Որոնել

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. եղաւ այն առաջին Արեւելցի Եկեղեցապետը, որ պաշտօնական հանդիպում մը ունեցաւ նորընտիր Քահանայապետին հետ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. եղաւ այն առաջին Արեւելցի Եկեղեցապետը, որ պաշտօնական հանդիպում մը ունեցաւ նորընտիր Քահանայապետին հետ  (ANSA)

«Խաղաղութիւն բոլորիդ. Զինաթափ եւ զինաթափեցնող խաղաղութիւն». Լեւոն Պապին ընտրութեան առաջին տարեդարձը

Լեւոն ԺԴ. Պապի հայկական աշխարհին հետ կապուած առաջին տարուան ամենանշանակալից իրադարձութիւններէն մէկը եղաւ Նահատակ Իգնատիոս Մալոյան-ի սրբադասումը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ Ուրբաթ օր` 8 Մայիսին կը լրանայ Լեւոն ԺԴ. Պապին ընտրութեան առաջին տարեդարձը. Առաջին Ամերիկացի Քահանայապետը, որ ծնած է Չիքակոյի մէջ ու նաեւ առաջին Օգոստինեան միաբանը որ դարձաւ Սուրբ Պետրոսի յաջորդ։ Ան տարիներ ամբողջ` որպէս Օգոստինեան Միաբանութեան միսիոնար իր ծառայութիւնը մատուցած է նախ Փերուի Թրուխիլօ քաղաքին մէջ, ապա 2014-2023 ծառայած է Փերուի Չիքլայօ քաղաքին մէջ, դառնալով Թեմին Եպիսկոպոսը եւ նախ քան Քահանայապետ ընտրուելը կը վարէր Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչի պաշտօնը։

2025 թուականի մայիսի 8-ին, Հռոմի մէջ տեղի ունեցած Կարդինալական Պապընտիր Ժողովի ընթացքին, Ժողովականները ընտրեցին Ֆրանչիսկոս Պապին յաջորդը յանձինս Կարդինալ Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեվոսթին, որ որոշեց առնել Լեւոն ԺԴ. անունը։

Ընտրութենէն անմիջապէս ետք արտասանած իր առաջին խօսքերով՝ «Խաղաղութիւն բոլորիդ», Ան ընդգծեց թէ իր հովուական եւ համաշխարհային առաքելութեան առանցքն է՝ խաղաղութիւնը ։

Մէկ տարի անց, անոր գործունէութիւնը կարելի է դիտարկել որպէս բազմաշերտ հովուական եւ դիւանագիտական ընթացք, ուր միախառնուած են եկեղեցական վերանորոգումը, միջեկեղեցական երկխօսութիւնը եւ մարդկային տառապանքներուն նկատմամբ զգայունութիւնը։

Լեւոն ԺԴ.
Լեւոն ԺԴ.

Ընտրութեան պահը եւ առաջին պատգամը

Լեւոն ԺԴ-ի ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ աշխարհի համար լարուած ժամանակաշրջանի մը մէջ։ Ան իր առաջին խօսքով ոչ միայն ողջունեց հաւատացեալները, այլ նաեւ անմիջապէս ձեւակերպեց իր ծրագիրը՝ խաղաղութեան վրայ հիմնուած համաշխարհային տեսլական մը։

«Խաղաղութիւնը ձեր հետ։ Ասիկա Յարուցեալ Քրիստոսին խաղաղութիւնն է, զինաթափուած ու զինաթափեցնող խաղաղութիւն, հեզ ու հետեւողական։ Անիկա կու գայ Աստուծմէ։ Աստուած` որ կը սիրէ բոլորը, անխտիր կերպով» ըսած էր իր առաջին ելոյթին մէջ ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ. ինքզինք ներկայացնելով որպէս «Ակոսթինեան միաբանութեան` Սուրբ Օգոստինոսի զաւակ» որ ըսած էր. «Ձեր հետ քրիստոնեայ եմ, ձեզի համար Եպիսկոպոս», յարեց ապա Լեւոն Պապը շեշտը դնելով նաեւ Եկեղեցւոյ ներքին միութեան անհրաժեշտութեան վրայ, ինչպէս նաեւ անոր միսիոներական առաքելութեան վրայ. «Եկեղեցի, որ կամուրջներ կը կառուցէ, երկխօսութիւն կը կառուցէ, միշտ բաց ընդունելութեան, նման այս հրապարակի բաց բազուկներուն։ Բոլոր, բոլոր անոնց համար` որոնք պէտք ունին մեր բարեսիրութեան, մեր ներկայութեան, երկխօսութեան ու սիրոյն»։

