«Լեւոնը Հռոմի մէջ». Վաւերագրական ժապաւէն մը Փրեվոսթի՝ Յաւերժական Քաղաքին մէջ անցուցած տարիներու մասին

Ուղեւորութիւն մը Հռոմի փողոցներուն եւ Ակոստինեաններուն հոգեհարազատ վայրերուն մէջ՝ հաւաքելու համար ձայներ, պատկերներ եւ վկայութիւններ այն անձերէն, որոնք ճանչցած են ապագայ Քահանայապետը՝ սկսեալ 80-ական թուականներուն Միացեալ Նահանգներէն անոր ժամանումէն, ապա՝ Օգոստինոսեան Միաբանութեան ընդհանուր մատակարարի իր երկու պաշտօնավարութեանց շրջանին, եւ վերջապէս՝ որպէս Եպիսկոպոսներու Վերակացութեան նախագահ իր ծառայութեան ընթացքին։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Վատիկանի լրատուամիջոցներուն կողմէ պատրաստուած «Լեւոնը Հռոմի մէջ» (Leone a Roma) վաւերագրական ժապաւէնը կը ներկայացնէ Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեվոսթի՝ այսօրուան Լեւոն ԺԴ. Պապին Հռոմի մէջ անցուցած շուրջ 19 տարիները։ Վկայութիւններու, պատկերներու եւ յուշերու միջոցաւ՝ ֆիլմը կը պատմէ անոր ժամանումը Միացեալ Նահանգներէն 1981-ին՝ որպէս երիտասարդ Օգոստինեան կրօնաւոր, Սուրբ Մոնիքա վարժարանէն ներս անցուցած կեանքը եւ կազմաւորման տարիները՝ ուսման, աղօթքի եւ համայնքային կեանքի մթնոլորտին մէջ։

Ժապաւէնը կ՚անդրադառնայ նաեւ այն ժամանակաշրջանին, երբ ան կը վարէր Օգոստինեան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորի պաշտօնը (2001–2013)՝ յատկանշուած առաքելութիւններու այցելութիւններով եւ առաջնորդութեան պարտականութիւններով, ինչպէս նաեւ Հռոմէական Քուրիայի մէջ իր ծառայութեան՝ որպէս Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ, պաշտօն մը՝ զոր ստացած էր Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէն։

Վաւերագրականը կը համախմբէ զանազան անձնաւորութիւններու վկայութիւնները, որոնք զինք ճանչցած են տարբեր հանգամանքներու մէջ՝ հովուական գործունէութենէն մինչեւ անձնական պահեր՝ գծելով պատկերը մարդամօտ անհատի մը, որ թէ՛ առաջնորդ է եւ թէ՛ հովիւ։

«Լեւոնը Հռոմի մէջ» ժապաւէնը Քահանայապետին նուիրուած երրորդ վաւերագրականն է՝ Փերուի մէջ անցուցած տարիներուն եւ Միացեալ Նահանգներու իր արմատներուն նուիրուած ֆիլմերէն ետքը։

Ժապաւէնը մօտ օրէն` Քահանայապետի ընտրութեան առաջին տարեդարձին առթիւ (8 Մայիս 2025) պիտի սփռուի Վատիկանի լրատուամիջոցներու կայաններէն եւ պիտի տրամադրուի այն լրատուամիջոցներուն, որոնք փափաք կը յայտնեն զայն ստանալու։



Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2026, 14:17