Որոնել

Լեւոն Պապը իր եղբայրակիցներուն հետ Լեւոն Պապը իր եղբայրակիցներուն հետ  (© Ordine di Sant'Agostino)

Սուրբ Օգոստինոսի «զաւակը», որ դարձաւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Քահանայապետ

Լեւոն ԺԴ. ըլլալով Սուրբ Օգոստինոսի Միաբանութեան անդամ, իր կեանքին մէջ լիովին կ’իրագործէ օգոստինոսեան ընտանիքի շնորհqը՝ հիմնուելով Հիպոնի եպիսկոպոսին փորձառութեան եւ ուսուցումներուն վրայ՝ Աստուծոյ փնտռտուքի, Քրիստոսի հետեւելու փափաքի, եղբայրութեան եւ Եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ։Ան պահպանած է Միաբանութեան յատուկ պաշտամունքներն ու ջերմեռանդութիւնը եւ երբեմն առիթներ ստեղծած է իր միաբանակից եղբայրներուն հետ հաւաքուելու եւ մտերմիկ պահեր կիսելու համար։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

«Ես Սուրբ Օգոստինոսի զաւակն եմ». այս խօսքերով է որ Լեւոն ԺԴ. Պապը ներկայացաւ աշխարհին 2025 թուականի Մայիսի իր ընտրութենէն ետք՝ անմիջապէս շեշտելով Սուրբ Օգոստինոսի Միաբանութեան անդամի իր ինքնութիւնը։ 1978-ին Միաբանութեան անդամագրուած ըլլալով՝ Պապը միշտ ապրած է օգոստինոսեան շնորհքով, որուն հիմքը Աստուծոյ փնտռտուքը, եղբայրութիւնը, երկխօսութիւնն ու Եկեղեցւոյ ծառայութիւնն են։

Ոգեշնչուելով Սուրբ Օգոստինոսէն՝ Լեւոն ԺԴ յաճախ կը շեշտէ միութեան հիւրընկալութեան եւ տարբեր ժողովուրդներու ու մշակոյթներու միջեւ կամուրջներ կառուցելու կարեւորութիւնը։ Իր ելոյթներուն մէջ յաճախակիօրէն կը յայտնուին Հիպոնի սուրբին հոգեհարազատ թեմաները՝ ներաշխարհը, բարեկամութիւնը, Քրիստոսի կեդրոնականութիւնը եւ յարգանքը տարբերութիւններուն նկատմամբ։

Խորապէս կապուած ըլլալով օգոստինոսեան ընտանիքին՝ Քահանայապետը վառ կը պահէ Միաբանութեան աւանդութիւններն ու ջերմեռանդութիւնը, ինչպէս ցոյց կու տան իր այցելութիւնները Բարի Խորհուրդի Մօր սրբավայրը եւ Մոնթեֆալքոյի օգոստինոսեան վանքը։ Նոյնիսկ իր պապական կարգախօսը՝ «In Illo uno unum», կը վերահաստատէ Եկեղեցւոյ ներքոյ միութեան հասնելու իր փափաքը։

Ալճերիա կատարած իր վերջին ճամբորդութեան ընթացքին՝ Սուրբ Օգոստինոսի հայրենիքին մէջ, Լեւոն ԺԴ. վերահաստատեց, որ սուրբին մտածումները կը մնան այժմէական՝ խթանելու համար երկխօսութիւնը, ճշմարտութիւնն ու խաղաղութիւնը Միջերկրականի եւ համայն աշխարհի ժողովուրդներուն միջեւ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2026, 15:30