Քահանայապետութեան ընդհանուր բնոյթը

Մէկ տարուան ընթացքին կարելի է առանձնացնել Լեւոն ԺԴ-ի քահանայապետութեան երեք հիմնական բնութագրերը՝ որոնք են Խաղաղութեան կեդրոնացում, որով Ան կը շարունակէ անդադար կոչ ուղղել պատերազմներու դադրեցման եւ արդար խաղաղութեան հաստատման, ապա Միջեկեղեցական բացուածքը` որով Ան կը խորացնէ կապերը ոչ կաթողիկէ այլ եկեղեցիներուն ետ, յատկապէս Արեւելքի մէջ, իսկ երրորդը` Մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութիւնը։ Արդարեւ Ան իր ընտրած անունով՝ «Լեւոն», յղում կը կատարէ սոցիալական արդարութեան պաշտպան Լեւոն ԺԳ-ին, եւ այս ուղղութիւնը արդէն տեսանելի է անոր խօսքերուն եւ հանդիպումներուն ընդմէջէն։

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ի հանդիպումը Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ
Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ի հանդիպումը Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ   (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. եւ Հայ Եկեղեցին

Լեւոն ԺԴ-ի առաջին տարուան կարեւորագոյն ուղղութիւններէն մէկը եղաւ միջեկեղեցական երկխօսութիւնը, յատկապէս Արեւելեան Եկեղեցիներու հետ։

Արդարեւ Անոր ընտրութենէն մի քանի օրեր ետքը` 24 Մայիս 2025-ին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. եղաւ այն առաջին Արեւելցի Եկեղեցապետը, որ պաշտօնական հանդիպում մը ունեցաւ նորընտիր Քահանայապետին հետ, անոր նուիրելով Սուրբ Կոյս Մարիամի խճանկար մը եւ պաշտօնապէս հրաւիրելով զինք այցելելու Լիբանանը։

Արեւելեան Եկեղեցիներու Յոբելեան

Մինասեան Պատրիարքը ապա նոյն ժամանակաշրջանին բախտը ունեցաւ այլ առիթներով հանդիպելու Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ, յատկապէս Հռոմի մէջ տեղի ունեցած 2025-ի Յոբելենական ձեռնարկներուն ծիրէն ներս նախատեսուած Արեւելեան Եկեղեցիներու Յոբելենական ուխտագնացութեան առիթով։

Գարեգին Ա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Լեւոն Պապը
Գարեգին Ա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Լեւոն Պապը   (@Vatican Media)

Գարեգին Բ.ի այցելութիւնը

2025 թուականի սեպտեմբերին Քահանայապետը ապա Քասթել Կանտոլֆիյի Քահանայապետական ամարանոցին մէջ ընդունեց Էջմիածնի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Վեհափառ Հայրապետ՝ Գարեգին Բ.ը։

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ եղբայրական մթնոլորտի մէջ, ուր քննարկուեցան ոչ միայն եկեղեցական հարցեր, այլ նաեւ հայութեան ճակատագրին հայող նուրբ խնդիրները եւ տարածաշրջանային խաղաղութիւնը։ Երկուստեք ընդգծեցին արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութեան անհրաժեշտութիւնը ։

Այս հանդիպումը կը ցոլացնէ Պապին մօտեցումը՝ եկեղեցիներու միութիւնը տեսնել ոչ միայն վարդապետական, այլ նաեւ մարդկային համերաշխութեան մէջ։

Մալոյանի սրբադասման արարողութիւնը
Մալոյանի սրբադասման արարողութիւնը   (AFP or licensors)

Սրբադասում մը՝ յիշողութեան եւ արդարութեան ծառայութեան մէջ

Լեւոն ԺԴ. Պապի հայկական աշխարհին հետ կապուած առաջին տարուան ամենանշանակալից իրադարձութիւններէն մէկը եղաւ Նահատակ Իգնատիոս Մալոյան-ի սրբադասումը։

