարաշրջանի առջեւ ծառացած հիմնարար հարցերուն

Խօսքը, ըստ Սրբազան Քահանայապետին, անցեալի ընկերային ձեւաչափերուն վերադարձի մասին չէ, այլ՝ փնտռել պատասխաններ իւրաքանչիւր դարաշրջանի առջեւ ծառացած հիմնարար հարցերուն․ «Ո՞րն է մարդկային կեանքի իմաստն ու արժէքը, ո՞րն է ինքնատիպ մարդկային հասարակութիւնը, ինչպիսի՞ աշխարհ կ’ուզենք փոխանցել ապագայ սերունդներուն», յարեց հուսկ Պապը։

Առ այդ, Ան պնդեց, որ «ազգային եւ ԵՄ քաղաքականութիւնները պէտք է մշակուին քաղաքացիական հասարակութեան հետ համագործակցութեամբ»։ Ապա՝ նշեց այդպիսի համագործակցութեան օրինակներ՝ Եւրոպայի մէջ կաթողիկէ ընտանիքներու ընկերակցութիւններու համադաշնութեան (FAFCE) եւ Եւրոպական Միութեան Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասերու (COMECE) հետ

Աւարտին, Լեւոն Պապը իր օրհնութիւնը բաշխեց ներկաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2026, 11:35