Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (ANSA)

Լեւոն ԺԴ. Եկեղեցին պէտք է հասունութեամբ դիմագրաւէ ընտանիքներու բազմաթիւ դժուարութիւնները

Լեւոն ԺԴ. Պապը լսատեսողական պատգամ մը յղեց Պրազիլի մէջ գումարուած Ընտանիքներու Ազգային 16-րդ Համագումարին՝ ընդգծելով ընտանիքի դերը որպէս «հասարակութեան էական բջիջ» եւ խաղաղութեան անփոխարինելի դաստիարակ: Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց հովուական կարեկցանքով ու ողորմածութեամբ մօտենալու արդի ընտանիքներու դժուարութիւններուն՝ ներշնչուելով Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքի օրինակով

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Պապը լսատեսողական պատգամ մը յղեց Պրազիլի մէջ գումարուած Ընտանիքներու Ազգային 16-րդ Համագումարին՝ ընդգծելով ընտանիքի դերը որպէս «հասարակութեան էական բջիջ» եւ խաղաղութեան անփոխարինելի դաստիարակ: Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց հովուական կարեկցանքով ու ողորմածութեամբ մօտենալու արդի ընտանիքներու դժուարութիւններուն՝ ներշնչուելով Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքի օրինակով։

Իր պատգամին մէջ Քահանայապետը յիշեցուց Պիոս ԺԲ. Պապի խօսքերը, որոնց համաձայն՝ ընտանիքը կը նկատուի «հասարակութեան առաջին եւ էական բջիջը», ուստի այն պէտք է ամէն գնով պաշտպանուի ու քաջալերուի։ Ան նշեց, որ տղամարդու եւ կնոջ սիրոյ միութեամբ կազմուած այս բացառիկ համայնքը իր իրական արժէքն ու ինքնութիւնը կը գտնէ միայն Քրիստոսի օրինակին հետեւելով։

Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց յատուկ կարեկցանքով ու իրապաշտութեամբ մօտենալու արդի ընտանիքներուն, որոնք յաճախ կը դիմագրաւեն բազում դժուարութիւններ, տագնապներ ու տառապանքներ։ Այս գծով, ան կարեւորեց Ֆրանչիսկոս Պապի մատնանշած ողորմածութեան եւ հովուական խոհեմ դատողութեան անհրաժեշտութիւնը:

Որպէս ներշնչման աղբիւր՝ Լեւոն ԺԴ. Պապը ներկայացուց Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքի օրինակը, ուր Յիսուս մեծցաւ Սուրբ Յովսէփի եւ Մարիամ Աստուածածնի հոգածութեան ներքոյ։ Ան նաեւ մէջբերեց Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Պապի խօսքերը՝ վերահաստատելով, որ ընտանիքը ունի անփոխարինելի առաքելութիւն՝ որպէս «խաղաղութեան իսկական դաստիարակ»։

Պատգամի աւարտին, հայցելով Պրազիլի պաշտպան սուրբ՝ Ապարեսիտայի Տիրամօր բարեխօսութիւնը, Քահանայապետը իր առաքելական օրհնութիւնը փոխանցեց բոլոր եպիսկոպոսներուն, համագումարի մասնակիցներուն եւ աշխարհի բոլոր ընտանիքներուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2026, 14:30