Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Սպանիոյ վարչապետ Փէտրօ Սանչեզը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 27 Մայիս 2026-ին, Վատիկանի Առաքելական Պալատին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը պաշտօնական ունկնդրութեան մը ընթացքին ընդունեց Սպանիոյ վարչապետ Տիար Փէտրօ Սանչեզ Փերեզ-Քասթեխոնը։
Սրբազան Քահանայապետին հետ ունեցած առանձնազրոյցէն ետք, վարչապետ Սանչեզ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՚ընկերակցէր Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեանց քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալակկեր։
Ջերմ մթնոլորտ եւ երկկողմանի յարաբերութիւններ
Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած սրտագին հանդիպումի ընթացքին, երկուստեք գոհունակութիւն յայտնուեցաւ Սրբազան Պապին դէպի Սպանիա կատարելիք մօտալուտ Առաքելական Ճամբորդութեան գծով, որ կը հանդիսանայ Սուրբ Աթոռի եւ Սպանիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող բարի ու սերտ յարաբերութիւններու վառ ապացոյցը։
Արծարծուեցան նաեւ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր։ Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ տեղական Եկեղեցւոյ եւ կառավարական իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան տարբեր խաւերուն միջեւ արդիւնաւէտ երկխօսութեան խթանման կարեւորութեան՝ հիմնուած փոխադարձ յարգանքի եւ ընդհանուր բարիքի յառաջմղման վրայ։
Միջազգային մարտահրաւէրներ եւ խաղաղութեան Հրամայականը
Զրոյցի շարունակութեան ընթացքին կողմերը կանգ առին միջազգային հարցերու վրայ։ Քննարկման առանցքը հանդիսացան՝Աշխարհի տարբեր գօտիներու մէջ տեղի ունեցող հակամարտութիւններու հետեւանքները, գաղթականութեան եւ տեղահանութեան ճգնաժամերը, Բազմակողմանի դիւանագիտութեան կարեւորութիւնն ու միջազգային իրաւունքի հանդէպ յարգանքը։
Հանդիպման աւարտին շեշտուեցաւ համաշխարհային խաղաղութեան պահպանման ուղղութեամբ մշտական եւ անդուլ յանձնառութիւն ցուցաբերելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
