Լեւոն ԺԴ. Պապին յանձնուեցաւ իր հեղինակած «Ազատ՝ շնորհքի ներքոյ» հատորի առաջին օրինակը Լեւոն ԺԴ. Պապին յանձնուեցաւ իր հեղինակած «Ազատ՝ շնորհքի ներքոյ» հատորի առաջին օրինակը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Պապին յանձնուեցաւ իր հեղինակած «Ազատ՝ շնորհքին ներքոյ» հատորի առաջին օրինակը

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին յանձնուեցաւ իր հեղինակած «Ազատ՝ շնորհքին ներքոյ» հատորին առաջին օրինակը, որ կը բովանդակէ Օգոստինեան Միաբանութեան Մեծաւոր եղած շրջանի իր քարոզներն ու գրութիւնները։ 30 լեզուներով թարգմանուող այս գիրքը պաշտօնապէս պիտի ներկայացուի յառաջիկայ չորեքշաբթի օրը Հռոմի մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին պաշտօնապէս յանձնուեցաւ «Ազատ՝ շնորհքին ներքոյ. Սուրբ Օգոստինոսի դպրոցին մէջ պատմութեան մարտահրաւէրներուն դիմաց» խորագրով նորատիպ հատորին առաջին օրինակը։ Վատիկանի հրատարակչատան (LEV) կողմէ լոյս տեսած այս գիրքը կը բովանդակէ Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեվոսթի (այժմ՝ Լեւոն ԺԴ. Պապ) ելոյթները, քարոզներն ու նամակները՝ գրուած 2001-2013 թուականներուն, երբ ան կը վարէր Օգոստինեան Միաբանութեան Ընդհանուր Մեծաւորի պաշտօնը։

Հեղինակին Հոգեւոր Ժառանգութիւնը

Գիրքը Սրբազան Հօր ներկայացուեցաւ Միաբանութեան ներկայ Մեծաւոր՝ Հայր Ճոզեֆ Ֆարելի եւ Վատիկանի Առաքելական Արշիւի տնօրէն՝ Հայր Ռոքօ Ռոնզանիի կողմէ։ Այս հատորը կարեւոր ներդրում մըն է Քահանայապետին հոգեւոր կերպարն ու աստուածաբանական մտածողութիւնը աւելի մօտէն ճանչնալու համար։

Միջազգային տարածում

Ինչպէս արդէն յայտարարուած էր Ֆրանքֆորթի գիրքի տօնավաճառին, հատորը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է միջազգային շրջանակներու մէջ։ Այս պահուս գիրքը կը թարգմանուի աշխարհի 30 տարբեր երկիրներու լեզուներով եւ յառաջիկայ ամիսներուն հասանելի պիտի ըլլայ համաշխարհային շուկային վրայ։

Պաշտօնական ներկայացումը

Իտալերէն հրատարակութիւնը գրախանութներու մէջ պիտի ըլլայ Երկուշաբթի՝ 4 Մայիսէն սկսեալ։ Գիրքի հանդիսաւոր շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Չորեքշաբթի օրը, Հռոմի «Augustinianum» Քահանայապետական հաստատութեան մէջ, մասնակցութեամբ Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի եւ եկեղեցական ու լրագրողական բարձրաստիճան դէմքերու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/05/2026, 20:30