Քահանայապետը Զուիցերիական Պահակախումբին. «Երախտապարտ եմ ձեր ծառայութեան համար»
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի` 6 Մայիսի երեկոյեան Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պապական Զուիցերիական Պահակախումբը 28 նորընծայ զինուորներու երդման աւանդական արարողութիւնը` Լեւոն ԺԴ. Պապին ներկայութեամբ:
Արարողութիւնը ամէն տարի կը յիշատակէ Զուիցերիական Պահակախումբի զոհողութիւնը Հռոմի կողոպուտին (Sacco di Roma) ժամանակ, երբ անոնք պաշտպանեցին Կղեմէս Է. Պապը լանցիքենեխներու (Lanzichenecchi) յարձակումէն:
Արարողութեան ներկայ էին զուիցերիական քաղաքական եւ կրօնական իշխանութիւններ, որոնց կարգին էր Զուիցերիոյ Համադաշնութեան նախագահ Կի Փարմըլենը:
Արարողութեան ընթացքին Հրամանատար Քրիսթոֆ Կրաֆ ընդգծեց, որ ուրիշներուն ծառայելը հրաժարում չէ, այլ անձնական եւ մարդկային իրագործման ուղի մը: Պահակախումբի Մատրանապաետը նոյնպէս շեշտեց զոհողութեան եւ անձնուիրումի հոգեւոր արժէքը:
Արարողութեան աւարտին Լեւոն ԺԴ. Պապը իր սրտին խօսքը ուղղելով ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին յատկապէս Զուիցերիական Համադաշնութեան Նախագահին եւ միւս քաղաքացիական ու զինուորական իշխանութիւններուն։
Ան ապա իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց Պահակագունդի անդմաներուն իրենց «թանկագին ծառայութեան» համար՝ երդումը բնորոշելով որպէս հաւատարմութեան յանձնառութիւն՝ հիմնուած Աստուծոյ հանդէպ հաւատքին եւ Եկեղեցւոյ հանդէպ սիրոյն վրայ:
«Ձեզի՛, սիրելի՛ երիտասարդներ, որոնք քիչ առաջ երդում տուիք, կը յայտնեմ իմ յարգանքս եւ երախտագիտութիւնս։ Ձեր կատարած այս քայլը հաւատարմութեան յանձնառութիւն մըն է, որ կ՚առաջնորդուի երիտասարդական խանդավառութեամբ եւ հիմնուած է Աստուծոյ հանդէպ հաւատքին ու Եկեղեցւոյ հանդէպ սիրոյն վրայ։ Այս յանձնառութիւնը, Քահանայապետական Զուիցերական Պահակախումբի թանկագին ծառայութեան հետ միասին, կը դնեմ Սուրբ Կոյս Մարիամի պաշտպանութեան ներքեւ» ըսաւ Սրբազան Պապը իր օրհնութիւնները շնորհելով բոլորին:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