Մալոյանը, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915-ի Մեծ Եղեռնի ժամանակ նահատակուած հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոս մըն էր, արդէն երկար ժամանակ կը ճանչցուէր որպէս վկայ հաւատքի եւ հաւատարմութեան։ Անոր սրբադասումը, սակայն, նոր լոյսի տակ դրաւ այս վկայութիւնը։

Սրբադասման խորհուրդը

Սրբադասումը պարզապէս եկեղեցական արարողութիւն մը չէր։ Ան դարձաւ՝ պատմական արդարութեան վերահաստատում, նահատակութեան համընդհանուր ճանաչում, եւ հայ ժողովուրդի տառապանքներուն նկատմամբ նոր ուշադրութիւն։

Լեւոն ԺԴ իր քարոզին մէջ շեշտեց, թէ Մալոյանը ոչ միայն հայ ժողովուրդին կը պատկանի, այլ ամբողջ Եկեղեցւոյ եւ մարդկութեան։ Ան ներկայացուեցաւ որպէս օրինակ՝ հաւատքի, քաջութեան եւ ներողամտութեան։

Այս սրբադասումով անուղղակիօրէն վերահաստատուեցաւ Մեծ Եղեռնի պատմական իրականութիւնը՝ առանց ուղղակի քաղաքական յայտարարութիւններու, շարունակելով Վատիկանի նուրբ, բայց ազդեցիկ դիւանագիտութիւնը՝ յիշողութիւնը կապելով արդարութեան հետ։

Լեւոն ԺԴ. հանդիպումը Պոլսոյ հայոց Պատրիարք Սահակ Մաշալեանի հետ
Լեւոն ԺԴ. հանդիպումը Պոլսոյ հայոց Պատրիարք Սահակ Մաշալեանի հետ   (ANSA)

Թուրքիա եւ Լիբանան. Քահանայապետին հանդիպումները հայ Եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալներուն հետ

Բացի Վատիկանի մէջ ունեցած իր հանդիպումներէն Լեւոն ԺԴ. Պապը իր Քահանայապետութեան առաջին առաքելական ճամբորդութեան ընթացին եւս առիթը ունեցաւ հանդիպելու եւ շփուելու հայ եկեղեցւոյ եւ հայ հաւատացեալներուն հետ։

Արդարեւ Թուրքիա կատարած իր առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, Ան այցելեց Իսթանպուլի Հայ Առաքելական Մայր Եկեղեցին` 30 նոյեմբերին, հանդիպելով եւ աղօթելով Պոլսոյ հայոց Պատրիարք Սահակ Մաշալեանի հետ, որուն ընթացքին իր արտասանած ճառին մէջ իր յարգանքի տուրքը մատուցեց հայոց քրիստոնէական «քաջարի վկայութեան»՝ վերյիշելով անոնց անցեալի «ողբերգութիւնները»։

Այստեղ հարկ է նշել` որ Թուրքիոյ Քահանայապետական ճամբորդութեան տեղական համակարգողն էր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հովուապետ Գերապ. Վարդան Թ. Ծ. Վ. Գազանճեանը։

Լիբանանի մէջ միջկրօնական աղօթք
Լիբանանի մէջ միջկրօնական աղօթք   (@Vatican Media)

Նոյնը պատահեցաւ նաեւ Վերոնշեալ ճամբորդութեան երկրորդ փուլ հանդիսացող Լիբանանի մէջ, ուր Լեւոն Պապը դարձեալ հանդիպումներ ունեցաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ, ապա Պէյրութի մէջ կայացած Միջկրօնական աղօթքի հանդիպման առիթով, տեսակցեցաւ նաեւ Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին հետ։

Եզրակացութիւն

Լեւոն ԺԴ-ի առաջին տարին կարելի է բնութագրել որպէս հիմնադրական շրջան մը։ Ան դեռ կը ձեւաւորէ իր երկարաժամկէտ ուղին, բայց արդէն իսկ տեսանելի են անոր առաջնահերթութիւնները՝ խաղաղութիւն, միութիւն եւ մարդկութեան խղճի ձայն մը՝ խեղճերուն, տառատպեալներուն եւ մոռցուածներուն կողքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2026, 12:21