2026.05.03 Angelus

Թող Աստուածային Իմաստութիւնը լուսաւորէ իշխանութիւն ունեցողներուն խիղճը

«Յատկապէս Սուրբ Վարդարանի աղօթքին միջոցաւ, ինչպէս անընդհատ շղթայ մը, պատերազմէն տանջահար եղած ժողովուրդները վստահուեցան Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան» աւելցուց Ան եւ ապա հայցեց որ «աստուածային Իմաստութիւնը լուսաւորէ իշխանութիւն ունեցողներուն խիղճը եւ առաջնորդէ որոշումները՝ դէպի արդար ու տեւական խաղաղութեան անկեղծ փնտռտուքը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Երրորդութեան տօնին օրը` Կիրակի 31 Մայիսին Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը խօսքը ուղղելով աղօթքին մասնակցող հաւատացեալներուն նախ ակնարկեց այսօր իր աւարտին հասած Մայիս ամսուան որ նուիրուած է Սուրբ Կոյս Մայր Աստուածածնայ, որուն ընթացքին, «համայն Եկեղեցիէն խաղաղութեան միահամուռ հայց մը բարձրացաւ» ըսաւ Քահանայապետը

«Յատկապէս Սուրբ Վարդարանի աղօթքին միջոցաւ, նման անընդհատ շղթայի մը, պատերազմէն տանջահար եղած ժողովուրդները վստահուեցան Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան» աւելցուց Ան եւ ապա հայցեց` որ «աստուածային Իմաստութիւնը լուսաւորէ իշխանութիւն ունեցողներուն խիղճը եւ առաջնորդէ որոշումները՝ դէպի արդար ու տեւական խաղաղութեան անկեղծ փնտռտուքը»։

Նորին Սրբութիւնը յիշեց ապա այսօր Իտալիոյ մէջ նշուող «Ամոքման 25-րդ օրը» հաստատելով, թէ ինք մօտիկ է հիւանդներուն եւ բոլոր անոնց՝ որոնք կը խնամեն զանոնք եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ու քաջալերեց բոլոր անոնք, որոնք կը տարածեն մերձաւորութեան եւ խնամքի մշակոյթը։

Սրբազան Պապը հուսկ «սիրով» ողջունեց Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած հռովմէացի եւ արտերկրի բոլոր ուխտաւորները, յատուկ ողջոյններ ուղղելով մի քանի խումբերուն` ինչպէս Քամերունի Քումպայի թեմէն ժամանած հաւատացեալները կամ Սլովաքիոյ Տունայսքա Լուժնայի ծխական երգչախումբը։

Ան ապա ողջոյնի խօսք մը ուղղեց լեհերուն, մասնաւորապէս Փիեքարիի Սրբավայրի մեծ ուխտագնացութեան մասնակիցներուն, «ուր Մարիամը կը մեծարուի որպէս Սոցիալական Արդարութեան Մայր» ըսաւ Քահանայապետը եւ ողջունելէ ետք նաեւ Իտալիոյ տարբեր շրջաններէն եկող հաւատացեալները բոլորին մաղթեց բարի կիրակի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/05/2026, 12:29