«Ցաւը չի կրնար մարել սէրը, ոչ ալ նուազեցնել Աստուծոյ զօրութիւնը» Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ` 9 Մայիս 2026-ի առաւօտեան, Լեւոն ԺԴ. Պապին ունեցած պաշտօնական հանդիպումներուն վերջինը եղաւ «Ամիոթրոֆիկ Լատերալ Սքլերոզի Իտալական Միութեան» (AISLA) գրեթէ չորս հարիւր անդամներուն հետ հանդիպումը որուն ընթացքին Քահանայապետը առիթը ունեցաւ շնորհակալութիւն յայտնելու անոնց ԱԼՍ-ով (SLA) տառապող հիւանդներու եւ անոնց ընտանիքներու կողքին ըլլալու յանձնառութեան համար։
«Դուք միութիւն մըն էք, որ կը միաւորէ հիւանդութեան մէջ ապրող անձերը, անոնց հարազատներն ու «խնամողները»՝ բուժական դաշինքի մը մէջ, որ յատկանշուած է զօրաւոր մտերմութեամբ ու մօտիկութեամբ, ինչ որ լաւապէս կը մարմնաւորէ Յիսուսի ոճը տառապողներուն հանդէպ (հմմտ. Ղուկ. 4, 38-39)», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը այս առիթով Իր արտասանած խօսքին մէջ, շեշտելով հիւանդներու, հարազատներու եւ առողջապահական մարզի աշխատողներու միջեւ հաստատուած «բուժական դաշինքին» կարեւորութիւնը։
Ան ապա յատկապէս գովեց ԱԼՍ-ով տառապող անձերու քաջութիւնը, որոնք իրենց վկայութեամբ ցոյց կու տան, թէ կեանքի արժանապատուութիւնն ու արժէքը աւելի զօրաւոր են, քան հիւանդութիւնը։ Ան հիւանդները կոչեց «մարգարէներ», որոնք ի վիճակի են աշխարհին սորվեցնելու կեանքի եւ բաժնեկցուած սիրոյ վաւերական իմաստը։
Իր ելոյթին մէջ Սրբազան Պապը նաեւ ընդգծեց AISLA-ի հիմնական դերը գիտական հետազօտութիւններու աջակցութեան, կրթութեան եւ հիւանդներու իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին մէջ, ինչպէս նաեւ գործնական մերձաւորութեան եւ տնային խնամքի կարեւորութիւնը։
Ան յիշեցուց, որ տառապանքի մէջ ոչ ոք պէտք է առանձին մնայ, եւ որ կամաւորութիւնը շօշափելի պատասխան մըն է «բացառման մշակոյթին»։
Խօսքը եզրափակելով՝ Լեւոն ԺԴ. վերյիշեցուց յոյսի քրիստոնէական պատգամը. ցաւը չի կրնար մարել սէրը, ոչ ալ նուազեցնել Աստուծոյ զօրութիւնը, ապա վստահեցուց իր աղօթքները եւ օրհնեց ներկաները՝ զանոնք յանձնելով Մարիամ Աստուածածնայ եւ բարեգործութեան սուրբերու պաշտպանութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
